Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայ ժողովուրդը քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին անել թուացող այս փակուղիէն դուրս պիտի գայ իր սերունդին յատուկ խաչակրութեամբ․ «Հայրենիք»

Օգոստոս 07,2021 09:59

Ստորեւ, յապաւումով լոյս կ՛ընծայենք հարցազրոյց մը կատարուած Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆի հետ։

Հ.- Պսակաձեւ ժահրին յաջորդող այս փուլին, ի՞նչ խնդիրներու առջեւ կը գտնուին Եկեղեցին եւ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Պ.- Անկասկած որ վերեւ յիշուած մեր ծրագիրները մեծ օրհնութիւն եղան։ Ազգային Առաջնորդարանը եւ մեր հոգեւոր հովիւները, հոգաբարձութիւններն ու յարակից մարմինները, ընդ որս եւ մեր բոլոր քոյր կազմակերպութիւնները ո՛չ մէկ ջանք խնայեցին պարտադրուած այս առանձնացումը ըստ կարելւոյն նուազագոյնի իջեցնելու։ Այսուհանդերձ, Արիսոտէլեան բնութագրումով՝ մարդը ընկերային կենդանի արարած ըլլալով, օդի շնչառութեան նման պէտք ունի ընկերային կեանքի։

Որքան որ հեռակայ կարգով նորաստեղծ յայտագիրներ իրենց բարերար ազդեցութիւնը ունեցան, անփոխարինելի է ընկերային կեանքի բարիքներու կարօտը՝ Սուրբ Հաղորդութեան մատակարարումը, եկեղեցական եւ ազգային ու մշակութային ձեռնարկներու եւ տօնախմբութիւններու ստեղծած հաւաքական բարիքները։ Այս ամէնքը մաս կը կազմեն մեր լինելութեան՝ որպէս հոգեմտաւոր բանաւոր արարածներ։ Երկնակամարին վրայ յոյսի բարենպաստ ամպերը դժբախտաբար Ժահրային նոր ալիքներու սպառնալիքներու պատճառաւ կը քշուին ու կը տարուին, ուշացնելով ակնկալուած բնականոն կեանքի վերադարձը եւ խորացնելով կորսուածը գտնելու կարօտը։

Ի վերայ այսր ամենայնի, մեր Հայրենիքին ու Արցախի մէջ ստեղծուած ողբերգութեանց եւ Միջին Արեւելքի, յատկապէս Լիբանանեան քաղաքատնտեսական ու ընկերային տագնապին դիմաց, կը գտնուինք անակնկալներով յղի իրադարձութեանց առջեւ։

Հ. Ի՞նչ պատգամ ունիք հաւատացեալներուն։

Պ․ Պատգամէ աւելի, կ՚ուզէի բաժնել Աստուածաշունչ մատեանէն եւ մեր ժողովուրդի փորձառական կեանքէն քաղուած Իմաստութիւնը։

Սաղմոսերգուն իր անձնական կեանքի արհաւիրքին բաժնեկից դարձնելով հանդերձ, մեզ մասնակից կ՚ընէ իր իրապաշտ լաւատեսութեան, երբ կ՚ըսէ․ «Երբոր մահուան որոգայթները զիս պաշարեցին, մահուան աշխարհին տագնապով բռնուեցայ, երբ նեղութիւն եւ անձկութիւն ունեցայ՝ ՏԷՐԸ օգնութեան կանչեցի, ըսելով. «Կ’աղաչեմ, ՏԷ՜Ր, ազատէ՛ զիս»: Բարեգութ է ՏԷՐԸ եւ արդար. մեր Աստուածը կ’ողորմի: ՏԷՐԸ կը պահէ անօգնականը» (Սղ 116.3-5)։

Երբ Յովհաննէս Թումանեան «Յոյսի հայրենիք, լոյսի հայրենիք» կ՛երգէր, իսկութեան մէջ իր ժողովուրդը շրջապատուած էր դառնութեան բաժակը ցմրուր ըմպող մահասփիւռ իրականութեամբ։ Յուսահատութեան այս անդունդին մէջ է, որ Հաւատքով առլցուն եւ մարգարէական շունչով տոգորուած անմահանուն բանաստեղծը հայ երկնակամարը ողողեց Յոյսի եւ Լոյսի շողերով։

Իսկ երբ ականջ տանք հայ աշուղին, անոր սրտի խօսքն է՝ «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ՚երթան, վհատելու չէ, վերջ կ՛ունենան, կու գան ու կ՚երթան»։

Հինգ հազար տարիներու գոյապայքարի մէջ աստուածապարգեւ իր ինքնութիւնը պահպանող հայ ժողովուրդը, ո՛չ մէկ կասկած որ քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդին անել թուացող այս փակուղիէն դուրս պիտի գայ իր սերունդին յատուկ խաչակրութեամբ՝ Յարուցեալին Հաւատքով, բոլոր սուրբերու եւ հերոսներու Յոյսով, եւ իրարօգնութեան Սիրով։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031