Հայ բնորոշումով հաւաքականութիւնները տեսական կերպով նոյն կը համարուին, բայց պատմութեան պարտադրած զարտուղութիւնները եղած են բազմազան, զարգացնելով տարբերութիւններ, գունաթափելով մէկութիւն ըլլալու նախադրեալներու հիմնաւորումները, պարտադրելով արժեզրկում եւ այլացում:
Առանց հայրենիքի, հայրենիքէ զրկուած եւ հայրենիքէ հեռու ազգ ըլլալու եւ մնալու խարխափում-ողբերգութիւն ապրած է եւ կ’ապրի նոյն ազգի անդամներու ճնշող մեծամասնութիւնը, որ սփիւռքն է. կէս հայ, ծագումով հայ, զգացումով հայ, համայնք:
Կը կարծենք նոյն ըլլալ: Այս շաբաթավերջի զգացում է: Բայց նո՞յն ենք, ինչպէ՞ս նոյն ենք եւ տարբեր: Առարկայականութեամբ եթէ փորձուինք պատասխանել հարցումին, աւելի յստակութեամբ կ’ընթանանք մէկութիւն կարենալ ստեղծելու ճամբուն վրայ:
Փորձենք ցուցակագրել հաւաքականութիւնները եւ անհատները իրարմէ հեռացուցած կացութիւնները եւ ընտրանքները: Այսպէս, Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ, Հայաստանահայ, հայրենահանուածներու եւ արտագաղթածներու սփիւռքներ: Անուանումներ. ռուսահայ, վիրահայ, ուքրայնահայ, իւզպէքահայ, պարսկահայ, պոլսահայ, թրքահայ, լիբանանահայ, սուրիահայ, ֆրանսահայ, յունահայ, իտալահայ, հնդկահայ, ամերիկահայ, արժանթինահայ, եւ ուրիշներ, հիմա այս անուանումները աճած են. գերմանահայ, պելգիահայ, նետերլէնտահայ, աւստրալահայ, նիուզէլէնտատահայ, շուէտահայ, ի հարկէ միշտ զոյգ բաժանումներով. հայրենահանուածներու ժառանգներու եւ Հայաստանէն արտագաղթածներու:
Այս թուումը ամբողջական չէ եւ պիտի չըլլայ, քանի որ կը շարունակուի տարտղնումը, հիւլէացումը, որուն համար ամբոխային տրամաբանութիւնը կ’ըսէ՝ ուր հաց հոն կաց: Հիմա աւելի գիտականացած է տարտղնումի տնտեսական արդարացման բացատրութիւնը, կ’ըսենք՝ լաւ ապրելու իրաւունք:
Նորութիւն ըսած չենք ըլլար, ընելով այն հաստատումը, որ տեւաբար տարածուող եւ աճող սփիւռք(ներ)ի հայերու համրանքը առնուազն երեք անգամ աւելի է հայրենաբնակ հայ ժողովուրդէն:
Այս բոլոր հայերը պարտադրուած են պատշաճիլ իրենց միջավայրին, լաւ ապրելու իրաւունքը կենսագործելու համար: Այսինքն, պատշաճելով, անոնք իրենց հայու ինքնութենէն նուազ կամ առաւել զիջումներ կ’ընեն, պիտի ընեն, որոնք կ’անդրադառնան հայու տեսակի գոյապահպանման: Գինիին ջուր խառնելու պէս, օր մը հասնելու համար հոն, ուր ջուրին մէջ գինիին հետքը այնքան կը նուազի, որ անհետացած կ’ըլլայ, ո՛չ գինիի համ ո՛չ ալ գոյն մնացած կ’ըլլան:
Այդ զիջումները սովորական են, եւ ժամանակի գիծին վրայ անխուսափելիօրէն հետզհետէ աւելի ծաւալ կը ստանան: Կը յառաջանան հասարակաց ինքնութեան կոճղին յարաբերաբար օտարումներ (aliénations). սկսելով լեզուէն, պատմութեան ծանօթութենէն, արմատներու գիտակցութենէն, նոյն հաւաքականութեան պատկանելիութեան պահանջած յանձնառութիւններէն, հասնելու համար բարքերու, աշխարհայեցողութեան եւ աշխարհընկալման հիմնական փոփոխութիւններու: Այս հարթող պատշաճեցումը նախ կ’առաջնորդէ երկուութեան, որ ապա կը յանգի հոն, ուր նոր ինքնութիւն մը կը զարգանայ նախ զուգահեռաբար հայ ազգայինի, բայց այդ նորը ժամանակի ընթացքին ընկերաքաղաքական եւ մշակութային ճնշումի բերումով՝ կ’ըլլայ տիրապետող:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում