Այսօր՝ Երկուշաբթի, 9 Օգոստոս 2021-ին, Յունաստանի վարչապետին, նախագահին եւ արքեպիսկոպոսին յղած իր նամակներուն մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնեց վերջերս Յունաստանի մէջ պատահած եւ տակաւին շարունակուող մեծածաւալ հրդեհներուն գծով։ Նորին Սրբութիւնը միաժամանակ յայտնեց, որ իր աղօթքներուն մէջ կը յիշէ հրդեհներուն պատճառով զոհ գացած յոյն ժողովուրդի զաւակները։