Ցաւոտ եւ հսկայական թղթածրար մը կայ 44օրեայ պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն քննարկման սեղանին վրայ: Հոս ալ կայ նոր խայտառակութիւններու բեմի մը պատրաստութիւնը: Իշխանական կուսակցութիւնը վերջերս լաւ որոշում մը տուաւ, յայտարարելով, որ պիտի կազմուի այդ թղթածրարը քննարկող յանձնախումբ մը, սակայն շուտով ի յայտ եկաւ, թէ ինչի՞ մասին է խօսքը: Իշխանութիւնը կ՛ուզէ այդ յանձնախումբին մէջ առնել արտախորհրդարանական կուսակցութեանց եւ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ (շատ աղէկ), սակայն անոնք պիտի ըլլան իր համախոհները, որոնք հոգ չէ թէ ընտրապայքարի մտան իբրեւ իշխանութեան քննադատներ ու մրցակիցներ (մէկ քանին կազմուած էին վերջին ամիսներուն, բացայայտօրէն իշխանութեան հաշիւներուն ջաղացքին ջուր լեցնելու նպատակով. չենք նպատակադրեր բոլորը նոյն ներկով ներկել, սակայն ընդհանուր պատկերը աղաղակող է, մանաւանդ, որ խնդրոյ կուսակցութիւններուն մեծ մասը կազմուած է քանի մը անձէ, իշխանական խումբին պէս՝ կը դառնայ որոշ անձերու շուրջ):
Ընդդիմադիրները ունին բոլորովին տարբեր մօտեցում եւ առաջադրանք: Անոնք կը յիշեցնեն, որ անկողմնակալ եւ արդար, մասնագէտներէ, իրազեկ անձերէ բաղկացած քննիչ յանձնախումբի մը կազմութիւնը իրենց առաջին պահանջներէն էր պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք: Ընդդիմադիրներն ու խելամիտ մտաւորականներ, հարցերու առարկայական լուծումներու հետամուտներ կը պնդեն, որ պէտք է խուսափիլ Ապրիլեան պատերազմին շուրջ քննութիւն բացած յանձնախումբին կրկնութենէն, որովհետեւ հոն առաւելաբար ջուր ծեծուեցաւ եւ լեռը մուկ մ՛իսկ չծնաւ (մոռցուած է նաեւ «Մարտ մէկի ծալքերը բացուած են» հաւաստիքները…): Փաստօրէն իշխանութեան պատրաստած շրջագիծով նման յանձնախումբի մը կազմութիւնը նախատեսել կու տայ, որ ճիգ պիտի ըլլայ (ինչպէս կ՛ըլլայ պատերազմի օրերէն ի վեր) ծածկել իրականութիւնները, իշխանաւորն ու շրջանակը անմեղ ընդունիլ տալ, վերստին բեմ բարձրացնելով այն երգերը, թէ «նախկիններն են ամբողջական պատասխանատուն», նոր էջ պիտի բացուի «վհուկներու հետապնդման» արշաւին մէջ:
Նախկիններուն մեղքերը եւ յանցանքները բաւական ծանօթ են, սակայն ծանօթ են նաեւ պատերազմի, յետպատերազմեան եւ նախընթաց կարճ փուլի իրականութիւնները: Արդեօք վաղը նոր հնա՞րք մըն ալ հրապարակ պիտի նետուի, թէ՝ Սիւնիքէն եւ Գեղարքունիքէն ներս ազերիական թափանցումներն ալ «նախկինները» պատրաստած են, պատերազմին յաջորդած ամիսներուն խափանած են սահմաններու ամրացումը, անոր համար ալ մեղքի մեծագոյն բաժինը կը կրեն: (Չմոռնանք, որ «Սեւ լիճին համար պատերազմ մղել չ՛արժեր», իսկ Սիւնիքին եւ Գեղարքունիքին համա՞ր…):
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում