ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը, որ գումարուեցաւ 10-15 յունիսին` Հայաստանի եւ Արցախի մէջ վերջին երկու տարիներու զարգացումներուն լոյսին տակ կը վերահաստատէ Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելու իր երկարամեայ ու հաստատ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ իր բոլոր կարելիութիւններով հայկական երկու հանրապետութիւններու ժողովուրդին աջակցելու աշխատանքը վճռականութեամբ շարունակելու վերանորոգ կամքը:
Ժողովը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներէն կը պահանջէ տէր կանգնիլ ու պաշտպանել Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ինքնորոշման աներկբայելի իրաւունքը, որ անոնց կողմէ արցախեան տագնապի մնայուն ու խաղաղ լուծման համար ճշդուած Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի սկզբունքներէն կարեւորագոյնն է:
Ժողովը նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն, միջազգային ընտանիքին ու առնչակից միջազգային կազմակերպութիւններուն կոչ կ՛ուղղէ` դատապարտելու Ազրպէյճանի կողմէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրի` ուժի կիրարկման սպառնալիքն ու կիրարկումը արգիլող սկզբունքի խախտումով Արցախի Հանրապետութեան ընդարձակ տարածքներու բռնագրաւումը, այդ տարածքներուն մէջ մշակութային ցեղասպանութեան գործադրումը, ինչպէս նաեւ զինադադարի հաստատումէն ամիսներ ետք հայ պատերազմական գերիները իր մօտ պահելը եւ անոնց նկատմամբ հոգեկան ու ֆիզիքական չարչարանքներու կիրարկումը` յստակօրէն խախտելով Ժընեւեան ուխտը:
ՀՅԴ Լիբանանի 72-րդ Շրջանային ժողովը իր ամբողջական ու անվերապահ աջակցութիւնը կը յայտնէ ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին բոլոր կեցուածքներուն` բողոքի ու անհնազանդութեան ցոյցերէն մինչեւ «Հայաստան» դաշինքի ձեւաւորում, որոնց նպատակը Հայաստանի ու անոր ժողովուրդին փրկութիւնն է եւ արցախեան Բ. պատերազմի աղէտին պատասխանատու իշխանութիւններուն հեռացումը: Ուստի, ժողովը հայրենի ժողովուրդին կոչ կ՛ուղղէ համախմբուելու «Հայաստան» դաշինքին շուրջ` պաշտպանելու համար Հայաստանի պետականութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը եւ հեռացնելու հայրենակործան ու հողատու ներկայ իշխանութիւնը:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ