Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այս անգամ «սուտին պոչը կարճ» եղաւ․ «Հայրենիք»

Մայիս 15,2021 09:28

Սիւնիքէն հնչած ահազանգերէն աւելի քան 24 ժամ ետք, Հայաստանի հրաժարեալ վարչապետը ի վերջոյ իրականութիւնը կոչեց իր անունով. «Սիւնիքի վիճակը պայթիւնավտանգ է», «Ճգնաժամային», հաստատեց, թէ «սադրիչ գործողութեամբ» մը՝ ազերիները թափանցած են Հայաստանի հողերէն ներս, անհրաժեշտ քայլերուն դիմել հրահանգեց պաշտպանութեան ու արտաքին գործոց նախարարներուն ու Անվտանգութեան-ապահովութեան պատասխանատուներուն, յետոյ, ցանկութիւն յայտնեց, որ ազերիական ուժերը կը վերադառնան իրենց «ելակէտերը», այսինքն, կը հեռանան Սիւնիքի խնդրոյ առարկայ հողերէն: (Իսկ Շիրազ շուրջ 60 տարի առաջ պատգամած էր. «Լոկ ցանկութեամբ հարցեր չեն լուծուիր (…) Պէտք է պայքարիլ…»):

Հաղորդուեցաւ նաեւ, որ ազերիական նման թափանցում կատարուած է Գեղարքունիքի շրջանէն ներս, բայց թափանցողները ետ վանուած են:

Առաջին ակնարկով, վարչապետին այս յայտարարութիւնն ու ցուցմունքները ողջունելի են, եթէ (այս «եթէ»-ն միշտ անհաճոյ ներկայութիւն է) պահ մը այս բոլորը դիտենք լոկ 13 Մայիս օրուան սահմաններուն մէջ, անտեսենք նախընթաց ժամերը:

Թուարկումի կարգով արձանագրենք հետեւեալները:

Ազերիական բանակէն շուրջ 250 զինուորներ, 12 Մայիսին առնուազն թափանցած են Սիւնիքի սահմանագիծին գտնուող Սեւ լիճ շրջանէն ներս, որոշ չափով ետ մղուած , սակայն կը մնան 3 քլմ. խորութեամբ գօտիի մը մէջ. ըստ որոշ տեղեկութեանց՝ ընդամէնը 5 քլմ. երկարութեամբ գիծով մը (այսինքն, մօտաւորապէս 15 քառ. քլմ.) տարածութիւն գրաւած են: (Ապրիլեան պատերազմին գրաւած էին շուրջ 4 քառ. քլմ, իսկ 44-օրեայ պատերազմին, շուրջ 10 հազար քառ. քլմ. հա՛յկական հող):

Լրատու աղբիւրներ, բացառապէս «ընդդիմադիր» ճակատին մօտիկ, ահազանգ հնչեցուցին 12 Մայիսին, անոնց միացան շրջանի կարգ մը քաղաքապետերն ու նախկին պաշտօնատարներ, որոնց շարքին՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետը:

Իշխանութեան շրջանակները սկզբնապէս «ընտրակական խաղ» որակեցին ահազանգը, մամլոյ յիշեալ աղբիւրները ամբաստանեցին «տեղեկատուութեան ահաբեկչութիւն» կատարելու եւ ժողովուրդին մէջ խուճապ ստեղծելու յանցանքներով: Հրաժարեալ վարչապետին «պոչիկները»՝ խորհրդարանի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահը, պաշտպանութեան նախարարութիւնն ու անվտանգութեան մարմինները, քանի մը «Իմքայլական», «Յանուն հանրապետութեան» նորաստեղծ կուսակցութեան ղեկավարն ու իշխանութեան մօտիկ կանգնող լրատու աղբիւրներ չափազանցութիւն որակեցին տեղեկութիւնները, հիմնուելով այն կէտին վրայ, թէ կրակոցի-բախումի մասին հասած տեղեկութիւնները չափազանցուած են, ըսին՝ «եղածը մեծ բան չէ», «ամբողջ սահմանագիծին վրայ բնականաբար պիտի ըլլան անպաշտպան գօտիներ, ուրկէ ահաւասիկ պզտիկ թափանցում մը կատարուած է»: Սահմանային գիւղերու բնակիչներ հանուեցան պատկերասփիւռի պաստառներ, որպէսզի հաւաստիք տան, որ ամէն բան բնական է (եւ այլն):

Յանկարծ, հրաժարեալ վարչապետը ժողովի հրաւիրեց Անվտանգութեան խորհուրդը եւ 13 Մայիսին կատարեց յիշեալ՝ ահազանգային յայտարարութիւնը, որուն հետեւեցան իր ցանկութիւնները, նաեւ լուրեր՝ թէ դիմուած է ՀԱՊԿ-ին, ոչ-բարձրագոյն մակարդակներու վրայ տեղի կ’ունենան դիւանագիտական աշխատանքներ՝ վտանգաւոր զարգացումներ ետ մնալու համար:
(Մինչ այս տողերը կ’արձանագրէինք, որեւէ հաստատում չտրուեցաւ, որ ազերիական ուժերը ընդառաջած են Փաշինեանի ցանկութիւններուն, այլ թէ՝ «բանակցութիւնները կը շարունակուին» զինուորական ներկայացուցիչներու միջեւ):

ՍՈՒՏԻ ԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԻՒՆ

Փաշինեանի յայտարարութիւնը նախ հաստատեց, թէ պաշտօնական մարմիններ եւ դէմքեր անգամ մը եւս ստած են Սիւնիքի դէպքերուն մասին, սակայն այս անգամ «սուտին պոչը կարճ» եղած է: Ապացուցուեցաւ, որ ընդդիմադիրները ընտրական հաշիւներով ահազանգ չէին հնչեցուցած, այլ անոնց տարածած ահազանգերն էին, որ ի վերջոյ իշխանաւորները դրած էին ճշմարտութիւնը խոստովանելու պատին դիմաց, «բան մը ընելու» մղած էին զանոնք (եւ ո՛չ ոք թող կասկածի, թէ կրնայ գտնուիլ ոեւէ հայ, որ ակնդէտ չսպասէ ազերիական ուժերուն վայրկեան առաջ հեռացումը):

Հրաժարեալ վարչապետը անուղղակիօրէն հաստատեց (արդեօք անդրադարձա՞ւ), թէ ինք էր… ստախօսներուն առաջնորդը: Եթէ «նիկոլասիրութիւնը» վերջնականապէս չէ բթացուցած մարդոց յիշողութիւնը, դժուար չէ յիշել, որ դեռ քանի մը օր առաջ, Ազգային ժողովին մէջ Սիւնիքի մասին քննարկումերու եւ հարցապնդումներու պահուն, ան յոխորտանքով քննադատած էր «թերահաւատները», հաւաստելով, որ անոնք պէտք չէ… իրենց տեսածներուն հաւատան, այլ՝ իրեն, իսկ ինք կը պնդէ, որ Սիւնիքի սահմանները շատ լաւ պաշտպանուած են, կան «անտեսանելի միջոցառումներ», որոնցմէ տեղեակ չեն հակառակորդներն ալ: Այս հաւաստիքները տրուեցան զինուորական գաղտնիքներ պահպանելու խորհրդաւորութեամբ մը:

Եւ ահա, ազերիական բանակը կու գայ հաստատելու, որ հրաժարեալ վարչապետը սուտ էր, գործի անցած է՝ գործադրելու իր հրապարակային սպառնալիքները՝ Սիւնիքէն եւ սահմանային այլ շրջաններէ հողեր կտրատել եւ իրեն կցել, կ’աշխատի «Զանգեզուրի մէջ միջանցք» մը ապահովել Ատրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան (թափանցումը կատարուած է կէտէ մը, որ Ատրպէյճանը հազիւ 30-35 քլմ.ով հը բաժնէ Նախիջեւանէն): Ասդին, մեր իշխանաւորները կը փորձեն մեր ժողովուրդը համոզել, թէ «եղած-չեղածը ճամբաներ ու երկաթուղի բանալու ծրագիր է», թէ՝ այդ ծրագիրներուն իրականացումը բարեկեցութիւն պիտի բերէ Հայաստանի հայուն: Վաղը կրնայ կրկնուիլ, թէ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ թշնամութեան էջը պէտք է փակել, քննարկել, թէ ուրկէ՞ ծնած է թշնամութիւնը (արդեօք պիտի համարձակի՞ն ըսել, որ Սիւնիքի ճակատագիրին մասին ալ պէտք է առնել ազերիներուն կարծիքը…)

Ինչպէս նշեցին, այս անգամ «սուտին պոչը կարճ» եղաւ եւ Փաշինեան եւ անմիջական գործակիցները բացայայտ դարձուցին, թէ փորձած էին կրկնել 44-օրեայ պատերազմի օրերուն օր-աւուր կիրարկուած «սուտի մարտավարութիւնը»…

 

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31