Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Տարածքային ամբողջականութիւն» ըսելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հասկնան Թուրքիա-Խորհրդային Միութիւն սահմանները ընդունիլ տալ․ «Հայրենիք»

Սեպտեմբեր 11,2021 11:10
turq

Վերջերս, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ակնարկութիւն ըրաւ, որ ներկայիս շրջանին մէջ խաղաղութեան առումով Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կան եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է կարգաւորելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, շուտով՝ Օգոստոս 29-ին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան անդրադարձաւ Փաշինեանի ակնարկութեան՝ նշելով, որ Թուրքիան եւս պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու «աստիճանական կարգաւորման», բայց… այդ «աստիճանական կարգաւորման» համար, Թուրքիոյ ղեկավարը նախապայման նկատեց «կառուցողական մօտեցում ցուցաբերելը»:

Երկրորդ (այս մէկը շատ կարեւոր է թրքական կեցուածքը մեկնաբանելու առումով) կէտը, որ Էրտողան առաջ քշեց, այն է, որ եթէ նոյնիսկ տարակարծութիւններ կան երկու դրացի երկիրներու միջեւ, այդ երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները պէտք է զարգացնել «տարածքային ամբողջականութեան» եւ «գերիշխանութեան» սկզբունքները յարգելու հիման վրայ:

Փորձենք մէկ-մէկ քակել հանգոյցները եւ տեսնել, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզուի այս քանի մը տողերուն մէջ: Էրտողանի այս յայտարարութիւնը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններէն ետք երեւի առաջին ուղղակի եւ յստակ պատգամն է՝ ուղղուած Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, յարաբերութիւններու հաւանական կարգաւորման հեռանկարներուն մասին: Բայց ինչպէս նկատելի էր, 2009-ին, Ցիւրիխի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններու պարագային, նոյնպէս ալ էրտողանեան վերջին յայտարարութեան պարագային, թրքական հռետորաբանութեան մէջ տիրական կը շարունակէ մնալ նախապայմանային տրամաբանութիւնը:

«Յարաբերութիւնը կը կարգաւորենք՝ պայմանով որ»…Միակ նախապայմանը սակայն, որ Ցիւրիխի մէջ կատարուած արձանագրութիւններուն մէջ կար, իսկ հիմա չկայ, Արցախի հարցն է, որ դժբախտաբար 44-օրեայ պատերազմի եւ Նոյեմբեր 9, 2020-ի եռակողմ յայտարարութեամբ, արդէն տարբեր իրավիճակ ստեղծած է:

«Հանգոյցները քակելու» հոլովոյթին մէջ նախ եւ առաջ կը հանդիպինք «կառուցողական ըլլալու» գծով դասին, որ միշտ ալ թրքական ղեկավարութիւններուն կողմէ ուղղուած է Հայաստանի ղեկավարութիւններուն: «Կառուցողական ըլլալ»՝ օգտուելու համար շրջանին մէջ տնտեսական բարգաւաճման հեռանկարներէն: «Կառուցողական ըլլալ»՝ չմեկուսացուելու համար շրջանային տնտեսական եւ ուժանիւթային մեծ ծրագիրներէն, որոնց գործադրումը կամ ծրագրումը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է: «Կառուցողական ըլլալ»՝ օգտուելու համար յառաջիկային երկիրներուն միջեւ հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման «բարիքներէն»: Բայց մեծ հարցումը հո՛ս է, որ ինքզինք կը պարտադրէ: Այս բոլորը ինչի՞ կը յանգեցնեն: Շատ յստակ է, կը յանգեցնեն այն բանին, որ Հայաստանը դառնայ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի տնտեսական շոգեկառքի ետեւի՝ երրորդական, չորրորդական կարեւորութեան կառքերէն մէկը, տնտեսապէս ենթակայ՝ այս երկու պետութիւններուն եւ մասնաւորաբար Թուրքիոյ:

Հիմա գանք Էրտողանի յղած պատգամին կարեւորագոյն ուղերձին, որ կը վերաբերի մէկզմէկու «տարածքային ամբողջականութիւն»-ը եւ «գերիշխանութիւն»-ը յարգելուն: Մէկ խօսքով՝ «տարածքային ամբողջականութիւն» ըսելով Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը հասկնան Թուրքիա-Խորհրդային Միութիւն սահմանները ընդունիլ տալ, պարտադրել Հայաստանի իշխանութիւններուն: Սա ինչ կը նշանակէ: Սա կը նշանակէ նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնաբերաբար պիտի ընդունի 1921-ին ստորագրուած եւ այն ժամանակ Խորհրդային Հայաստանի եւ քեմալական Թուրքիոյ սահմանները որոշած Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները:

 

Ժագ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930