Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մշակոյթը Հայաստանի եւ սփիւռքի համար գոյապահպանման առանցք է․ «Հայրենիք»

Ապրիլ 03,2021 11:25

Անհատ թէ հաւաքականութիւն, ժողովուրդ եւ ազգ, կը բնորոշուինք մշակոյթով, որ ամբողջ մըն է, ճանաչողութեան, բարոյական կարգի, արուեստ-արհեստներու, օրէնքներու, սովորութիւններու, այն բոլորին՝ որ կը սորվինք ընկերութեան մէջ: Անոնք կը կաղապարեն մեր ինքնութիւնը: Չկայ ժողովուրդ որ մշակոյթ չունի, մշակոյթները տարբեր են ըստ աշխարհագրութեան, միջավայրի, հոլովոյթի պարտադրանքներուն:

Զանազան աշխարհաքաղաքական ճնշում-նախաձարձակումներ կը խաթարեն մշակոյթներու ինքնուրոյնութիւնները: Այդ խաթարումները, պարտուած եւ ճնշուած հաւաքականութիւններու կողմէ կը համարուին պատշաճեցում եւ յառաջդիմութիւն, եւ տեղի կու տայ սեփական մշակոյթը: Այս ապամշակութացման ընթացք է, որ ընդհանրապէս կը պարտադրուի օտարացած եւ օտարարանալու հակամէտ ընտրանիին կողմէ: Այս է ընթացքը մշակութային այլասերման, որ անխուսափելիօրէն կ’առաջնորդէ տուեալ հաւաքականութեան այլասերման: Ժամանակ մըն ալ կը տեւէ ծագման աղօտ զգացումը, ալպոմի մէջ գտնուող տժգուած լուսանկարի մը պէս:

Հարազատ հոգիները կը բանտարկուին: Եւ սեփական պատկանելիութեան նահանջը կը համարուի յառաջդիմութիւն: Առասպել, պատմութիւն, աւանդութիւններ կը դառնան իմաստազուրկ:

Սեփական մշակոյթի կորուստը ոմանց մօտ կը յառաջացնէ փոխարինման լուծումներ եւ ընտրանքներ, այդ կորուստը կը շպարուի եւ կը համարուի դասակարգային ազնուականութիւն, ժողովուրդէն վեր ըլլալու հակազգային ամբարտաւանութիւն: Իսկ ժողովուրդը ինքզինք կը գտնէ անորոշութեան եւ իմացական մշուշի մէջ: Եւ ապամշակութացումը կը շարունակէ իր երթը, արմատները կը կորսուին: Նոր մշակոյթի եւ նոր քաղաքակրթութեան ճնշման տակ հարազատ մշակոյթ չի ծնիր, քանի որ մշակոյթը սնուցանող աւիշ չի մնար: Ժողովուրդը հոգեպէս կը գաղութացուի:

Սեփական մշակոյթի պաշտպանութիւնը եւ անոր մէջ ապրելու կամքը ազնիւ քաղաքականութիւն է, բայց չի նշանակեր ուրիշ մշակոյթներու ստորադասում, անոնց նկատմամբ անտարբերութիւն կամ գերակայութեան հաստատում: Այս իմաստով ալ, ուրիշ մշակոյթներու եւ արժէքներու ծանօթացումը սեփականի ստորադասման պէտք չէ առաջնորդէ, այդ ստորակայութեան բարդոյթ է, ախտավարակ հոգիներու կողմէ կատարուած ուրացում: Այս հարցերը յստակութեամբ եւ պարզութեամբ պէտք է հրապարակել, զանգուածը լուսաբանել, հասնելով իւրաքանչիւրին իր յարկին տակ:

Այս ազգային հարազատն է, անկախաբար ամէն տեսակի վարդապետութիւններէ եւ տեսութիւններէ:

Այս հաստատումներէն ետք պատասխանատուութիւնները պէտք է ճշդել: Շարքային քաղաքացին, Հայաստան թէ սփիւռք, նոյնիսկ երբ անհատաբար կը փորձէ թումբ կանգնել ապամշակութացման դէմ, բախատաւոր պարագային կը հասնի անհատական-ջերմանոցային արդիւնքի, միաւորներ կը պահէ: Հարցը ժողովուրդի եւ ազգի ապամշակութացման կանխարգելումն է, ինչ որ պետութեան եւ եւ ամէն մակարդակի ղեկավարութեան անշրջանցելի պատասխանատուութիւնն է: Զանոնք պէտք է դատել-գնահատել այս մարզին մէջ իրենց յաջողութեամբ կամ ձախողութեամբ:

Հասարակ տեղիք է կրկնել, որ մշակոյթը եւ կրթութիւնը հաւաքականութեան նկարագիրը կը կերտեն: Այլ մշակոյթ(ներ)ի մը անարգել եւ չհաւասարակշռուած թափանցումը սեփական մշակոյթի մէջ, կը խաթարէ զայն, չի հարստացներ, զայն կը դարձնէ ժողովրդագրական (ֆոլքլոր) յիշատակ, որ կը ծառայէ զբօսաշրջիկներու զուարճացման:

Այսօր հայութիւնը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, տարբեր պատճառներով եւ տարբեր կացութիւններու մէջ, ենթակայ է մշակութային նախայարձակումներու, որոնց դէմ պէտք է պաշտպանուիլ, ոչ թէ անմիտ մեկուսացումով, այլ՝ սեփականի հետեւողական իւրացումով:

Այս իւրացումը կը կազմակերպուի, զայն առաջնորդող ղեկավարութեան ծրագրումով, մարդկային եւ նիւթական ներդրումներով, մերժելով բաժակաճառային յուզումները: Եւ գիտակից զանգուածները, ըստ կատարուած գործի, պէտք է վստահութիւն յայտնեն պետութեան եւ ներսի ու դուրսի ղեկավարութիւններուն:

Մշակոյթը Հայաստանի եւ սփիւռքի համար գոյապահպանման առանցք է: Ի միջի այլոց եւ տիրացուներ զուարճացնող աղմուկ չէ:

Այս ընելու համար, առաջին հերթին, մենք մեզի դէմ յաղթանակ պէտք է տանինք, որպէսզի հզօրանանք եւ իրաւունք նուաճենք:

Յամենայնդէպս՝ ոչ հարիւրեակ կուսակցութիւններով, ոչ ալ ապամշակութացման յառաջացուցած խորթացումներով:

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930