Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Աշխարհն ու մեր թշնամիները՝ իրենց ճամբով, Հայաստանն ու «վերանորոգուելու» պատրաստուող իշխանութիւնը՝ իրե՛նց ճամբով․ «Հայրենիք»

Հուլիս 03,2021 10:56

Աշխարհն ու մեր թշնամիները՝ իրենց ճամբով, Հայաստանն ու «վերանորոգուելու» պատրաստուող իշխանութիւնը՝ իրե՛նց ճամբով: Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մասնակի կամ լիակատար խզում կայ ասոնց միջեւ: Խօսինք օրինակներով:

Ա. Ատրպէյճանի մէջ, գերի բռնուած հայորդիներ դատավարութեան կ’ենթարկուին, տասնեակ տարիներու բանտարկութեան վճիռներ կը ստանան: Հայաստանի մէջ «թող երկու ամիս ալ համբերեն»ի տրամաբանութիւնը (չըսելու համար անկարողութիւն, անտարբերութիւն եւ… համբակութիւն մատնող կրաւորականութիւնը) կը մնայ տիրապետող: Ազգային ժողովը, 30 Յունիսին իր բացած՝ ԱՐՏԱԿԱՐԳ նստաշրջանին, օրականգին վրայ չունէր գերիներու հարցը, ո՛չ ալ այլ հրատապ, խայթող հարցեր: Միայն «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ներկայացուցիչ Նայիրա Զոհրապեանը (որ նոր վերադարձած է Եւրոպական Միութեան հետ բանակցութիւններէ) «անհանդուրժելի» որակեց Ատրպէյճանի կեցուածքը եւ կոչ ուղղեց գործնական հակազդեցութիւններու դիմելու (տեսնենք լսող պիտի ըլլա՞յ): Արդեօք գերիներու եւ սահմանային թնճուկներուն յարուցած տագնապները ըստ բաւականին հրատապ չե՞ն, որ տեղ չունենան ԱՐՏԱԿԱՐԳ նստաշրջանի օրակարգին վրայ: Պէ՞տք է բաւականանալ եւ ձեռքերը գոհունակութեամբ շփել, երբ եւրոպացի կամ ամերիկացի այս կամ այն ներկայացուցիչը հնչեցնէ գերիներու վերադարձին պահանջը: Այո՛, կան ԸՆԹԱՑԻԿ, կարեւոր, լուծման սպասող հարցեր (ապօրինի շինութիւններ, պիւտճէական հարցեր, մանկապարտէզներ), սակայն երբ տուեալ իրողութիւններուն լոյսին տակ կը յայտարարուի ԱՐՏԱՀԵՐԹ ՆԻՍՏ, եւ քննարկուող հարցերուն շարքին կ’ըլլայ հայկական ժապաւէններու ասպարէզը յուզող հարց մը… Սա միայն նախաճաշակ մըն է, թէ ի՛նչ պէտք է սպասել նոր խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն ունենալ յաւակնողէն:

Բ. Վերջին քանի մը շաբաթներուն, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մէկէ աւելի անգամ միացեալ ռազմափորձ կատարեցին Նախիջեւանի եւ «մայր» Ազրպէյճանի մէջ: Ազրպէյճան կը յայտարարէ, թէ որոշած է բանակի զինուորներուն թիւը բարձրացնել, սպառազինութիւնը աւելցնել, թրքական զօրակայաններ կը ծրագրուին ազերիական հողերու, նաեւ՝ Արցախէն խլուած հողերուն վրայ: Հայաստանի իշխանաւորները փող ու թմբուկ գործի լծած են՝ «արհեստավարժ բանակ» կազմելու, բանակային ծառայութեան ժամանակաշրջանը եւ նոյնինքն բանակը կրճատելու քարոզչութեամբ, կը խոստանան զինուորագրուողները սահման չտանիլ, ո՛չ ալ՝ Արցախ (Շուշիի «դժբախտութիւնն ու տժգունութիւն»ը հիմա կը տարածուի ամբողջ Արցախի վրայ): Չէ՞ որ Հայաստանի՛ սահմաններուն պաշտպանութիւնն ալ ռուսերուն պարտականութիւնն է, ու եթէ չընեն, կը պահանջենք, որ հեռանան Հայաստանէն, կը սպառնանք երթալ-նետուիլ ՆԱԹՕ-ին գիրկը…

Գ. Արցախի մէջ ծրագիր մշակեր են, որ տեղահանուածներու համար կառուցուին վեց հազար բնակարան: Անկասկած որ ողջունելի ծրագիր է: Անդին, ո՛չ մէկ խօսք, թէ արդեօք մտածող կա՞յ որ տեղահանուածները Շուշի, Հատրութ, Քելբաջար եւ այլ բռնագրաւեալ շրջաններ է վերադարձուին: Խլուած շրջաններուն մէջ շինարարութիւնը ազերիներուն վստահուած է՝ առանց հայու Արցախ ունենալու հեռանկարներով: Վաղը, նոյն տրամաբանութեամբ, կրնան նաեւ Հայաստանի սահմանները բանալ թրքական ներդումներու առջեւ, յետոյ «դրամի մէջ կը լողանք»… Հայաստանը իրողապէս եւ իրաւապէս կորսնցնելով):

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝  «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հուլիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Օգո »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031