Լրահոս
COP29-ի հակառակ կողմը
Օրվա լրահոսը

Փաշինեանական այս ժխորը իրաւունք չունի այլեւս իր ձեռքերուն մէջ պահելու հայ անկախ պետականութեան ղեկը. «Հայրենիք»

Մայիս 29,2021 10:20

Թշնամիի գիտակցութիւնը վաղուց կորսնցուցած Փաշինեանական այս ժխորը իրաւունք չունի այլեւս իր ձեռքերուն մէջ պահելու հայ անկախ պետականութեան ղեկը։ Հանրութիւնը իրաւունք չունի այլեւս համբերելու եւ ընդունելու գոյութենական եւ բարոյական այս զանգուածային գահավէժը։ Մենք իրաւունք չունինք հանրութեան պարտադրելու այս խելակորոյս ջրապտոյտը։

Հ․Հ․ Սահմանադրութիւնը չէ ստեղծուած Հ․Հ․ քաղաքացին անբանացնելու, զայն իր կենսական ողջախոհութեան զէնքերէն զրկելու, զայն ինքնիր ձեռքով ստրկացնելու համար։ ՀՀ Սահմանադրութիւնը ստեղծուած է Հ․Հ․ քաղաքացին ոգեզինելու, զայն ազատագրելու, զայն նորանոր նուաճումներու առաջնորդելու։ Մեր երկրի օրէնքներու օրէնքը, իր տառով եւ ոգիով, այսօր կը պահանջէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կոչուող թիւրիմացութիւնը անմիջապէս դուրս դրուի իշխանութենէ։ Մեծագոյն անհեթեթութիւնը պիտի ըլլայ, եթէ արտահերթ ընտրութիւններու ներկայ գործընթացը ծառայէ հանրութիւնը անշարժութեան դատապարտելու…եւ մեր անկախ պետականութիւնը՝ մահուա՛ն։

Բոլոր երեւոյթները արդէն ցոյց կու տան, որ արտահերթ ընտրութիւններու գործընթացը դարձած է գործիք թշնամիի ձեռքին։ Ան դարձած է գործիք ստեղծուած քաղաքական պարապութիւնը (vacuum) ի նպաստ թշնամիի օրակարգին ուղղորդելու։ Եւ անշուշտ կասկած պէտք չէ ունենալ, որ պարտութեան վարչակարգը այսօր լաւագոյն գործիքն է մեր երկրին պարտադրուած պարտութիւնը մշտնջենաւորելու։

Հետեւաբար՝ դո՛ւրս։ Այս վարչակարգը՝ անմիջապէս դո՛ւրս։ Դո՛ւրս՝ առանց այլեւայլի։ Վաղն իսկ պէտք է վար բերուի այս ինքնակոչ իշխանաւորը Վարչապետի Պաշտօնակատարի դիրքերէն եւ յանձուի արդարադատութեան։

Ուշացումը կրնայ ճակատագրական ըլլալ մեր երկրին համար։ Կանխե՛լ վտանգը ամէն գնով։ Կասեցնել չարի՛քը։ Կասեցնել պարտութեան եւ անձնատւութեան նոր համաձայնագրի մը վերջնականացո՛ւմը։ Անյապաղ վերջ տալ մեր երկրի անվտանգութեան սպառնացող այս դժխեմ եղեռնագործութեան։

Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31