Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնապէս կը մնայ անտէր եւ անտիրական, անգլուխ․ «Հայրենիք»

Հուլիս 17,2021 09:40

Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ երկրի մը արտաքին գործոց նախարարութիւնը նո՛յնքան առաջնահերթ է, որքան ներքինը, պաշտպանութեանն ու այլ բանալի նախարարութիւններ: Արտաքին բեմին վրայ, յարաբերական աշխատանքը, իր լոպիինկով, փրոթոքոլային յարաբերութիւններով եւ հասարակական կապերով (PR .- Public Relations) անխուսափելիօրէն ու բացառապէս մեծ դերակատարութիւն եւ ազդեցութիւն ունի քաղաքական անցուդարձերուն եւ իրադարձութիւններուն վրայ:

Դիւանագիտական ճկուն գործունէութիւնը կրնայ նոյնիսկ լուծել հանգոյցներ, անել կացութիւններ եւ անլուծելի երեւցող հարցեր:
Արտաքին գործոց նախարարութիւն մը կրնայ ժամանակավրէպ (obsolete) դառնալ միայն ու միայն այն ատեն, երբ աշխարհը դառնայ… մէկ երկիր: Աներեւեկայելի կացութիւն մը, Ճոն Լեննընեան «Imagine» մը, որ գոյութիւն ունի միայն իբրեւ երգ եւ երազ: Նոյնքան անիրականանալի է, երբ երկիր մը կարենայ գրաւել աշխարհը, ստեղծելով ամբողջական մենատիրութիւն մը (Հիթլէրի փորձը անոնցմէ էր): Երբ չկան բազմաթիւ երկիրներ, ալ ի՞նչ խօսք ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ հասկացութեան մասին: Եւ սակայն, Հայաստան ներկայ բարդ աշխարհին մէջ գործնապէս նսեմացուցած է արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտը, աւելի քան մէկ ու կէս ամիսէ ի վեր արտաքին գործոց նախարար չունի (չխօսինք բանակին նսեմացման մասին):

Աւելի մելան չհոսեցնենք եւ անհիմն ու անհեթեթ օրինակներ չներկայացնենք, բացատրելու համար դիւանագիտութեան գործօնին՝ նախարարով մը օժտուած արտաքին գործոց նախարարութեան ոլորտին կարեւորութիւնը:
Աւելորդ չ’ըլլար, եթէ կրկնենք, որ դժբախտաբար տարապայման շաբաթները իրարու վրայ կուտակուեցան, կազմեցին ամիսներ. 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Մնացականեան մը «խոյս տուաւ», շուտով գտնուեցաւ փոխնորդ Այվազեան մը, մի՛շտ ծածկելու համար անտիրութեան դաժան իրականութիւնը. եւ ահա, այս տարուան Մայիսի վերջերէն ի վեր, այդ ալ՝ յետպատերազմեան արտակարգ կացութեան մէջ, պետութեան ամենակարեւոր կառոյցներէն՝ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը գործնապէս կը մնայ անտէր եւ անտիրական, անգլուխ:

Կ’արժէ անգամ մը եւս հնչեցնել հրաժարեալ նախարար Արա Այվազեանի հրաժեշտի ահազանգային խօսքերը. «Հ.Հ. արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի կրնար համաձայնութիւն տալ գաղափարներու, որոնք մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են… Հրաժարականի որոշումս պայմանաւորուած էր ճիշդ այդ պատճառով, որպէսզի երբեք որեւէ կասկած չըլլայ, թէ այս նախարարութիւնը կրնայ ինչ–որ քայլ կատարել կամ համաձայնութիւն տալ ինչ–որ գաղափարներու, նախաձեռնութիւններու, որոնք մեր պետականութեան, մեր ազգային եւ պետական շահերուն դէմ եղած են»։ Այս խօսքերը ահաւասիկ նոր հնչեղութիւն կը ստանան օտար դիւանագէտներու Շուշի այցելութեան լոյսին տակ, երբ Հայաստան գործնապէս կը մնայ… անգործ, կը բաւականանայ յուշագիր մը բաժնելով հիւր դիւանագէտներու: Իսկ պէ՞տք է նաեւ յիշեցնենք, որ երկու ամիսէ ի վեր, աւելի քան հազար ազերի զինուոր առօք-փառոք նստած են Հայաստանի հողերուն վրայ, եւ Երեւանի մէջ խօսքն իսկ կ’արձակուի տկար(ամիտ)ի տրամաբանութեամբ:

Ատրպէյճան պիտի շարունակէ շատ աւելի յարձակողական ձեւով իր քարոզչական գործունէութիւնը, հայկական հողերու իւրացման նուիրականացումը. նոր քարտէսներ «շուկայ կը հանէ», ցոյց տալու համար, որ Հայաստանէն որքա՜ն տարածքներ խլելու ծրագիրներ ունի: Ասդին, Երեւանի դիւանագիտութիւնը թմբիրի մէջ է եւ թմրեցուցիչի մոլիի մը անիրական երանութիւնը կ’ապրի կարծէք, իսկ բանալի նախարարի աթոռն ալ կը պահուի թափուր:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031