Յունաստանի Ա.Գ. նախարարի նամակը Հայ դատի յանձնախումբին՝ յոյն դեսպանի Շուշի այցելութեան համար
Տեղեակ էք, որ Յունաստանը կը պահէ երկարամեայ գերազանց պատմական եւ բարեկամական կապեր Հայաստանի հետ։ Հայաստանի համար դժուար ժամանակներուն, Յունաստան կանգնեցաւ երկրին եւ անոր ժողովուրդի կողքին։ Ես անձամբ՝ 16 Հոկտեմբեր 2020-ին, այցելեցի Երեւան՝ փոխանցելով զօրակցութեան ուղերձ, այն ժամանակին, երբ պատերազմական գործողութիւնները ծաւալած էին Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին։ Նաեւ, ընդառաջելով մեր երկրին մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններու դիմումին, Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջազգային զարգացման սպասարկութեան համադրումով, Յունաստան իրագործեց մարդասիրական երկու առաքելութիւններ (առողջապահական միջոցներ եւ սնունդ)՝ որոնք կատարուեցան 12 Դեկտեմբեր 2020-ին եւ 8 Յունուար 2021-ին, ցոյց տալով գործնական աջակցութիւն եւ զօրակցութիւն։Նոյն պահուն, ինչպէս ծանօթ է, 1992-էն Յունաստան դիւանագիտական կապեր կը պահէ Ատրպէյճանի հետ։
2020-ի աշնան ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւններու տագնապէն ետք, Յունաստանի դեսպանը այլեւս վերադարձած է Պաքու, ուր իր պատասխանատուութիւններու ծիրէն ներս կապեր կը պահէ հաւատարմագրուած երկրին հետ եւ մօտէն կը հետեւի տեղական զարգացումներուն։ Նաեւ, նկատի առնելով մեր երկրի Եւրոպական Միութեան անդամ ըլլալու հանգամանքը, դեսպանութիւնը իր գործունէութիւնը կը համադրէ մեր գործընկերներուն հետ միասնաբար։ Այս պատճառով ալ, յոյն դեսպանին կողմէ ատրպէյճանական արտաքին գործոց նախարարութեան հրաւէրին ընդունումը նման հրաւէրներու վեց շարունական մերժումներէն ետք, որոնք արդէն ընդունելի դարձած էին եւրոպական այլ դեսպանութիւններէ որեւէ մէկ պարագային կարելի չէ ընդունիլ որպէս հիւրընկալող երկրի տեսակէտներու որդեգրում կամ արարքներու ճանաչում, մանաւանդ՝ «մասնակցութիւն տօնակատարութիւններու»։
Կարդացեք նաև
Այն տեղի ունեցաւ համադրութեամբ անդամ-երկիրներուն, նպատակ ունենալով տեղւոյն վրայ դիտարկելու եւ արձանագրելու եղելութիւնները՝ արտաքին գործոց նախարարութեան ճշգրիտ տեղեկատուութիւն փոխանցելու համար։Կը շարունակենք կանգնիլ ձեր կողքին, մեր միջեւ հաստատուած սերտ գործակցութեան ծիրէն ներս»։