Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կ‘այցելէ Փարիզ: Այս այցելութիւնը, որ կը մեկնի պարզապէս նախընտրական հաշիւներով, կը մերժենք իր էութեամբ: Նախ եւ առաջ, ան այսուհետեւ պաշտօնապէս ոչ մէկ հանգամանք ունի ներկայացնելու Հայաստանը:
Ան 20 յունիսի արտահերթ ընտրութիւններուն թեկնածու մըն է, ինչպէս մնացեալ բոլոր թեկնածուները: Առ այդ, այս այցելութիւնը մենք կը համարենք զուտ անձնական այցելութիւն եւ ոչ մէկ ձեւով կրնայ ունենալ համայնքային պարունակ:
Երկրորդ, ան Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը առաջնորդած է նուաստացուցիչ պարտութեան եւ ստորագրած է անձնատուութեան խայտառակ ու ամօթալի ծանօթ փաստաթուղթը, որուն շարունակութինը տակաւին քանի մը օրեր առաջ հրապարակաւ խոստացած է կատարել անգամ մը եւս:
Երրորդ, այն պահուն, երբ մեր Հայրենիքը խոր ճգնաժամի մէջ է, երբ թշնամին հատած է մեր սահմանները, երբ թշնամի բանակը ամէն ժամ կը սպառնայ նոր յարձակումի եւ ներխուժումի, երբ ունինք նոր գերիներ, գերագոյն հրամանատարի կոչումին եւ աթոռին կառչած անձը կը լքէ երկիրը եւ կը մեկնի արտասահման: Այս անպատասխանատու եւ դասալիք պահուածքը անընդունելի ու դատապարտելի է ըստ ամենայնի:
Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը, իր ուղեկից միութիւններով, տարբեր միաւորներով եւ իր բոլոր հաստատութիւններով կը մերժէ անոր հետ որեւէ տեսակի կապ կամ հանդիպում եւ անգամ մը եւս կը զգուշացնէ բոլորին, որ ոչ մէկը համարձակի այս անտեղի ու անպատշաճ այցելութեան տալ համայնքային բնոյթ:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ