Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հարցը շատ աւելի լուրջ է եւ փշոտ, նոր վտանգները կը կուտակուին օրէ օր․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 14,2021 09:30

Շատեր կը հետեւին Օգոստոս 2-ին սկիզբ առած՝ նորընտիր Ազգային Ժողովի նիստերուն։ Պէտք է ընդունիլ, որ հետեւողը անսպառ համբերութեան կը կարօտի՝ դիմանալու եւ «մարսելու» համար կարգ մը պատահարներ եւ ելոյթներ, յատկապէս երբ բազմիցս կը կատարուին անտեղի միջամտութիւններ, արտայայտութիւններ եւ կ’արձանագրուին տարօրինակ եզրակացութիւններ, որոնք աներկբայօրէն կը մերկացնեն մեծամասնութիւն կազմող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան անդամներուն նպատակը. բաց աչքերով կը տեսնենք, թէ անոնք կը գերադասեն մասնակին՝ իշխանութեան դիրքերուն ամրապնդումը, քան թէ ազգային ընդհանուր շահերը, այլ խօսքով, անոնք հետամուտ են ինքն-իշխանութեան. այսինքն կը նախընտրեն «ինքն ու իր իշխանութիւն»-ը՝ պետութենէն եւ անշուշտ պետականութենէն։

Հանրահռչակ բեմադրիչ Վերնըր Հերցոկ, եթէ լրագրողներու խցիկէն առիթ ունենար մօտէն հետեւելու անցուդարձերուն, վստահաբար անխօս մնալով ականատես պիտի ըլլար այս սոսկալի լռութեան, եւ ոսպնեակի ետին գործի անցնելով, հաւանաբար պատրաստէր այլ գլուխ գործոց վաւերագրական ժապաւէն մը, ներմուծելով իր իմաստուն խօսքերը։ Նիւթէն շեղա՞ծ պիտի ըլլանք, նշելով, որ եթէ տաղանդաւոր պատմող՝ Հերցոկի առիթ ընծայուէր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գործ մը պատրաստելու, հաւանաբար ամենայն բծախնդրութեամբ եւ մեծ յաջողութեամբ պաստառ պիտի հանէր իւրայատուկ եւ ազդեցիկ գործ մը, մոռցնել տալով նախապէս կատարուած քանի մը ձախող փորձերը։

Վերադառնանք Ազգային Ժողովի բեմահարթակ, ուր ընդդիմադիր ճակատի արծարծած եւ ահազանգած հարցերուն դիմաց, գունաւոր են նորելուկ «Մեծամասնականներ»-ուն անտարբերութիւնը, այլամերժութիւնն ու հետեւողական դրժումը։ Այս մօտեցումին եւ գործելաձեւին ցայտուն օրինակներէն են ընդդիմադիր ճակատին վերապահուած՝ երրորդ փոխ նախագահի ընտրութիւնն ու երկրի ճգնաժամին, յատկապէս Արցախի մասին խոր քննարկումները, նոյնինքն հայկական երկրորդ պետութեան՝ Արցախի յատուկ մնայուն յանձնախումբի մը կազմութեան առաջարկին մերժումը. այս հարցերը բազմաթիւ ներկայացուցիչներու կողմէ արժանացան լռութեան, անտարբերութեան եւ մինչեւ իսկ բջիջային հեռաձայնի վրայ թղթախաղով տարուելու։ Նախորդ խորհրդարանին մէջ կային «ուսապարկեր», հիմա՞…

Այո՛, պատգամաւորներուն մեծամասնութիւնը ներկայ էր, սակայն իշխանական խմբակի անդամներէն շատերը հոն էին պարզապէս իբրեւ շնչող էակ, եւ ո՛չ թէ հայրենիքով մտահոգ ներկայացուցիչները ժողովուրդին, որմէ քուէ ստացած ըլլալու փաստով կը յոխորտան օրն ի բուն։ Դուրսէն հետեւողին վարպետօրէն «լօ-լօ» կը կարդան (եւ կը հաւատան թէ կը յաջողին), թէ՝ երկար ժամանակ անցած է պատերազմէն եւ ճգնաժամը յաղթահարուած է, փոխանակ իրատեսօրէն ընդունելու, թէ հարցը շատ աւելի լուրջ է եւ փշոտ, նոր վտանգները կը կուտակուին օրէ օր։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031