Ծանօթներիցս մէկն անցեալ տարի հետաքրքիր միտք յայտնեց. «Եթէ Հայաստանում ընտրութիւններին 10.000 դրամ փող էր բաժանուում, պարզ չի՞, որ այդ իմացել են նաեւ մեր թշնամիները: Եթէ առանձին մարդը ծախուում է այդքան գումարով, ապա կարելի է միլիոնաւոր դոլարներ ծախսել եւ գնել ողջ Հայաստանը»:
Աւետիք Իշխանեան
Հետաքրքրականէ աւելի հետաքրքրաշարժ են Սահմանադրական Դատարանի նիստերը, եթէ հայ չէք, իսկ եթէ հայ էք պարզապէս կը տխրիք, կը յուսահատիք, լսելով «մերկացումներ»ը եւ «արդարացումներ»ը:
Այդ «մերկացումներ»ը զանազան եղանակներով կը կատարուին նաեւ սփիւռքի մէջ, նոյնքան եւ աւելի բուռն շարահիւսումներով, որոնք աւելի հաւաստի կը թուին ըլլալ ըստ իրենց բրտութեան եւ չափազանցութեան:
Կարդացեք նաև
Սահմանադրական Դատարանի առջեւ կը յայտարարուի, որ նոյն հասցէի բնակարանէն հարիւրէ աւելի քուէարկողներ եղած են: Իսկ սփիւռքի ոճիր-արկածի վէպի խանդավառ հեղինակի պէս խօսողներ կ’ըսեն, թէ 44օրեայ պատերազմէն առաջ արդէն «Ղարաբաղը ծախուած էր», կամ Ռոբերտ Քոչարեանը «հայ չէ, ազերի է»… Իսկ ոմանք ալ կը խօսին խենէշ պատիժներու մասին, զորս չեմ մէջբերեր:
Վաղը, այս տողերը կարդացողը կրնայ զանոնք «մշակել», մանրասնութիւններ աւելցնել, եւ կ’ունենանք ԻԱ դարու առասպելական նոր գրականութիւն, որ պարտութիւն եւ անկարողութիւն կը դարմանէ զանոնք կրկնելով, զարդարելով, տարածելով: Լեզուագարութիւնները աճեցնելով, կը կորսնցնենք իրատեսութիւն եւ ողջախոհութիւն, քանի լսուող հեղինակութիւն(ներ) չկայ, ամէն մարդ իրաւունք ունի, ամէն մարդ ճիշդ է, այսինքն՝ հաւաքաբար սխալ ենք:
Կան նաեւ կոշկոռ կապած քինախնդրութիւններով հիւանդներ, որոնք թիրախ կը փնտռեն դառնութիւն յագեցնելու, մոռնալով ամէն կարգի բարոյական եւ պատշաճութիւն, կը ծառայեն չես գիտեր ո՞ր նպատակին, եւ չբաւարարուելով քննադատութեամբ եւ ցեխարձակումով անգամ, նեխած հայհոյանքներ կը տարածեն համացանցով: Հայհոյանքը կրնա՞յ պաշտպանութեան փաստարկ ըլլալ նոյնիսկ պաշտպանեալին:
Անմահն Յակոբ Պարոնեան իր բառարանին մէջ հայհոյանքին դիմաց գրած էր՝ փաստի սով:
Ո՞ւր փնտռել մէկութիւն, միասնութիւն, հայկական հաւատարմութիւն:
Այս հարցերու մասին կը մտածէի, դժբախտաբար առանձնութեանս մէջ, քանի որ անկարելի դարձած է ազգային մտահոգութիւններու մասին խօսիլ եւ խորհրդակցիլ ծանօթի եւ բարեկամի հետ: Հրապարակը այնքա՜ն խառնակ է, միտքերը այնքա՜ն պղտորած են, աջ դառնաս թէ ձախ: Այս վիճակին մէջ էի, երբ համացանցի «Հրապարակ»ի կայքէջին վրայ հանդիպեցայ Աւետիք Իշխանեանի ՓՈ՛Ղ, ՓՈ՛Ղ, ՓՈ՛Ղ խորագրուած յօդուածին: Ոմանց համար մեղանչում է Ա. Իշխանեանի անունը յիշել, գրածը ընթերցել: Բայց Ա. Իշխանեան գէթ կը փորձէ իրականութիւնը նշդրակել:
Ա. Իշխանեան Հայաստան կ’ապրի, իրաւապաշտպան է, Հելսինկեան կոմիտէի նախագահ, մեզմէ աւելի տեղեակ հայաստանեան իրականութեան, գէթ մեզի չափ հայրենասէր է եւ իրատես: Կրնանք միշտ համաձայն չըլլալ իր գրածին եւ ըսածին, բայց պարկեշտութիւնը կը պահանջէ, որ առանց կանխակալ կարծիքի զինք լսենք:
Յօդուածը լոյս տեսած է Յուլիս 12-ին:
Ա. Իշխանեան կ’ըսէ, որ Եւրոմիութիւնը «յառաջիկայ 4-5 տարիների ընթացքում Հայաստանին կը տրամադրի շուրջ 2,5 միլեառ եւրոյի օգնութիւն : Այս լուրը հանրութեան կողմից տարաբնոյթ մեկնաբանութիւնների արժանացաւ: Ոմանք այն դիտարկում են, որպէս Արցախի գին եւ հակառուսական նախագիծ (ընդգծ. Յ.Պ)»: «… Հակառակ բեւեռը… ոգեւորուած համեմատութիւններ է անում, մինչ այժմ Ռուսաստանի եւ Արեւմուտքի՝ Հայաստանում կատարած ներդրումների միջեւ եւ յիշում յայտնի ՛՛գոյք պարտքի դիմաց՛՛ գործարքը եւ ահա՝ Արեւմուտքի անշահախնդիր սէրն ու օգնութիւնը Հայաստանի հանդէպ»:
Ինչո՞ւ կ’ըլլայ այս օգնութիւնը: Ա. Իշխանեան կ’ըսէ. «…պնդում են իրենց տեսակէտը. Հայաստանը պէտք է դուրս գայ ՀԱՊԿից (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութիւն, Յ.Պ.), ԵԱՏՄ-ից (Եւրասիական տնտեսական միութիւն, Յ.Պ.), պահանջի հեռացնել ռուսական ռազմաբազան (ռազմական խարիսխը, Յ.Պ.) եւ ռուս սահմանապահներին, մերձենայ Արեւմուտքին, դառնալով ՆԱԹՕ-ի անդամ, այսինքն՝ Թուրքիոյ գործընկերը (ընդգծ. Յ.Պ.)»:
Յ. Պ.
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում