Վերջերս թուրք երիտասարդներու կողմէ երաժշտական ձեռնարկ մը տեղի ունեցած է հայոց Մակարայ Վանքի շրջափակէն ներս, որ կը գտնուի Կիպրոսի Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած բաժնին մէջ: Ձեռնարկին յաջորդած է կրօնական վայրի ոչ-վայել խնճոյք:
Յիշեալ դէպքը ընդվզումի ու դատապարտութեան ալիք մը յառաջացուցած է Կիպրոսի հոգեւոր ու քաղաքական ղեկավարութեան մօտ: Կիպրոսի հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կիպրոսի թրքական բաժնի միւֆթին, յունաց պատրիարքարանը, ինչպէս նաեւ Շուէտի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները, Եւրոպայի դատարանին մօտ Կիպրոսի ներկայացուցիչը, Կիպրոսի պետութեան համայնքներու հետ կապի պատասխանատուն, կիպրահայոց պետական ներկայացուցիչը եւ այլ պատասխանատուներ դատապարտած են կրօնական սրբավայրի մը դէմ եղած այս գրգռիչ արարքը եւ բողոքագիր յղած են Եւրոպական Խորհրդարան ու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան:
Կաթողիկոսական փոխանորդ սրբազանը տեղեակ պահեց Վեհափառ Հայրապետը այս ուղղութեամբ: Նորին Սրբութիւնը թելադրեց, որ իր կողմէ դատապարտէ այս անընդունելի երեւոյթը եւ շարունակէ մօտէն հետեւիլ Մակարայ Վանքին շուրջ տեղի ունեցող զարգացումներուն:
Յայտնենք, որ 2019-ի Յունիսին, Նորին Սրբութիւնը անպաշտօն կերպով Խորէն սրբազանին եւ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանին հետ այցելած էր Մակարայ Վանք եւ մօտէն տեղեակ դարձած պատմական նշանակութիւն ունեցող վանքին պարզած ներկայ վիճակին եւ զայն վերանորոգելու ու անոր անվտանգութիւնը ապահովելու գծով տարուող աշխատանքներուն: