Տասը օր անցած է, եւ ո՛չ Հայաստանի իշխանութիւնները, ո՛չ անոր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիան, ոչ ալ նախայարձակ Ատրպէյճանը չեն ըսած, թէ ի՞նչ կ’ընեն երկրի սահմանները հատած քանի մը հարիւր բանակայինները, ինչո՞ւ եկած են: Եռակողմ յայտարարութիւնը ինչո՞ւ չի յարգուիր եւ Ռուսիա ինչո՞ւ չի հսկեր, կը հանդուրժէ, որ իր կողմէ ստորագրուած դաշնագիրը անտեսուի: Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս ելք եւ մուտք ընող ատրպէյճանցի բանակայինները զբօսշրջիկներ չեն:
Շարքային քաղաքացին շուարած է անհասկնալի իրականութեան ի տես: Ո՞ւր է Հայաստանի բանակը: Ցոյցեր կ’ըլլան, պատասխան տուողներ չկան: Ապշանք եւ սարսափ, ենթադրութիւններու կը մղեն, երբ կ’ըսուի, թէ բանակին հրահանգուած է չհակազդել, զէնք չգործածել:
Սահմանը կամ կը պաշտպանուի կամ բաց կը պահուի, որ կը նշանակէ պարտութիւն, անձնատութիւն, «յաղթելու ենք»–ի ճոռոմաբանութեան ուղիղ գծին վրայ: Ընթացքը անձնատուութիւն է: Հայերէն բառը աղքատ համարելով՝ ըսին եւ կ’ըսեն՝ կապիտիւլյանտ: Երբ վարչապետը կը բանակցի առանց իր կառավարութեան, Խորհրդարանին, նախագահին եւ ժողովուրդին համաձայնութեան եւ նեցուկին, կ’ըլլայ կամազուրկ, կ’ենթարկուի, հաւասար խօսակից չ’ըլլար: Եւ կը հպատակի:
Ցարդ ոչ ոք բացատրեց Սիւնիք խուժած ատրպէյճանցի զինուորներու ներկայութեան ինչո՞ւն: Հաւատարիմ իրենց կոշտ յայտարարութիւններուն, անոնք մօտեցած են նաեւ Սեւանի: Իշխանութիւնը դիմադրութիւն չէ ցուցաբերած, զօրակոչ չէ յայտարարած: Պէտք է ըսէ ժողովուրդին, թէ ինչո՞ւ այսքա՜ն կրաւորական է:
Կարդացեք նաև
Ատրպէյճան կը շարունակէ հետապնդել իր բացորոշ ծաւալապաշտական միտումները համաթրքական-համաթուրանական ռազմավարութեան ծիրէն ներս: Գաղտնիք չէ: Հայաստան ի՞նչ քայլերու կը դիմէ, ի՞նչ կ’ընէ: Ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքները եւ շահերը, որոնք միայն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչական տիրոյթով չեն սահմանափակուիր:
Կա՞յ պետութիւն, որ ընդունի եւ չհակազդէ իր սահմաններու բռնաբարման՝ օտար բանակի մը զինուորներուն կողմէ:
Այս պայմաններուն եւ մթնոլորտին մէջ գաղտնի պահուած եւ ընդդիմադիր ուժերու կողմէ բացայայտուած դաշնագրի մասին խօսելով, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Փաշինեան ժողովուրդը անչափահաս մանուկ համարելով, կը յայտարարէ, որ գաղտնազերծուած համաձայնութեան տրամադրութիւնները հարիւր տոկոսով համապատասխան պիտի ըլլան Հայաստանի շահերուն: Ո՞ր շահերուն: Ի՞նչ ենթադրել: Համաձայնութիւնը խմբագրուած եւ պատրաստուած է առանց Ազգային Ժողովին մէջ քննուելու, վարչապետի պաշտօնակատարը նոր միայն գացած է Հանրապետութեան նախագահին հետ զրուցելու, զայն դնելով կատարուած իրողութեան առջեւ:
Ի՞նչ պիտի ընէ պետութիւնը, ի՞նչ պիտի ընեն Հայաստանը եւ հայ ժողովուրդը, եթէ «նոր դաշնագիր-յայտարարութեամբ» մը Հայաստան կրկին սահմանամերձ գիւղեր եւ տարածքներ յանձնէ Ատրպէյճանի, սովետական շրջանի քարտէսներ վկայակոչելով սահամանագծում ընելով, դէմարկացիա, որ կը նշանակէ գիւղեր եւ տարածքներ յանձնել: Վարժութիւն եղաւ, Շուշին եւ հայկական Արցախի երեք քառորդը սուսիկ-փուսիկ գաղտնի բանակցութեամբ եւ յայտարարութեամբ մը յանձնելէ ետք, բարի դրացնութեան համար Հայաստանի հակակշռին չենթարկուող միջանցք ալ կարելի է յանձնել, գիւղեր ալ յանձնել:
Հայաստանեան մամուլին մէջ քանի մը անգամ հանդիպեցայ խունտա (junta) բառին բնորոշելու համար ներկայ իշխանութիւնը, որ կը նշանակէ թէ անձ մը,- կամ խմբակ մը,- իւրացուցած է իշխանութիւնը եւ առանց համապատասխան կառոյցներու հետ քննարկումի եւ անոնց հաւանութեան, պարտադրելով իր կամքը: Նման իշխանութիւն անուն ունի:
Յ․ ՊԱԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում