Ծանօթ «հնարքներով» 71 աթոռ ապահոված եւ մեծամասնութիւն կազմող «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ական ներկայացուցիչներուն անկիւնէն, բանավէճերը կ՛ընթանան անբովանդակ, առանց էական եւ տագնապալի հարցերու շուրջ խորաթափանց վերլուծման եւ թափանցիկ ախտաճանաչման: Քննարկումներուն հետեւողը հաւանաբար կ’ունենայ այն տպաւորութիւնը, որ ժամանակի կորուստ էին ընդդիմադիր ներկայացուցիչներու ներկայացուցած հարցերը, աղաղակող թերութիւններու եւ բացթողումներու մասին հաշիւ պահանջելն ու ահազանգ հնչեցնելը (պիտի ըսէինք՝ կրկնելը): Իրականութիւնը այն է, որ Փէնի նշած ճշմարտութենէն խուսափելով՝ արդէն հնամաշ դարձած «մութ հաշիւներն» ու մասնակի շահեր կը հետապնդեն ամբոխավար վարչապետին հլու կամակատարները:
Նորելուկ «մեծամասնականներուն» դիմաց, տեղին նշումներ եւ ախտաճանաչումներ կատարող ընդդիմադիր ներկայացուցիչներուն խօսքերը յայտնապէս կը ստանան «ձայն բարբառոյ յանապատի»ի համ: Նոյնքան բացորոշ է այն, որ Ազգային ժողովի պատերէն դուրս գտնուող ժողովուրդը, ուղղակի սփռուող քննարկումներուն ականջալուր եւ ականատես կ’ըլլայ, լուրջ կերպով կը հետեւի բեմահարթակ բարձրացողներուն խօսքերուն եւ կը սկսի իրազեկ դառնալ շատ բանի, որ իրմէ ծածկած էին իշխանութեան մօտիկ քարոզչական մեքենաները, նոյնինքն իշխանաւորները:
…Որքա՞ն արդար էր, եւ ի՞նչ բովանդակութեամբ՝ հիմնականին մէջ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն ուղղուած՝ խորհրդարանի երիցագոյն անդամ Կնեազ Հասանովի այն մտահոգութիւնը, թէ՝ «դուրսի աշխարհը կը հետեւի ժողովէն ներս պատահածներուն»: Այլապէս յարգանքի արժանի Հասանով եւ իրեն թելադրանքներ ուղղողները շա՛տ աւելի մտահոգ պէտք էր ըլլային, պէտք է ըլլա՛ն Ազգային ժողովի պատերէն բաւական հեռու, սահմաններուն վրայ պարզուած իրական սպառնալիքներով ու օր աւուր բազմացող վտանգներով…
Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով է, որ կը շեշտուի խորքը «Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչներէն՝ Արմէն Ռուստամեանի խօսքերուն. «Մենք ասում ենք, որ իրավիճակը գնալով լրջանում է, խորանում են մեր խնդիրները, մարտահրաւէրները գնալով աւելանալու են․․․: Քանի դեռ չենք բացայայտել այս (44-օրեայ պատերազմին. Խմբ.) պարտութեան իրական պատճառները, չենք կանխարգելել պարտութիւնից բխող վտանգները, մենք ո՞նց ենք խօսում ճգնաժամի յաղթահարման մասին»:
Կարդացեք նաև
Ընդդիմադիր ճակատի ներկայացուցիչները առաջին իսկ վայրկեանէն յիշեցուցին, որ եթէ Հայաստանի ու Արցախի ծանր տագնապին լուծում մը պիտի գտնուի, անիկա կը սկսի ինքզինք «վերարտադրած» իշխանական խմբակին քաղաքական հրապարակէն դուրս մղումով, որպէսզի «Հայաստանի մէջ ապագայ կայ» նշմանախօսքը չմնայ սնանկ, այլ երկիրը մտնէ արժանապատիւ խաղաղութեան հետապնդման եւ կորուստներուն վերատիրացման ուղին:
Այսպէս, Ազգային Ժողովի մեկնարկը ազդանշան էր, թէ պայքարի ճամբան երկար է, փշոտ ու կնճռոտ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում