Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պէ՛տք է կասեցնել այս անկումը, մայրամուտը, քայքայումը. «Հայրենիք»

Օգոստոս 21,2021 09:35

Առաջին հերթին՝ անկրկնելի Վահանին բառերով, «կասեցնել մայրամուտը»։ Որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի «մայրամուտ», ու ա՛յդ է, որ կ՚ուզէ կասեցնել Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։

Ի տես փաշինեանական քանդիչ ու աղէտաբեր սանձարձակութիւններուն, ի՞նչ դիրք կը կարծէք որ պէտք է բռնէր Դաշնակցութիւնը։ Բնականաբա՛ր պիտի ընդդիմանար ու դիրք ճշդէր, չէ՞։ Այս կեցուածքը դրսեւորուեցաւ 2019-ի Մայիսի հանրահաւաքին, երբ զգուշացման «դեղին քարտ» ցոյց տրուեցաւ իշխանութիւններուն։

Պատերազմը ու անոր ռազմաքաղաքական ղեկավարումը աղէտի յանգեցուցին։ Արդիւնքները ծանօթ են բոլորիս՝ մարդկային ծանր ու անփոխարինելի կորուստ, Արցախի 75 տոկոսի կորուստ, հազարաւոր տեղահանուածներ, չհաշուած նիւթական ու բնական աղբիւրներ եւ այլ կորուստները (մշակելի հողեր, ջուր, ուժանիւթ եւայլն)։ Սակայն գործընթացը, որ յանգեցուց այս աղէտին, կը պարունակէ հսկայական քանակութեամբ «ինչու»ներու եւ «ինչպէ՞ս եղաւ»ներու հսկայական կոյտ մը, որոնք առաջին հերթին կ՚առնչուին ՔՊական իշխանութեան երկուքուկէսամեայ ապիկար կառավարումին՝ ինչպէս նշեցինք մեր յօդուածին առաջին պարբերութիւններով։

Մեր երկիրը մասնատումի, մեր պետութիւնը քայքայումի, մեր հայրենիքը մայրամուտի ընթացքի մէջ է։ Եւ Դաշնակցութեան կեցուածքը տարբեր բան չի՛ կրնար ըլլալ.- Պէ՛տք է կասեցնել այս անկումը, մայրամուտը, քայքայումը։

Ու այս քայքայման ընթացքը կասեցնելու համար, ամէն բանէ առաջ պէտք է տուն ղրկել գործող իշխանութիւնները, որոնք ուղղակի պատասխանատու են այս աղէտին համար։ Տուն ղրկել զանոնք, այլ ոչ թէ «գործակցութեան» կեղծ ծեքծեքումներ դրսեւորել՝ արագացնելով երկրին կործանումն իսկ, մեղսակից դառնալով այդ գործընթացին։

Ազգը կործանումի առաջնորդած իշխանութիւններուն հետ կարելի չէ՛ գործակցիլ։ Ազգը կործանումէ փրկելու համար անհրաժեշտ է զանոնք հեռացնել։ Այլ օրակարգ չունինք այսօր։ Այս է օրուան հրամայականը Դաշնակցութեան համար, յանուն մեր երկրի փրկութեան, յանուն մեր ժողովուրդի ու ազգի գոյատեւումին։ Այս ընելու համար, պէտք է գործակցիլ բոլոր այն ազգային ուժերուն հետ, որոնք կը կիսեն մեր այս կեցուածքը ու պատրաստ են գործակցելու՝ այս նպատակը իրականացնելու համար։ Այսքան յստակ։

Իսկ մեր տեսակէտները հանրային կերպով բազմիցս բանաձեւուած են Դաշնակցութեան պատասխանատու մարմիններու (Բիւրօ, Գերագոյն Մարմին, Կեդրոնական կոմիտէներ), ու անոնց ներկայացուցիչներուն կողմէ, թէ՛ նախապատերազմեան եւ թէ՛ յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին՝ ըլլան ատոնք յայտարարութիւններ, հարցազրոյցներ, հանրահաւաքներու ընթացքին, կամ խորհրդարանէն ներս ելոյթներ։ Ոչ միայն իւրաքանչիւր դաշնակցականի, այլ նաեւ հայրենիքի փրկութեամբ մտահոգ իւրաքանչիւր հայու համար, ուղղութիւն են ոչ միայն այս ելոյթները, այլեւ «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար կազմին ցուցաբերած կեցուածքները եւ կատարած յայտարարութիւնները Ազգային Ժողովէն ներս թէ անկէ դուրս։

Միացեալ Հայաստան ստեղծելու մեր նպատակը իրագործելու համար, ներկայ հանգրուանին նախ պէտք է ձերբազատուիլ այն բոլոր խոչընդոտներէն, որոնք կ՚արգելակեն մեր ժողովուրդի այս բնական ձգտումը. բայց ամէն բանէ առաջ՝ անոր կենսունակութեան, գոյութենական (existential), եւ վերապրելու, ողջ մնալու (survival) բնական իրաւունքը։ Ու ինչպէս տեսանք ու ամէն օր ականատես կը դառնանք, ներկայ իշխանութիւնները խոչընդոտ են մեր ժողովուրդի վերոնշեալ այս իրաւունքներուն։
Մնացածը հեքիաթներ են։

Վաչէ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031