Հայաստանի խորհրդարանական արտահերթ ընտրութեան յառաջացուցած խնդիրները հասկնալու եւ բացատրելու ճիգ ըրի: Հետեւեցայ լրատուամիջոցներուն, թեր ու դէմ կարծիքներուն, քննադատութիւններուն, ընտրապայքարի ընթացքին «օգտագործուած միջոցներուն», ինչպէս ըսուեցաւ եւ գրուեցաւ «մանիպուլացիա»ներուն (բառարան մը կ’ըսէր՝ ձեռնավարութիւն):
Ժողովրդավարական ընտրութիւն մը արդար չի կրնար ըլլալ, եթէ կողմերէն մէկը օգտագործէ պետական միջոցները (ռըսուրսները), միւսները չունենան այդ հնարաւորութիւնները: Այսինքն՝ մրցակցական պայմանները կը դադրին նոյնը ըլլալէ, կը խախտի ժողովրդավարութեան հաւասարութեան սկզբունքը: Երեւոյթը կոչեցէ՛ք ինչպէս որ ուզէք, չարաշահում կամ բռնապետութիւն:
Զարմանքով կը հետուէի վարչապետի թեկնածու վարչապետի պաշտօնակատարի ոստիկանական բազմաթիւ կառքերու ընկերակցութեամբ տեղափոխութիւններուն եւ լրատուամիջոցներու այն տեղեկութիւններուն, որոնք բազմիցս կը յիշատակէին, որ պետական-վարչական կառոյցները ճնշումներ կը բանեցնէին տարբեր կողմնորոշում ունեցող ընտրող քաղաքացիին վրայ, գործէ արձակուող ուսուցիչներէն մինչեւ պաշտօնեաներ, ծեծի ենթարկուող համայնքապետներ:
Ինչո՞ւ ընտրապայքարի մէջ եղող թեկնածու եւ միեւնոյն ժամանակ վարչապետի պաշտօնակատար անձը ոստիկանական ջոկատներով պիտի տեղափոխուէր ընտրապայքարի համար, ինչո՞ւ միւս քսանչորս նոյն պաշտօնին թեկնածուները այդ առաւելութենէն պիտի զրկուէին: Անոնց զրկուած ըլլալը բնական է, անբնական է առաջինի իրականացուցած հանգամանքի չարաշահումը:
Կարդացեք նաև
Այս բացասականութեան չհակազդեցին ո՛չ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը, ո՛չ դատարանները եւ ոչ ալ օրինապահ մարմինները, թերացան ի տես եւ ի լուր բացայայտ խախտումներուն: Թերացո՞ւմ, մեղսակցութի՞ւն, պետական պաշտօնեայի անպատասխանատուութի՞ւն…
Այս պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կրնան, պետական դէմքեր, լրագրողներ եւ քաղաքական մեկնաբաններ բանիմացի պէս յայտարարել, որ ժողովրդավարութիւնը յաղթեց: Ոչ ոք կրնայ չքմեղանալ եւ ըսել, որ տեղեակ չէր: Իսկ անհատի մը կողմէ պետական միջոցներու չարաշահումը, ան ըլլայ նիւթական, զինուորական թէ լրատուական, ժողովրդավարութեան եւ հաւասարութեան ժխտման ախտանիշ է: Այդպէս սկսած եւ տեւած են մենատիրութիւնները եւ բռնապետութիւնները, որոնք իրենք զիրենք պահած եւ պարտադրած են զինեալներու նեցուկով, բանակ, ոստիկանութիւն, այլազան սպասարկութիւններ, թիկնապահներու յատուկ ջոկատներ:
Այս բոլոր խախտումները, խաղքութիւնները, մեղսակցութիւնները, բացայայտ են, նկարահանուած են, մամուլը խօսած է: Կարծէք նոյնիսկ սովորական երեւոյթ կը համարուի իշխանութեան մը կողմէ կողմնապաշտական նպատակներով պետական կարելիութիւններու օգտագործումը:
Զարմանալի կը գտնեմ զանգուածի անտարբերութիւնը, ընդվզումի պակասը եւ անզգայութիւնը նախ ծանրագոյն հետեւանքներով պարտութեան մը եւ նոյն պարտութեան առաջնորդած ղեկավարութեան մը նկատմամբ, նաեւ, նոյն այդ իշխանութեան կողմէ պետական միջոցներու անօրինական եւ բացայայտ չարաշահման դիմաց, որ կը խախտէ ժողովրդավարական հաւասարութեան պայմանները:
Նման պարագաներու բացատրութեան բանալին պէտք է փնտռել ստեղծուած համակարգի նկարագրին մէջ:
Այսինքն համակարգը, իշխանութիւնը, իր տրամադրութեան տակ եղած բոլոր միջոցներու օգտագործումով, ինքզինք կը պարտադրէ ուժով, պառակտում յառաջացնելով, ամբոխահաճութեամբ, անձնակացնելով պետութիւնը, որ միշտ յանգած է բռնապետութեան: Այդ մասին կը վկայէ պատմութիւնը, հիներէն մինչեւ Ստալին, Չաուչեսքու, գաղութարարութեան աւարտէն եւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք յառաջացած բազմաթիւ պետութիւններ:
Հարկ է խօսիլ, մեր երկրի անմիջական պատմութեան մէջ, պետութեան անձնականացման մասին: Վարչապետը, բարեկամի կամ թշնամիի հետ երկրի ճակատագիրը կնքող համաձայնութիւն ստորագրելէ առաջ պարտաւոր էր գործադիրը եւ օրէնսդիրը, կառավարութիւնը եւ Ազգային Ժողովը, տեղեակ պահել, ունենալ անոնց համաձայնութիւնը:
Երբ կառավարութեան անդամները կ’ըսեն, թէ կարեւոր որոշումներու կայացման մասին կը լսեն մամուլէն, պարզ կը դառնայ եզրակացութիւնը, որ համակարգի բնոյթը փոխուած է, դադրած է ժողովրդավարական ըլլալէ, եւ կ’ընթանայ դէպի բացարձակատիրութիւն, բռնապետութիւն, մենատիրութիւն:
Այս բնորոշումները կարելի է վիճարկել, բայց կարելի չէ չտեսնել այն, որ ժողովրդավարական միշտ փխրուն համակարգը փուլ եկած է:
Խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքները հարցականի տակ են, քանի որ բողոքներ կան, անոնք պիտի ներկայացուին Սահմանադրական Դատարան: Այս դիմումը կը վկայէ այն մասին, որ ընտրուած է Ազգային Ժողով մը, որ եթէ մնայ այնպէս ինչպէս որ է, յառաջիկայ տարիներուն որպէս կուզ պիտի կրէ անվաւեր ըլլալու կասկածը, վէճերը պիտի շարունակուին, պարտութեան ենթարկուած եւ բազմաթիւ դժուարութիւններու դիմաց կանգնած երկրի մը մէջ:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում