Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ներկայ ապառողջ պայմաններուն մէջ, մուրճի հարուածները հայ ժողովուրդի պողպատեայ կամքը դարբնելու միջոցներ չեն. «Ազատ օր»

Սեպտեմբեր 21,2021 09:30

2018-ի ժողովրդային շարժումը կանուխէն յուսախաբութիւն պատճառեց, պարզապէս որովհետեւ այսօրուան իշխանաւորները, որոնք լայն խաւերու արդար ցասումի զգացումներուն լոզունգային դրօշակիրներու դերը ուզեցին վերցնել, կանուխէն փաստեցին թէ անցնող երեսուն տարիներու համակարգէն սնած քաղաքական պատեհապաշտներ էին, որոնք «յեղափոխական» պատմուճանը հագած՝ մինչեւ այսօր կը շարունակեն մսխել հայ ժողովուրդի ազատ եւ արդար երկրի մը մէջ ապրելու երազանքը։

Որքան ալ հայ միտքը փորձէ անցեալ տարուան պարտութեան արդիւնքը վերագրել անցնող երեսուն տարիներու աշխարհաքաղաքական, ռազմական, տնտեսական եւ ընկերային սխալ ընտրանքներու, մարդկային պատմութիւնը անողոք կը դառնայ պարտութեան մատնուած օրուան քաղաքական ղեկավարութեան վրայ, այնպէս ինչպէս յաղթանակի ձեռքբերումի մը պարագային, անխուսափելիօրէն օրուան իշխանաւորները պիտի փորձէին դափնիները իրենց գլխուն վրայ տեսնել։

Երեսուն տարի յետոյ Արցախի ազատագրուած հողերու աւելի քան 75% զիջած ըլլալով, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները թափանցած եւ անցակէտեր հաստատած վտանգաւոր իրադրութեան տակ, պարտադրուած թուրքեւհայ նոր խաղաղութեան պայմանագիրի մը ստորագրութեան ճնշումին ներքեւ, թուրքեւատրպէյճանական շարունակական սպառնալիքներով, բայց մանաւանդ հարիւրաւոր հայ գերիներու խնդիրով, Հայաստան կը պատրաստուի թեւակոխել իր անկախութեան նոր տասնամեակը ծանրօրէն վիրաւոր վիճակին մէջ։

Անկախութեան թուականի նշումէն հազիւ քանի մը օր յետոյ, հայ ժողովուրդը պիտի ստիպուի դէմ յանդիման գտնուիլ արցախեան պատերազմի թուականի տարելիցին հետ, յարգանքի տուրք մատուցելով Եռաբլուրի վրայ թաղուած զոհերու յիշատակին, անդին՝ հազարաւոր որդեկորոյս մայրերու ողբը պիտի պատէ հայրենի երկինքը, իսկ Սփիւռքի հայութիւնը անգամ մը եւս լուր արտասուքով պիտի հետեւի սրտաճմլիկ պահերուն։

Հայ ժողովուրդը դիւրաւ կ՚ազդուի պատմական եղելութիւններու հոլովոյթներէն։ Յաղթանակի եւ պարտութեան միջեւ իրերայաջորդ փոփոխութիւնները վերջին 100 տարիներու ընթացքին, յատկանշեցին մեր ժողովուրդի բարոյահոգեբանական ըմբռնումները, ազգային ողբերգութիւններէն դէպի հերոսական հրճուանքները ճախրելու վերիվայրումներով, միշտ զգացական, այլեւ հայրենասիրութեան ու անցեալի պատմական ակունքներուն մէջ միայն մեր ապագան փնտռելու ազդեցութեան տակ։

Հարիւր տարի առաջ՝ բովանդակ ժողովուրդի մը ողբերգութենէն դէպի պանծալի յաղթանակ տարած ուղին, անկէ յետոյ՝ նաեւ մեր արեամբ ձեռք բերուած պետականութեան կորուստին ու հայութեան բեկորներու ցիր ու ցան ըլլալու ահաւոր իրականութիւնը, պատմական դաս չդարձաւ մեր նորանկախ պետականութեան համար։ Շարունակեցինք մսխել մեր պատմութեան գանձարանը, մոռնալով, թէ պետութիւնները իրենց ուղին կը հունաւորեն հիմնուած ըլլալով իրատեսութեան վրայ, արդար կարգերու հաստատումով, աշխահաքաղաքական զարգացումներուն մէջ իրապաշտ մօտեցումով, տարածաշրջանային փոխոխութիւնները իրատեսօրէն կանխագուշակելով, երկրի արհեստագիտական եւ ռազմական հզօրացումով, տնտետական եւ ընկերային զարգացումով։

Անկախութեան օրը «գունագեղ» տօնակատարութիւններով նշելէն ետք եւ իշխանաւորներուն կողմէ անկախութեան վսեմ գաղափարին միայն լոզունգային գունաւորում տուած տօնախմբութենէն անդին, հայ քաղաքական միտքի պարտականութիւնն է՝ արտաքին դաշինքներ ստորագրելու փութկոտութենէն հրաժարելով, նախ եւ առաջ ձեւաւորել նոր տեսակի «դաշինք» մը մեր ժողովուրդին հետ, համաձայնագիր մը, որ խարսխուած պիտի ըլլայ իրատեսական սկզբունքներուն վրայ, ճշմարտութիւնը խօսելու եւ հայութեան աչքերուն մէջ ուղիղ նայելու անկեղծութեամբ, ապագան յստակ տեսնելու եւ ձեւաւորելու քաղաքական պարկեշտութեամբ։

Եթէ հայութիւնը դէպի ապագայ առաջնորդելու իրաւ ուժերու համախմբումը ձախողի, պատմութեան դառնաղէտ կրկնումի մը հաւանականութիւնը հիմնովին պիտի կազմաքանդէ անկախութեան ձեռքբերումին եւ հայոց պետականութեան հիմնաշէնքը։

Ազգային համախմբումը «մուրճի զարկեր»ով չի յաջողիր։ Ներկայ ապառողջ պայմաններուն մէջ, մուրճի հարուածները հայ ժողովուրդի պողպատեայ կամքը դարբնելու միջոցներ չեն, այլ անոր վիրաւոր մարմինին վրայ նոր եւ անբուժելի վէրքեր բանալու չարագործութիւն։
Հայրենի քաղաքական միտքը պարտք ունի պատմական իրապաշտութեամբ արժեւորել ու հարստացնել հայ ժողովուրդի 30-ամեայ անկախութեան գանձարանը։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազատ օր» օրաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930