Հայկական սփիւռքը, որ կը կազմէ ազգի հոգիին 75-էն 80 առ հարիւրը եւ անոր տնտեսական ուժին 98 առ հարիւրը (նկատի ունենալով իւրաքանչիւր համայնքի չափը եւ Համախառն ներքին արդիւնքը (GDP)), տարածուած է ամբողջ աշխարհին մէջ, ուր հայեր յարմարած են զիրենք հիւրընկալող երկիրներու տարբեր մշակոյթներուն եւ լեզուներուն: Մինչ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւնները կազմակերպուած պետութիւններ են՝ ղեկավարուած նախարարութիւններով կազմուած կառավարութիւններու կողմէ, իւրաքանչիւրը ունենալով իր սեփական կառոյցը եւ ֆինանսաւորման համակարգը, Սփիւռքը կը կառավարուի, եթէ կրնանք այդպէս կոչել, տարբեր բնոյթի տեղական կազմակերպութիւններով, որոնցմէ ոմանք ազգային եւ միջազգային պատկանելիութիւն ունին: Սփիւռքը «կառավարող» քաղաքական, մշակութային, կրօնական եւ մարդասիրական բազմաթիւ կազմակերպութիւններու ամբողջութիւնը, ոմանք հատուածային եւ յաճախ իրարու հետ մրցող, շատ յաճախ կը գործէ առանց կանոնաւոր կամ կայուն ֆինանսաւորման:
Մեկնելով Սփիւռքի գոյատեւումը ապահովելու եւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ամրապնդման նպաստելու հարցերէն, եւ կատարելէ ետք բազմաթիւ խորհրդակցութիւններ՝ Սփիւռքի մէջ մտաւորականներու, գործիչներու եւ ղեկավարներու հետ, հետեւեալ առաջարկը կ’ընենք.
«Հիմնել համաշխարհային, լաւապէս ֆինանսաւորուած, ժողովուրդէն բխած կազմակերպութիւն, որ պիտի համակարգէ Սփիւռքի ռազմավարութիւնը եւ գործունէութիւնը, պիտի գործածէ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, պիտի աջակցի նոր նախաձեռնութիւններու եւ լաւագոյնին պիտի հասցնէ ներկայ ճիգերը»:
DiasporArm-ի տեսլականը եւ առաքելութիւնը հիմնականին մէջ տնտեսական, կրթական, մշակութային եւ ընկերային մարզերն են, զերծ մնալով կուսակցական քաղաքական կամ կրօնական ուղղութիւններէ: Ատիկա ունի ստորեւ նշուած նպատակները.
Կարդացեք նաև
1) Յայտնաբերել եւ ներգրավել Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունեցող կարեւոր ոչ գործուն աղբիւրները, ստեղծել կամուրջներ եւ փոխյարաբերութիւններ սփիւռքի զանազան համայնքներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայրենիքին հետ, բացայայտելով իւրաքանչիւր համայնքի, նոյնիսկ ամէնէն փոքրին, գոյութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
2) Ստեղծել հարստութիւն եւ զանազան արժէքներ` գործածելով ցանցերը եւ միացնելով անհատներն ու հաստատութիւնները:
3) Սփիւռքին տալ համակարգուած ուղղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծել սփիւռքի աշխուժ ուժերուն միջեւ՝ արդիւնքները լաւագոյնին հասցնելու նպատակով:
4) Նպաստել Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ ապրող հայերու տնտեսական զարգացումին:
5) Ձեռնարկել հաղորդակցութիւն, կրթութիւն եւ ներշնչում՝ մեր մշակոյթը եւ հայրենիքը հպարտութեան առարկայ դարձնելու համար:
6) Աշխարհի մէջ հայկական շահերը պատշպանել:
7) Խթանել եւ աջակցիլ մշակութային աճի զարգացումին:
8) Լուծումներ գտնել մտահոգիչ ընկերային հարցերուն, ինչպէս՝ ապահովել տարեցներու համար կեցութեան վայրեր, ստեղծել ընկերային բարօրութեան ծրագիր, եւ դիւրացնել հայրենադարձութիւնը:
9) Նպաստել Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութեան:
DiasporArm-ի հիմքը պիտի կազմէ անհատական մասնակցութիւնը՝ շեշտը դնելով համայնքի ոչ գործուն անդամներու մասնակցութեան հաւաքագրումին վրայ: Պիտի ֆինանսաւորուի իր անդամներուն կողմէ, որոնք ժողովրդավարական ձեւով պիտի ընտրեն խորհրդատու մարմիններ տարբեր ոլորտներու մէջ, եւ պիտի դրսեւորեն թափանցիկութիւն՝ հրապարակելով տնտեսական տեղեկագիրները: DiasporArm պիտի համագործակցի նման նպատակներ ունեցող միջազգային եւ տեղական կազմակերպութիւններու հետ:
Կոչ կ՛ուղղենք անոնց, որոնք ծանօթ են իրենց պարկեշտութեամբ եւ նուիրուածութեամբ, անոնց, որոնք կը հաւատան այս գործին, յարգալիր են, անոնց, որոնք հայկական շահերը վեր կը դասեն հատուածային եւ անձնական շահերէն, միանան, նպաստեն եւ մասնակցին DiasporArm-ի ստեղծումին:
Յովէլ Շնորհօքեան
Լը Ռէնսի
Ֆրանսա
Ապրիլ 2021