Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Զերծ մնալ արցախեան նուաստացուցիչ պարտութիւնը թրքական շահերը սպասարկող քաղաքական արարքներով ամբողջացնելէ. ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւն 

Ապրիլ 12,2021 13:21
hyd

Իւրաքանչիւր Ապրիլ 24-ի` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման նախաձեռնութիւններու նախօրեակին, թրքական ու թրքամէտ շրջանակներ թափ կու տան իրենց քարոզչաքաղաքական արշաւին` շրջանառութեան մէջ դնելով հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կարծեցեալ բարեկամութեան այժմէականութեան, անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու, աշխարհագրական ու հոգեմտաւոր սահմանները բանալու ու տարածաշրջանին մէջ գործակցութեան արգելքները վերացնելու անհրաժեշտութեան մասին կոչեր:

Թուրքիոյ պետական այրեր, թուրք եւ օտար բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, վերլուծական կեդրոններ, քաղաքական գործիչներ, հեղինակաւոր թերթեր իւրաքանչիւր տարի յատկապէս ապրիլ ամիսին կը փորձեն շեղել բոլորին ուշադրութիւնը օրուան թեմայէն` ծառայելով Անգարայի ու նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին բարոյական պարտադրանքէն խուսանաւել փորձող բոլոր կողմերու շահերուն: Այս տարի ապրիլեան այս հերթական աճպարարութեան առաջին դիրքերուն վրայ է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը` իր առաջին դէմքով ու հեղինակազուրկ այլ պաշտօնատարներով:

Գրեթէ օրական յաճախականութեամբ ականջալուր ու ականատես կ՛ըլլանք Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ «շտկումներ» ընելու, հարեւաններու` յատկապէս Թուրքիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդի ընկալումները վերանայելու ու բարի կամք ցուցադրելու անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններու, քաղաքական խմբակի մը կողմէ, որ երեք տարուան մէջ յաջողեցաւ իր անհեռատես ու ազգակործան քաղաքականութիւններուն միջոցով ու հազարաւոր հայորդիներու արեան գնով հայրենի հողին մէկ կարեւոր մասը կորուստի մատնել` յանձնելու մեր նոյն` պատմական թշնամիներուն:

Թուրքիան ո՛չ միայն չէ փոխած իր նախապայմանային քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ դրդած է, սատարած, աջակցած եւ մասնակցած արցախեան պատերազմին: Ան մղած է Ազրպէյճանը հայկական Արցախին դէմ պատերազմ սանձազերծելու, ռազմական յանցագործութիւններ կատարելու եւ ցեղային զտման նոր ծրագիրներ իրականացնելու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պատմական անսակարկելի իրաւունքներուն, պատմական յիշողութեան անձեռնմխելիութեան ու պահանջատիրութեան իրաւացիութեան հանդէպ բոլոր նկրտումները` անկախ հեղինակներէն ու անոնց ազգային ու քաղաքական պատկանելիութենէն: Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակի նախօրեակին, Հայաստանի իշխող վարչակարգին կը զգուշացնենք` զերծ մնալ արցախեան նուաստացուցիչ պարտութիւնը խաղաղասիրական եւ արուեստական բնագիրով առաջնորդուող, սակայն միայն թրքական շահերը սպասարկող քաղաքական արարքներով ամբողջացնելէ:

Թուրքիան է՛ ու կը մնայ մեր թշնամին, այնքան ատեն որ չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, չէ հատուցած մեր պատմական բոլոր իրաւունքները:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930