Գանձասար. Հովանաւորութեամբ Պաաս կուսակցութեան Հալէպի Պետական Համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Կիրակի, 6 Յունիս 2021-ի միջօրէի ժամը 12։00-ին, Հալէպի պետական համալսարանէն ներս բացումը կատարուեցաւ արդէն աւանդական դարձած Հայկական Մշակութային Շաբթուան, որուն խորագիրն էր՝ «Սուրիական եւ Հայկական Մշակոյթներու Մերձեցումը»։
Մշակութային Շաբթուան առաջին ձեռնարկն էր ցուցահանդէսը, ուր ներկայացուած էին հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան պատմութիւնն ու մշակութային կարգ մը առանձնայատկութիւնները, հայոց տառերը, թարգմանչական աշխատանքը, երաժշտական գործիքներն ու երաժիշտները եւ այլն։
Դոկտ. Իպրահիմ Հատիտ այս առիթով խօսք առնելով անդրադարձաւ Հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներու մերձեցման եւ կարեւոր համարեց սուրիահայութեան դերը սուրիական հայրենիքի ծաղկեցման եւ բարագաւաճման մէջ, դիտել տալով, որ սուրիահայերը կը վայելեն ամբողջական իրաւունք պահպանելու եւ ծաղկեցնելու նաեւ հայ մշակոյթը։
Ցուցահանդէսէն ետք, բժշկական համալսարանի սրահէն ներս դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան։ Ան մանրամասնօրէն խօսեցաւ Տիգրան Մեծի օրերէն մինչեւ օրերս երկարող Հայաստան-Սուրիա եւ հայ-արաբ ժողովուրդներու բարեկամական յարաբերութեան, գործակցութեան եւ փոխադարձ վստահութեան մասին։
Կարդացեք նաև
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ 7 եւ 8 Յունիսին, հիւրընկալելով տարբեր համալսարաններու ուսանողներ:
Երեքշաբթի, 8 Յունիսին «Մշակութային Շաբթուան» գեղարուեստական համերգով Հալէպի Ճարտարապետական համալսարանէն ներս նախ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, մեկնաբանելով՝ «Երեւան», «Պիսապահի Ալֆիթալէթ», «Աթլէք Նիրանաքա», «Եարխուշտա» եւ կոմիտասեան փունջ մը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, ապա հանդէս եկաւ նաեւ Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» Մասնաճիւղի Էսդրատային նուագախումբը իր մենակատարներով, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի:
Հուսկ հանրաճանաչ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեան հայրենասիրական երգերով խանդավառեց մթնոլորտը:
Համերգին ներկայ էին մեծաթիւ հայ եւ արաբ ուսանողներ եւ համալսարանի պատասխանատու մարմիններու ներկայացուցիչներ:
«Մշակութային Շաբթուան» նպատակն էր սուրիացի համալսարանականներուն նախաճաշակ մը հրամցնել հայ ժողովուրդի ծագման, պատմութեան եւ մշակոյթին մասին:
Վեհան Պարսումեան