«…Մենք տարածքներ նուաճելու որեւէ տրամադրութիւն չունենք…»
Այս յայտարարութիւնը կատարեց Նիկոլ Փաշինեան՝ Հայաստանի կառավարութեան 12 Օգոստոսի նիստին, խօսելով բանակի արդիականացման անհրաժեշտութեան մասին …
Հեռու՝ դիմատետրային ընթացիկ գրառման տրամաբանութենէ, որ այլապէս տարբեր հակազդեցութիւն կրնար ունենալ թէ՛ ոճի եւ թէ՛ բառամթերքի առումով, կառավարութեան ղեկավարին այս յայտարարութիւնը յամենայն դէպս առնուազն հպանցիկ նշմարի մը արժանի է, նոյնիսկ եթէ նոր յայտնութիւն մը չէ անոր կողմէ: Այս մօտեցումը լաւագոյնս կ‘ապացուցէ, անգամ մը եւս, մեր եւ իր ու իւրայիններուն միջեւ ազգային-գաղափարական մտածողութեան խորքային տարբերութիւնը:
Անմիջապէս ընդգծեմ, որ մեր-ձեր եզրը այստեղ ոչ մէկ առնչութիւն ունի սեւի ու սպիտակի, դրսեցիի ու ներսեցիի, նախկիններու ու ներկաներու եւ նմանօրինակ բաժանարար անհեթեթ մօտեցումներու հետ, այլ կը վերաբերի քաղաքական միտքի կազմաւորման ու ձեւաւորման երկու հակադիր հոսանքներու, դպրոցներու, եթէ կ‘ուզէք: Նոյն այս սկզբունքով անտեղի է նաեւ այս պարագային ազգային-ապազգային եզրայանգումներու օգտագործումը, որոնց սահմանումը մեր օրերուն դարձած է այնքա՜ն վիճելի:
Կարդացեք նաև
Հիմա, մեկնելով Փաշինեանի տրամաբանութենէն, յստակ է, այլ խօսքով, որ իր ու իր նման մտածողներուն համար (որ քիչ չէ) հայ ժողովուրդը հողային պահանջատիրութիւն չունի Թուրքիայէն ու Ատրպէյճանէն: Մինչ անդին, մենք կը պնդենք հակառակը եւ մեր քաղաքական ամբողջ մտածողութիւնը կ‘ամփոփենք «Հայ Դատ» համապարփակ հայեցակարգին մէջ:
Պէտք չէ զարմանալ Փաշինեանի քաղաքական այս վարքագիծէն: Արցախը Հայաստանին համար բեռ նկատող ու անկէ ամէն գնով ձերբազատելու տրամադիր գործիչը (այս գծով ան ունի գրաւոր թէ բանաւոր մէկէ աւելի արձանագրութիւններ), տասնամեակներ ետք, երբ գործնական առիթը ունեցաւ իրականացնելու իր «առաքելութիւնը», կատարեց զայն 9 նոյեմբերի անձնատուական դաւադիր ստորագրութեամբ: Ուրեմն ինչու՞ զարմանալ, երբ կը յայտարարէ, որ «մենք տարածքներ նուաճելու տրամադրութիւն չունենք», երբ մենք կը յայտարարենք ամենայն համոզումով, բարձրաձայն, որ հողային պահանջ ունինք Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն: Ի դէպ, անոնք սոսկական տարածքներ չեն, այլ՝ սեփական հող, բռնագրաւուած հայրենիք, զորս պիտի չնուաճենք, այլ՝ ազատագրենք: Լեզուամտածողութեան մէ՛ջ իսկ ունինք խորքային տարբերութիւն փաստօրէն, որ բնականաբար հարազատ հայելին է երկու հակադիր յստակ վարքագիծերուն պարագային հաւասարապէս:
Հրաչ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ
Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում