Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Խանասորի արշաւանքի 124-ամեակի ոգեկոչում Կիպրոսի մէջ

Հուլիս 25,2021 23:25

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէին եւ յարակից միութիւններուն Խանասորի Արշաւանքի 124-ամեակի պատշաճ ոգեկոչում-հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 24 յուլիսի 2021, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, Նիկոսիոյ Հ․Ե․Մ․-Հ․Մ․Ը․Մ․ Մարզադաշտի մէջ։ Հանդիսութեան ներկայ էին Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք Տողրամաճեան,  Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Մոմիկ Քհյն․ Հապէշեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ ընկ․ Սեւակ Կիւրիւնլեան, Երեսփոխանական ժողովի անդամներ, Համազգայինի վարչութեան ատենապետ ընկ․ Արթօ Դաւիթեան, Հ․Օ․Մ-ի անդամուհիներ եւ Կիպրահայ գաղութի անդամներ։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Կիպրոսի ՀՅԴ Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ․Սիմոն Այնէճեանի բացման խօսքով։ Պատանեկան միութենէն երեք կրտսեր պատանիներ Արինէ Մանուկեան, Միքայէլ եւ Կարեն․ Սարգսեաններ ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Քիչ ենք, բայց Հայ ենք» բանաստեղծութիւնը։ Ապա, Հայ Դատի գրասենեակի ատենապետ ընկ․ Յակոբ Գազանճեան ներկայացուց օրուայ բանախօսը՝ Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար, Աստուածաբանութեան դոկտոր, գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը։

Դոկտ․ Ճէպէճեան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Խանասորի Արշաւանքի պատմականը, լուսարձակի տակ առնելով յատկանշական իրադարձութիւններ պատմական դէպքին առնչութեամբ։ Ան մատնանշեց հայ քաջամարտիկներու ազգային ինքնութեան, նուիրումի եւ հաւատքի ոգին, որ անոնք կատարելութեան ամենաբարձր իրավիճակին հասցուցին՝ ֆիզիքական նահատակութեամբ, առանց երբեք սակարկելու իրենց համոզմունքը։ Դոկտ. Ճէպէճեան վեր առաւ պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթները ընդգծելով, թէ « Պատմութիւնը ունի շարունակական ընթացք եւ ընդունուած իրականութիւն է, որ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ։ Եւ այս իմաստով անհրաժեշտ է, որ Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը պէտք է դիտել եւ վեր առնել իր ամբողջութեան մէջ՝ մինչեւ ներկայ ժամանակները»։

Դոկտ. Ճէպէճեան կամրջեց Խանասորի Արշաւանքի իրադարձութիւնը ներկայ օրերու հայաշխարհի իրականութեանը հետ եւ ընդգծեց հայուն կեանքի ներկայ օրերու մէջէն վեր կանգնելու անհրաժեշտութիւնը 44-օրեայ պատերազմէն ետք։ «Հայ ժողովուրդի ամբողջ պատմութեան ընթացքին, ամէն ձախողութենէ ետք մի՛շտ յաջորդած է յաջողութիւն։ Եւ այս անգամ ալ, հայը պիտի յաջողի դուրս գալ իր այս դժուար կացութենէն» ըսաւ ան։ Ան կարեւորեց բարոյական եւ ազգային արժէքներու եւ կենցաղի համակարգ մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Արցախի ներկայ տարածքի պահպանման կարեւորութիւնը եւ վերատիրանալու գէթ ԼՂԻՄԻ սահմաններուն։ Ան նոյնպէս կարեւորեց սփիւռքի կարողականութիւնը եւ ընդգծեց նոր ռազմավարութիւն մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք յարաբերութեան մէջ։ «Հայը ունի միտք եւ պատրաստուած մարդկային ներուժ։ Անհրաժեշտ է, որ կարենանք համադրել մեր մտաւոր բոլոր մասնագիտական կարողութիւնները եւ ներմուծել զանոնք մեր հայրենիքի կեանքին մէջ» ըսաւ ան։

Դոկտ. Ճէպէճեան եզրափակեց իր խօսքը շեշտելով միասնականութեան հրամայականին վրայ, որպէս գլխաւոր երաշխիք հայուն դիմագրաւելու ներկայ ճգնաժամները։ «Մենք մի՛շտ պարտինք յիշել, որ ցեղասպանուած ժողովուրդ ենք եւ միասնականութիւնը մեզի համար միակ ուղին է մեր ազգային եւ հաւաքական կեանքը կերտելու եւ ապահովելու մեր պատմութեան շարունակականութեան ընթացքը» եզրափակեց ան։

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, Համազգային «Սիփան» պարախումբ համալրեց երեկոն մարտական պարով մը, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հանդէս եկաւ փակման խրախուսիչ խօսքով։ խնամուած եւ բծախնդրութեամբ պատրաստուած յայտագիրը, վերջ գտաւ «Կարկուտ տեղաց Խանասորայ դաշտումը» երգով։

ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹՅՈՒՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031