Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պարտաւոր ենք լրջանալու եւ կրկնելու. Ազգային ժողովի սրահը կրկէս չէ․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 28,2021 09:30

Ազգային Ժողովի մեծամասնականները, փոխանակ գործի անցնելու եւ, օգտուելով արդէն իսկ մանրամասնօրէն պատրաստուած ծրագիրէն, զայն կիրարկման դիմելու՝ գացած են այլընտրանքի, պարզապէս հակադրուելու եւ
հակադարձելու մանկունակ տրամաբանութեամբ։

Ինչ որ կարելի է տեսնել ու հետեւցնել կառավարութեան պատրաստած ծրագիրէն, անիկա առաւելաբար կիսատ-պռատ ու ամփոփ մտածումներ են, որոնց մեծ մասը բաղձանք է ու ցանկալի երազ, սակայն խորքին մէջ ա՛յնքան
աղիտալի է, որքան 44 օրերու պատերազմին պատահածը։ Նոյնքա՜ն տժգոյն, որքան Նոյեմբեր 9-ի «ինկած» կամ յանձնուած Շուշին։

Անկախ իրականութիւններու հետ աղերս չունեցող ծրագիրներէն, «Քաղաքացիական Պայմանագիր»-ի ներկայացուցիչներուն համար ամէն բան յստակ է։ Ոչ մէկ լայնախոհութիւն կամ հարցադրում, գէթ քննելու համար իրենց պոսին առաջարկներն ու հաստատումները։ Պատկերը կը յիշեցնէ վերածնունդի շրջանի հոլանտացի գեղանկարիչ Փիթըր Պրիւկըլի հռչակաւոր «Կոյրերու Առակը» գործը (որ նաեւ կը կոչուի «Կոյրը կ՛առաջնորդէ կոյրը»): Նկարին մէջ, քանի մը կոյր կը հետեւին կոյր առաջնորդի մը, որ արդէն իսկ փոսի մը մէջ ինկած է։ Յստակ է հետեւորդներուն ճակատագիրը։

Դժբախտաբար, քաղաքական, զինուորական, տնտեսական եւ այլ մարզերու մէջ մտային կոյրի մը կուրօրէն հետեւող հլու կամակատարներ՝ «պայմանագրուած քաղաքացիներ» գրաւած են Ազգային Ժողովի աթոռներուն մեծ մասը եւ այդպէս ալ կը շարունակեն մրցումը, նոր փոսեր որոնելով…

․․․Մրցո՞ւմ. ո՛չ ճատրակի, ո՛չ ալ քայլարշաւի. նախընտրութիւը կ’երթայ ըմբշամարտի, կռփամարտի, բռնցքամարտի, վաղը կրնայ հասնիլ նաեւ․․․յունահռոմէական կամ պարթեւամարական գօտեմարտերու։
Մէկ բան յստակ է. շատ հեռու ենք Ողիմպիական խաղերու ոլորտէն։ Դասակարգային բաժանումներն ալ չեն յարգուիր, յատկապէս երբ հուժկու «ծանր կշիռ»-ի զինուորականներ, որոնց թիւը կրնայ գերազանցել Ազգային Ժողովի ներկայացուցիչներու թիւը, յանկարծ ժողովատեղին «ռինկ»-ի վերածելով՝ սրահ մուտք կը գործեն, իրենց ուժն ու սաստը պարտադրելով «թիթեռնիկ» կշիռի եւ դեռ աւելին, տարբեր սեռի պատկանող ընդդիմադիր պատգամաւորուհիին …
Պարտաւոր ենք լրջանալու եւ կրկնելու. Ազգային ժողովի սրահը կրկէս չէ, այլ իշխանաւորը պէտք է պատրաստ ըլլայ ինքզինք տեսնելու, իր վնասարար քայլերուն հետեւանքները դիտելու ընդդիմադիրներուն կանգնեցուցած հայելիին մէջ, մանաւանդ ըմբռնելու՝ որ կա՛յ պատրուողականութենէ եւ միակողմանի զիչումէ այլ ուղի. միայն այդ ուղիին յարելով է որ կրնայ ունենալ ընդդիմադիրներուն, նաեւ ամբողջ ժողովուրդին գործակցութիւնը:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031