Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Այա Սոֆիայէն Շուշի․ «Հայրենիք»

Մայիս 08,2021 10:05

Գրեթէ 86 տարի ետք, Պոլսոյ անվիճելիօրէն յունական հնադարեան մշակութային կեդրոնական գանձ-գեղեցկութիւններէն՝ Այա Սոֆիան փոխեց թանգարանի իր կարգավիճակը եւ վերածուեցաւ մզկիթի, ուր անդրանիկ նամազին բնականաբար ներկայ էր «սուլթան» Էրտողանը։

Պարզ, հպանցիկ ներկայութիւն մը չէր։ Ան Քորանէն հատուած մը կարդաց։ Գլխաւոր քարոզիչն էր Թուրքիոյ կրօնական հարցերու նախարարը, որ բեմահարթակ բարձրացաւ՝ ձեռքին ունենալով օսմանցիներու… «արշաւանքներու սուրը»։

Մայիս 2020․․․ Հազիւ վեց ամիս անցած է «Տժգոյ՛ն Շուշի»-ի ծանր պարտութեան թուականէն եւ ահա, անցեալ ամիսներու բազմաթիւ քանդումներու, աւերներու եւ սրբապղծումներու կողքին, նախանշաններ ի յայտ կու գան, թէ Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարը հայկական եկեղեցիի կարգավիճակէ մզկիթի վերածուելու սեմին կը գտնուի։ Այս մտավախութիւնը չենք արձանագրեր անհիմն ենթադրութիւններու եւ աժան եզրակացութեան մօտեցումով, այլ ըստ բաւականին ծանօթ ենք եւ դառն փորձառութիւններ ապրած ենք Պաքուի անթաքոյց քաղաքականութեան մասին:

Զուգահեռաբար տեսանելի եւ զգալի կը դառնայ, թէ Մ․Ա․Կ․-ի կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը` ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն ժամանակավրէպ (obsolete) վիճակի մէջ կը գտնուի։

Տեղին է անգամ մը եւս յստակօրէն հաստատել, թէ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու դրութեամբ գործող այս հիմնարկը անկարողութեան մատնուած է եւ նոյնիսկ իր բազմաթիւ գրասենեակներով եւ պաշտօնեաներով լծուած է ապարդիւն աշխատանքի։ Այս գծով շատ են փաստերը, սկսելով Աֆղանիստանի ու Սուրիոյ պէս պատերազմի դաշտի վերածուած երկիրներու մէջ քաղաքակրթութեան խորհրդանիշ հանդիսացող կառոյցներու քանդումէն՝ մինչեւ Արեւմտեան Հայաստանի բազմաթիւ սրբատեղիներուն ու Նախիջեւանի խաչքարներու մասսայական քանդումները, որոնց վրայ ահաւասիկ կ’աւելնան Արցախի բռնագրաւեալ հողերու տարածքին գտնուող հայկական կոթողներու հետեւողական եւ պետականօրէն կազմակերպուած այլափոխումը, որուն վերջին նորագոյն աղաղակող օրինակը (վստահաբար շարքը պիտի շարունակուի)՝ Շուշի քաղաքի կեդրոնական փառքն ու հպարտանքը հանդիսացող Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ մայր տաճարն է։

Մեզի հետ աշխարհն ու Մ․Ա․Կ․-ը եւ իր կազմակերպութիւնները տեսան, թէ տաճարին գմբէթը ինչպէս քանդուած է եւ աղաւաղումի կ’ենթարկուի, իբրեւ թէ «վերանորոգութեան բարի նպատակով»: Գոնէ մենք չենք մոռցած, որ Արցխաեան առաջին պատերազմին, եւ Շուշիի ազատագրումէն առաջ, այդ տաճառը ինչպիսի՜ քանդումի ենթարկուած էր, իսկ հայոգ ձեռքն ու քրտինքը ինչպէ՛ս վեր սլացուց անոր տպաւորիչ գմբէթը:

Էջերով մրոտուած են օրէնքներ, որոնք կը մնան անգործադրելի եւ փոշիածածկ։ Այդ կորսուած էջերուն մէջ է, որ նաեւ գրուած է, թէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի լոյս ընծայած՝ մշակութային եւ բնութեան համաշխարհային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին հռչակագիրին միացած որեւէ երկիր, պատմական կառոյցի մը անունը փոխելու որոշում տալու պարագային, անրաժեշտ է, որ այդ փոփոխութեան առաջարկը առաջին հերթին ներկայացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր յանձնաժողովին, որ իր կարգին քուէարկութեան դիմելէ ետք, կրնայ վաւերացնել կամ մերժել։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31