Անցնող, բայց տակաւին չաւարտած այս տասնօրեակը ուշագրաւ էր համաշխարհային քաղաքական անցուդարձերու առումով:
Թուարկեմ միքանին խոշորագոյն իրադարձութիւններէն.-
ա) Գերզարգացած եւ «ակումբ» գոյացուցած 7 պետութիւնները աշխարհին՝ Մ. Նահանգներ, Միացեալ Թագաւորութիւն, Ֆրանսա, Գերմանիա, Իտալիա, Ճափոն եւ Քանատա հաւաքուեցան ու իրենց քաղաքական շահերուն համապատասխան ներդաշնակ ծրագրեր մշակեցին, որոշումներ կայացուցին:
բ) Մ. Նահանգներու եւ Ռուսաստանեան Դաշնային Հանրապետութեան պետերը գլուխ գլխի հանդիպեցան եւ քննարկեցին իրենց խնդրայարոյց հարցերէն – տուեալ պահուն յարմարող – ամէնակարեւորները:
գ) Վիեննայի մէջ Իրանի հետ հիւլիական ուժանիւթին շուրջ բանակցութիւնները լաւատեսական սկսան դառնալ:
դ) Թուրքիոյ վարչապետը իր երկիրը նոր յաւակնութիւններու ներկայացուց:
ե) Երկրագունդի բնապահպանութեան խնդրով դրական նոր տրամադրութիւններ բարձրաձայնուեցան:
զ) Covid-19 համաճարակի փորձառութեան լոյսին տակ վերոյիշեալ եօթնեակը նախազգուշական քայլերու ծրագրային ուղեգիծ նախաձեռնեց:
է) Բացայայտօրէն դրսեւորուեցան եօթնեակին հակա-Չինաստան ընթացքը եւ ճիգը՝ սիրաշահելու Ռուսաստանն ու Իրանը:
Ը) Multinational Corporationsը ենթակայ դարձան աննախընթաց տուրքերու:
Յստակ էր սակայն, որ եօթնեակը + Իրանը, Ռուսաստանը, Թուրքիան + երկիրներ որոնք իբրեւ դէտ կամ մասնակի մասնակիցներ, կողմնակի կամ լուսանցքէն բանակցողները իրարու հետ մեղր ու կարագի վիճակին մէջ չէին:
Ընդհակառակը, զուլալ ջուրի պէս յստակ էր, որ այս պետութիւններն ու իրենց բանակցող առաջնորդները շատ հարցերու մէջ իրար հակասող, հակադրուող կեցուածքներու եւ շահերու մէջ խրամատաւորուած էին:
Ո՛չ մէկ կեցուածքի մէջ կողմերը բացարձակապէս նոյն դիրքն ունէին: Յիրաւի, այս տասնօրեակի դէպքերը բացայայտեցին բազմակարծութեան բացառիկ օրինակ մը:
Ժողովներուն մասնակիցները, սակայն չկռուեցան, չհայհոյեցին, չգռեհկացան. իրենց բանավէճերը պահպանեցին պատշաճութեան, իրենց քաղաքակրթութեան ու ազգային մշակոյթին յարիր մակարդակներուն վրայ:
Նոյնիսկ նախագահ Էրտողանը՝ իր օսմանեան մշակոյթին յարիր ընթացք ունեցաւ…
Միտքիս մէջ պարզ, տարրական հարցումներ յառաջացան իտես այս տասնօրեակի պատկերին.-
1) Վերոյիշեալ դէմքե՞րը աւելի մեծ շահեր, խնդիրներ, անհամատեղելի կեցուածքներ ունին, թէ՞ Կիրակի օր տեղի ունենալիք Հայաստանեան ընտրութիւններուն թեկնածուները…:
2) Այս երկու խումբերէն ո՞ր խումբի անձերը աւելի ամէն տեսակի նմանութիւններ ունին. հայաստանեան ընտրապայքարի թեկնածունե՞րը, թէ՞ ռուս-թուրք-իրանցի-իտալացի-ամերիկացի-ֆրանսացի-գերմանացի-քանատացի-ճափոնցի-անգլիացի եւ այլ դէմքերը:
3) Այս տասնօրեակին, եօթնեակը եւ միւսները կրցան կանոնաւորել իրենց համաշխարհային տարողութեամբ տարակարծութիւնները, պարունակի մէջ դնել զանոնք: Անցնող տասնամեակի փոթորիկները-հակադրութիւնները (կամ անոնց կարեւոր մէկ մասը) ետ դրուեցան Փանտորայի Տուփին մէջ:
4) Մե՞նք լաբիւրինթոս սարքեցինք:
Անդրանիկ ՏԱԳԷՍԵԱՆ
[email protected]
18.06.2021
Անդրանիկ Տագէսեանը պատասխանատու խմբագիրն է Պէյրութ լոյս տեսնող Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսին, Հայկազեան Համալսարանի մէջ կը դասաւանդէ «Հայերը Լիբանանի մէջ» դասանիւթը եւ դոկտոր է քաղաքական գիտութիւններու:
«Առավոտ» օրաթերթ
23.06.2021