Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Խորին երախտագիտութիւն՝ Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտօրէն եւ անվիճելիօրէն ճանչնալուն համար․ հայտարարություն

Ապրիլ 24,2021 20:22

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը իր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնէ Նախագահ Ճոզէֆ Պայտընին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը բացայայտօրէն եւ անվիճելիօրէն ճանչնալուն համար:

2019ին, Քոնկրեսի զոյգ պալատներու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան գրեթէ միաձայն ճանաչումով, ու այժմս Նախագահին կողմէ կատարուած յայտարարութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը խօսի ուժեղ եւ յստակ՝ վերջապէս իր աւարտին հասցնելով իր արտաքին քաղաքականութեան մէջ ու տասնամեակներու վրայ երկարող թրքական տխուրազդեցութիւնը:

Մարդկութեան դէմ գործուած այս ոճիրի իր պաշտօնական ճանաչումով, ու նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ընդունած տասնեակ այլ երկիրներու արշաւին միանալով, ԱՄՆ կառավարութիւնը այսպիսով նշանակալի քայլեր կ՚առնէ դէպի արդարութեան վերահաստատում – քայլեր, որոնք անկասկած պիտի ներառեն Թուրքիոյ կողմէ հաշուետուութիւն եւ համապատասխան հատուցումներ։

Ցեղասպանութիւն գործելու իր  շարունակական միտումը եւ Հայկական ժառանգութեան բոլոր հետքերը շրջանէն անհետացնելու իր հետեւողական ջանքերը յստակօրէն դրսեւորուեցան, երբ 2020ի աշնան Թուրքիան հովանաւորեց Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ճիգերով հայեր բնաջնջելու Փանթուրանական ծրագիրը:

Ազատութեան, արդարութեան, հաւասարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու իր դաւանած իտէալներուն հետ համահունչ, Միացեալ Նահանգները կրնայ եւ պէտք է առաջնորդողի դերկատարէ՝ արգելափակելու համար Թուրքիոյ ծաւալապաշտական եւ վտանգաւոր ծրագիրները:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հանգամանօրէն ճանչնալու, եւ այս վերջինիս ուրացման քաղաքականութեան վերջ դնելու Նախագահ Պայտընի քաջարի քայլը, վերջապէս Միացեալ Նահանգները ճիշդ ուղղութեան վրայ կը դնէ, եւ մեզ կը զինէ նոր յոյսերով եւ վճռակամութեամբ։

Վերջապէս, այս առիթը յարմար դատելով, մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենքտասնամեակներու վրայ երկարող ու Հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ձգտողգործունէութեան համար, որ ի գործ դրուեցաւ ամերիկահայ կազմակերպութեանց, հայ դատիհայ թէ օտար զինուորագրեալներու, ինչպէս նաեւ մեր յանձնառու համայնքին կողմէ։

 

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ

Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացյալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930