Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

«Գորշ Գայլեր»-ու վտանգը համազգային մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռքեան օճախներ․ «Հայրենիք»

Մայիս 08,2021 10:20
turq

«Գորշ Գայլեր» – Անգարայի իշխանութիւններ գործակցութեան հոլովոյթին մէջ չափազանց կարեւոր իրադարձութիւն մըն է երեք նոյեմբեր 1996-ին Թուրքիոյ Պալըքշեհիր նահանգի Սուսուրլուք շրջանին մէջ պատահած ինքնաշարժի արկածը, որուն զոհ գացին ինքնաշարժին մէջ գտնուող չորս անձերէն երեքը՝ Թուրքիոյ նախկին գեղեցկուհի Կէօնճա Ուս, բարձրաստիճան ոստիկան Հիւսէին Քոչատաղ եւ Ապտիւլլա Չաթլի։ Չորրորդ ուղեւորը քիւրտ ցեղապետ մըն էր՝ Սետաթ Քիւչաք, որ ծանր վիրաւոր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ եւ ապրեցաւ։Ան թրքական բանակին հաշւոյն կը գործէր՝ քիւրտ ազգայնականներու թաքստոցներուն տեղերը ցոյց տալով։ Քիւչաք նաեւ երեսփոխան էր եւ անդամ՝ արկածէն ութ ամիս առաջ վարչապետի պաշտօնը լքած՝ Թանսու Չիլէրի Ճշմարիտ Ուղի կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան։

Սակայն Ապտիւլլա Չաթլիի վերաբերեալ բացայայտումներն են, որ երեւան հանեցին պետութիւն – «Գորշ Գայլեր» յարաբերութիւններն ու սերտ գործակցութիւնը, երբ ինքնաշարժէն գտնուեցաւ Մեհմէտ Օզպայ անունը կրող Չաթլիի կեղծ անձնաթուղթը, որուն վրայ կը գտնուէր Անգարայի եւ Պոլսոյ նախկին ոստիկանապետ Մեհմէտ Ակարի կնիքը։Ինքնաշարժի արկածին ժամանակ Ակար թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն էր։ Ան հերքեց,որ կեղծ անձնաթուղթը ինք հաստատած է։ Սական պարզուեցաւ, որ ստորագրութիւնը կեղծուած չէ։Ակար հրաժարեցաւ կառավարութենէն, բայց ոչ խորհրդարանէն, որպէսզի երեսփոխանական անձեռնմխելիութեան շնորհիւ չդատուի։

Մինչ այդ նաեւ պարզուեցաւ, որ Չաթլի ահաբեկած է անձնաւորութիւններ՝ հրահանգները ստանալով թրքական գաղտնի սպասարկութիւններէն։Բայց ինչ որ ամէնէն նշանակալիցն է, այդ օրերու փոխ վարչապետ Թանսու Չիլեր Չաթլին համարեց հերոս մը, որ մարդ սպաննած է՝ Թուրքիոյ պետութեան շահերը պաշտպանելով։ Չաթլի իբրեւ “գորշ գայլեր»ու հերոս թաղուեցաւ ծայրայեղ ազգայնական Ազգային Շարժում կուսակցութեան պանթէոնին մէջ։

Սուսուրլուքի արկածէն ետք է, որ եւրոպական տարբեր պետութիւններու գաղտնի սպասարկութիւններ անցան գործի եւ իրարու ետեւէ բացայայտուեցան «Գորշ Գայլեր»-ու բջիջներ եւ խմբաւորումներ, որոնք Եւրոպայի տարածքին կը գործէին մարմնամարզութեան, արուեստներու, մշակութային թէ այլ «անմեղ» միութիւններու անուան տակ։ Թուրք կռփամարտիկներու «Օսմանեն Ճերմանիա» միութեան գործունէութեան դէմ հաստատուած արգելքը հիմնուած էր այն բազմաթիւ անհերքելի փաստերուն եւ ապացոյցներուն վրայ, թէ միութեան կռփամարտիկները խորքին մէջ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան անդամ են։

Այս օրերուն Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութիւններուն ուշադրութիւնը դարձեալ կեդրոնացած է «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան վրայ, որովհետեւ քանի մը օր առաջ հրապարակուեցաւ հաւաստի զեկոյց մը, որ պատրաստուած է Ամերիկեան- Հրէական Կոմիտէին կողմէ, որ կը հաստատէ, թէ “գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը, հակառակ բոլոր արգելքներուն, Գերմանիոյ մէջ վերածուած է ծայրայեղ աջակողմեան եւ ահաբեկչական ամէնէն ուժեղ կազմակերպութիւններէն մէկուն։

«Գորշ Գայլեր»-ու վտանգը ամէնուրէք է։ Անիկա հասած է նաեւ Արցախ, ուր գրաւեալ Շուշիի մէջ կը ծրագրուի հիմնել «Գորշ Գայլեր»ու քաղաքական թեւին՝ Ազգային Շարժում կուսակցութեան ֆինանսաւորմամբ արուեստներու դպրոց մը։ Եւրոպայի տարածքին արուեստներու միութիւններու անուան տակ գործող ահաբեկչական այս կազմակերպութիւնը արուեստներու ճամբով մօտ օրէն Շուշի պիտի հասնի։ Վտանգը համազգային մտահոգութիւն պէտք է պատճառէ՝ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ Սփիւռքեան օճախներ, որպէսզի զայն չէզոքացնելու ծրագրեր մշակուին։

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31