Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ընդդէմ հիսթերիք աղմուկի. Ժիրայր Լիպարիտյան

Մայիս 04,2021 22:44

Այդ հոդվածը գրվել է որպես «Յետ Գրութիւն»՝ հեղինակի հատընտիր աշխատություններով կազմված մի հատորի՝ «Հայաստան-Թուրքիա. Պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» խորագրով, որը կհրատարակվի այս տարի: Հոդվածն այժմ հրապարակվում է՝ նկատի ունենալով նրա այժմեականությունը:

2020 թ. սեպտեմբերին  Արցախի դէմ սկսած ազրպէյճանական պատերազմը մի քանի ձեւերով տարբեր էր նախորդ ռազմական ընդհարումներէն։ Անոնցմէ մէկն էր Թուրքիոյ Ազրպէյճանին տրամադրած բազմատեսակ ռազմական օժանդակութիւնը։ Կասկած չկայ, որ Թուրքիոյ ստանձնած դերն այդ պատերազմի ընթացքին կարեւոր քայլ էր Հայաստանի եւ Արցախի շահերուն դէմ։ Կասկած չկայ նաեւ, որ այդ քայլը վերջին տարիներու ընթացքին Հայաստանի նկատմամբ այդ երկրի որդեգրած ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ մասն էր։

Նկատի ունենալով այդ օժանդակութեան կարեւորութիւնը հայկական կողմի կրած պարտութեան մէջ, անպայման որ բանականութիւնը գործածող մարդոց մտքին մէջ հարցականի տակ պիտի առնուէր Թուրքիոյ հետ խօսակցութիւն սկսելու կամ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու օգտակարութիւնը եւ (կամ) նպատակայարմարութիւնը։

Բնական պիտի ըլլայ, ուրեմն, որ այդ հարցը  հրապարակաւ քննարկուի իր բոլոր կողմերով՝ Հայաստանի ապագայ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ։

Սակայն նման քննարկում գրեթէ անկարելի դարձած է այն հիսթերիք աղմուկին պատճառով, որ որոշ քաղաքական ուժեր կը բարձրացնեն իրենց ամէնօրեայ, անվերջ, խլացնող թմբկահարումներով։ Այդ ուժերու համար Թուրքիոյ մասնակցութիւնն ունէր միայն մէկ նշանակութիւն եւ խորհուրդ։ Այդ մասնակցութիւնը յաւելեալ փաստ էր, ըստ այդ ուժերուն, որ (ա) Թուրքիան մղուած էր եւ տակաւին՝ է, ցեղասպանական բնազդներով, որոնք կ՚արդարացնեն նախապատերազմեան հակաթրքական բոլոր տրամադրութիւնները եւ (բ) որ այդ երկրի հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու կամ նոյնիսկ խօսակցութիւն սկսելու միտուած որեւէ քայլ հաւասար է «դաւաճանութեան»։

Այդ ուժերուն համար անհրաժեշտ է, որ բանական քննարկում տեղի չունենայ։ Անոնք կ՚ուզեն այդ օրինակարգ հարցադրման պատասխանը կանխորոշել՝ խաղալով զգացական լարերու եւ գրեթէ բնազդային դարձած վախերու վրայ։ Այդ մարդիկ կը կարծեն, որ իրենց աստուածատուր մենաշնորհն է աջ ու ձախ շպրտել «դաւաճան» բառը։

Սակայն բանականութեամբ առաջնորդուող անհատ, ժողովուրդ կամ պետութիւն իրաւունք չունի նման ծանրակշիռ որոշում առնելու առանց ամենալուրջ եւ բազմակողմանի քննարկման։ Արտաքին քաղաքականութեան մէջ սխալ որոշումներ, առ երեւոյթ ճիշդ թուող եզրակացութիւններ, պատմութենէն ու փորձէն քաղուած կասկածի տակ չառնուող դասեր շատ մեծ վնասներ հասցուցած են մեզի անցեալին, ու տակաւին կրնան հասցնել ապագային։

Ի՞նչ դաս կարելի է քաղել պատմութենէն եւ ինչպէ՞ս որոշել, թէ որ դասը պէտք է քաղել։ 2016 թ. ապրիլին տեղի ունեցաւ քառօրեայ, կարճ պատերազմ մը։ Ազրպէյճանն էր նախաձեռնողը այդ կարճ պատերազմին, որու հետեւանքով մեր հակակշռին տակ եղած փոքր տարածք մը կորսնցուցինք։ Այդ պատերազմի՝ Ազրպէյճանի կողմէն նախաձեռնած ըլլալը շատերուն հասցուց այն եզրակացութեան, որ պէտք է Ազրպէյճանին պատժել՝ բանակցութիւններու, նոյնիսկ աւելի լարուած բանակցութիւններու վրայ յոյս դնելու փոխարէն մեր ապագան վստահելով նոր պատերազմի մը։ Անշուշտ, կարելի էր այլ դաս քաղել այդ իրադարձութենէն. կարելի էր տարածք կորսնցնելը, որքան ալ փոքր էր այդ, տեսնել որպէս ազդանշան, որ թերեւս ուժերու յարաբերութիւնը փոխուած է, որ մեր կողմի համար պատերազմ կորսնցնելը լուրջ կարելիութիւն է։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք ուշադրութիւն դարձուցին այդ պատերազմի արդիւնքին եւ սկսան աւելի լուրջ բանակցիլ, բանակցութիւններու ընթացքին պնդեցին պայմաններու վրայ, որը Ազրպէյճանը քսան տարիներէ աւելի մերժած էր, եւ առանց որուն ալ կը կարողանայինք յառաջդիմութիւն արձանագրել հակամարտութեան լուծման մէջ եւ խուսափիլ նոր պատերազմէ մը։ Կարելի էր ուրեմն ճիշդ դասեր քաղել ու այդ դասերուն աւելի լուրջ մօտենալ։ Սակայն փոխանակ նման մարտահրաւէրի նկատմամբ մեր մօտեցումը փոխելու, աւելի մխրճուեցանք «ոչ մի թիզ» հողի տրամադրութեան մէջ։ Արդիւնքին ծանօթ ենք։

Կարելի է նաեւ նկատի ունենալ Ազրպէյճանի հետ 2019 թ. մի քանի օրուայ ռազմական ընդհարումը, որու արդիւնքը մենք համարեցինք «յաղթութիւն»։ Ոչ մէկ փաստ կայ, եթէ հիմնուինք հրապարակային ելոյթներու վրայ, որ այդ փոքրիկ պատերազմը, որն ընդգրկեց երկու կողմէն սահմանափակ միաւորներ շատ փոքր տարածքի վրայ, ենթարկուեցաւ լուրջ քննարկման։ Առանց լուրջ ուսումնասիրութեան մենք մեզ վստահութիւն ներշնչեցինք, որ ուժերու յարաբերութիւնը չէ փոխուած ու լայնածաւալ պատերազմի պարագային մենք վստահաբար ազրպէյճանական նոր տարածքներ կը գրաւենք։ Այդպէս ալ յայտարարեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը։

Այսօր որոշելու համար, թէ հակառակորդներու հետ պէտք է խօսինք կամ ոչ, անոնց հետ բնականոն յարաբերութիւններու ձգտիլը օգտակար կամ նախընտրելի է, թէ ոչ, անհրաժեշտ է մի քանի հարցերու պատասխան տալ։ Այստեղ նպատակս չէ այս կապակցութեամբ մեր առջեւ ծառացած բոլոր հարցադրումներն ու անոնց պատասխանները պարզել, այլ պարզապէս ներկայացնել անոնցմէ մի քանին՝ որպէս սկզբնական քննարկման նիւթ։

ա) Մեզ անհրաժեշտ է նախ եւ առաջ ունենալ մեզ սպառնացող վտանգներու տեսակին ու որակին լրիւ, սակայն իսկական պատկերը։ Այսինքն՝ պէտք է զանազանենք վախի զգացումը վախի պատճառ ունենալէն։ Մեր պատմութիւնը մեզ այդ երկուքին ալ առիթ տուած է։ Սակայն վտանգի չափազանցումը կամ թերագնահատումը ինքն իր մէջ լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ։ Չափազանցութիւնը կրնայ պատճառ դառնալ վտանգը նուազեցնող կարելի քայլեր անտեսելու կամ առիթներ փախցնելու. վտանգի թերագնահատումը՝  աղէտի ու պարտութեան։

բ) Մեզ անհրաժեշտ է պատասխանել հետեւեալ հարցումներուն. (ա) ինչո՞ւ Ազրպէյճանը կանգ առաւ Շուշին գրաւելով, երբ կարող էր հանգիստ հասնել Ստեփանակերտ, (բ) ինչո՞ւ ան Հայաստանի հարաւի ճակատին վրայ՝ մեր սահմանի միւս կողմը կանգ առաւ, երբ կարող էր հանգիստ անցնիլ սահմանն ու հասնիլ Նախիջեւան։ Ինչո՞ւ Թուրքիան որեւէ սահմանէ զօրք չմտցուց Հայաստան, երբ կրնար այդ ընել։

Եթէ պատասխանն այն է, որ ռուսական ներկայութիւնը եւ Ռուսիոյ հետ մեր դաշնագիրն էր պատճառը, ինչո՞ւ ենք այնքան իրար անցած։ Չէ՞ որ Ռուսիոյ հետ այդ պայմանագիրը տակաւին ի զօրու է, եւ ռուսական ներկայութիւնը չէ նուազած, այլ ընդհակառակը։

Իսկ կա՞ն այլ գործօններ, որոնք կրնան բացատրել այն, ինչ Ազրպէյճանն ու Թուրքիան կարող էին ընել եւ չըրին։

Եւ պատասխանել հետեւեալ հարցումին. (գ) արդեո՞ք կարելի է այդ վտանգները նուազեցնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ խօսելով։

Ի՞նչ տրամաբանութեամբ է, որ պատերազմի մէջ պարտութեան փաստէն կը հասնինք հակառակորդին հետ չխօսելու ու որեւէ յարաբերութիւն չունենալու քաղաքականութեան:

Այստեղ ես տրամաբանութիւն չեմ տեսներ։ Այն ուժերը, որոնք նման յարաբերութիւններ դաւաճանութիւն կը նկատեն, այդ եզրակացութեան հասած էին նախքան այս պատերազմը, նախքան 2016 թ. պատերազմը, փաստօրէն՝ նախքան որեւէ պատերազմ։ Նոյն ուժերը չէի՞ն, որոնք դէմ էին Հայաստանի անկախութեանը, որովհետեւ անկախութեան պարագային Թուրքիան պիտի մտնէր Հայաստան ու ջարդէր հայութեան մնացածը։

Այդ բոլոր մեկնաբանութիւններու եւ եզրակացութիւններու ետին պահուըտած է արդէն տասնամեակներու կեանք ունեցող պարզամիտ, ատելութեան վրայ հիմնուած «ազգային» գաղափարախօսութիւն մը, ըստ որու՝ հակաթրքութիւ՛նն է հայկականութեան էութիւնը, Հայաստանի ճակատագի՛րն է կախուած մնալ, եւ ժողովուրդի պա՛րտքն է իշխանութիւնը յանձնել այն մարդկանց, որոնք այդ ատելութեան կրողներն ու տարածողներն են։

Կայ նաեւ յաւելեալ, հետաքրքրական երեւոյթ մը։ Հայաստանի անկախութենէն առաջ եւ անկէ ի վեր այդ ուժերն ամէն բան ըրած են ու ըսած՝ անկարելի դարձնելու համար Թուրքիոյ հետ բնականոն յարաբերութիւններու հաստատումը եւ այդ դիրքորոշմամբ իսկ ուժեղացուցած Թուրքիոյ մէջ ծայրայեղ, հայատեաց քաղաքականութեան կողմնակիցները։ Այդ ուժերն անկարելի դարձուցած են Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծումը. այն, ինչ կարելի պիտի դարձնէր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատումը եւ գոնէ նուազեցնէր անոր կողմէն ներկայացուած վտանգը։ Ոչ միայն այդ, այլ նաեւ Թուրքիոյ ըսած ենք, որ մենք պահանջներ ունինք իրմէ, որ մնալու ենք մշտական թշնամի, որովհետեւ Արեւմտահայաստանի մեր հողերը չեն վերադարձներ, Ցեղասպանութիւնը չեն ճանչնար։

Այդ ուժերու՝  խափանարար, բանականութեան օրէնքներու չենթարկուած տրամադրութիւնը տիրապետած է անոնց մօտեցման վրայ. տարբեր ձեւերով ու ոճերով արդէն երեք տասնամեակէ ի վեր։ 1998 թ.-էն ի վեր այդ մօտեցումը որդեգրուած է, բաւականին չափով, մեր իշխանութիւններու կողմէն։ Ինչպէս բացատրած եմ այս հատորի ներածականի մէջ ու ապացուցած՝ հատորի մէջ ներգրաւուած նիւթերով, վախը դարձուցած ենք ռազմավարական մտածելակերպի հիմք, միեւնոյն ատեն սպառնացած ու հայհոյած Թուրքիային, իսկ յետոյ Ազրպէյճանին։ Այդ բոլորը ընելէ ետք, երբ Թուրքիան Հայաստանի նկատմամբ քաղաքականութիւն ճշդելու ընթացքին նկատի կ՚ունենայ նաեւ ա՛յդ գործօնը, կը շտապենք յայտարարելու, որ Թուրքիան անուղղայ հայատեաց է ու խոստմնալից ցեղասպան։

Իսկ հիմա, առանց իսկ առիթ տալու, որ այս հարցը քննարկուի, այդ ուժերը կ՚ուզեն այս վերջին պատերազմէն քաղել երկու դաս. (ա) հակաթրքութեան՝ ատելութեան վրայ հիմնուած արտաքին քաղաքականութիւնը արդարացուած էր եւ ահաւասիկ նոր փաստը, եւ (բ) անկէ բնականաբար կը բխի այն, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը նոր ցեղասպանութիւն իրագործելն է։ Ըստ այդ մօտեցման՝ Թուրքիան պէտք էր յարձակած ըլլար Հայաստանի վրայ մեր անկախութեան  առաջին իսկ օրերուն։ Այդ բանը չի չպատահեցաւ այդ ժամանակ ու չէ պատահած անկէ ի վեր, երբ Հայաստանը կը յաղթէր Ազրպէյճանի դէմ պատերազմը 1991-1994 թթ.-ին, կամ երբ ան կը պարտուէր 2020 թ.-ին։ Այն, ինչ չպատահեցաւ, երբ կարող էր պատահիլ կամ ըստ վերլուծման պէտք էր պատահեր, ու չպատահեցաւ, նոյնքան կարեւոր է, որքան այն, ինչ պատահեցաւ։ Այստեղ տրամաբանութիւն կամ ռազմավարութիւն մտածելու մեթոտ չեմ տեսներ։ Կայ մեծ ցատկ մը՝ մէկ փաստէն դէպի բարդ ու ծանրակշիռ եզրակացութիւն։ Այդ ցատկը երկու հիմնադրոյթներ ունի։ Առաջինը, որ մենք պատմութեան մէջ զոհ ըլլալէ աւելի մեծ դեր չունինք եւ մեր ճակատագիրը ճշդուած է. կամ զոհ կը դառնանք, կամ այս կամ այն ձեւով կը խուսափինք այդ ճակատագրէն։ Այսինքն՝ այն, ինչ մենք կ՚ընենք  ու կ՚ըսենք, տարբերութիւն չ՚ըներ, բացի զոհի դերի սահմաններու մէջ արտօնուած դերէն։

Երկրորդ. այն, ինչ Թուրքիան ու Ազրպէյճանը կարող էին ընել ու չըրին, այդ ալ տարբերութիւն չ՚ըներ։ Մենք ունինք մեր աւետարանը, ուր ամէն բան ու ամէն բանի իմաստը ճշդուած է արդէն։ Նորէն մտածելու պէտք չկայ։ «Մենք գիտենք»:

 

Ապագայի քաղաքականութիւնը ծրագրելու հիմնական երկու ճանապարհ ունինք։ Մէկը՝ վախով ու երազանքներով պայմանաւորուած ճանապարհն է։ Երկրորդը՝ հասանելի նպատակներու ու իրապաշտ հաշուարկներու վրայ հիմնուած ռազմավարութիւնը: Երբ այդ ընտրութիւնը կատարենք, նկատի պէտք է ունենանք հետեւեալ երկու պարզ սկզբունքները. (ա) փափաքելին, սակայն անկարելին հետապնդելով չկորսնցնենք ընդունելին եւ կարելին, (բ) նախ պէտք է լաւ ըլլանք, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք շատ լաւ ըլլալու։

Արդեօ՞ք այս անգամ ճիշդ դասը պիտի սորվինք պատմութենէն:

Այստեղ վտանգներ, հակահայ տրամադրութիւններ, նոյնիսկ նպատակներ անտեսելու խնդիր չկայ։ Սակայն մենք իրաւունք չունինք մեր ապագան ամբողջովին վստահիլ որեւէ առանձինն պետութեան կամ արտաքին ուժի։ Պետութիւնները կը փոխուին, մեր բարեկամներն ու թշնամիները կը փոխուին, մենք կը փոխուինք։ Մեր մտածելակերպը, քաղաքականութիւնն ու դիւանագիտութիւնը պէտք է ձգտին գոնէ նուազեցնելու այդ վտանգները։ Կարելի չէ ապագայ կերտել միայն զէնքի, նահատակուող հերոսներու եւ պատասխանատուութենէ խուսափելու քաղաքականութեան վրայ։

Այդ ընթացքին մեր դրացիները, բարեկամ թէ ոչ, դրացի ըլլալէ չեն դադրիր։  Դրացի պետութիւններու նկատմամբ մեր վախն ու ատելութիւնը պէտք չէ շփոթել ռազմավարութեան հետ։

Եթէ այս վերջին պատերազմէն եւ պարտութենէն  յետոյ ալ շարունակենք ռազմավարութիւն ճշդել զգացական ու գաւառական հիմքերու վրայ՝ առանց բոլոր կարելիութիւնները նկատի ունենալու եւ հաշուարկելու, մենք իրաւունք չունինք ակնկալելու, որ մեր քաղաքականութեան արդիւնքը տարբեր պիտի ըլլայ վերջին պատերազմի արդիւնքէն։

Ժիրայր Լիպարիտյան

Ապրիլ, 2021

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մայիս 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Ապր   Հուն »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930
31