Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի խնդիր է. «Հայրենիք»

Ապրիլ 03,2021 10:56

Շաբաթասկիզբին, երբ հայ զինուորներու դիակներ (այո՛, դեռ փնտռտուքը կը շարունակուի դժբախտաբար) փոխադրող ինքնաշարժ մը կը քարկոծուէր Արցախի մէջ, երբ դեռ բազմաթիւ զինուորներ կը մնան գերի կամ անգտանելի, երբ գրեթէ ամենօրեայ յաճախակիութեամբ եկեղեցիներ, յուշակոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւններ հետեւողական եւ կազմակերպուած ձեւով կը քանդուին… Այս բոլորին դիմաց, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ու անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յանկարծ սքանչելի՜ «գիւտ» մը հրապարակ նետեցին, ըսելով, որ պէտք է վերանայումի ենթարկենք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները, քննարկենք թէ ուրկէ՞ կու գայ թշնամանքը: Հրապարակումները եղան, սովորականին նման՝ առանց հիմնաւորումներու եւ խոր վերլուծումներու:

Այսպէ՛ս է. քանի մը տարին մէյ մը, յանկարծ, հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին խօսակցութիւններ եւ յայտարարութիւններ տեղի կ՛ունենան՝ խուճապ ստեղծելով եւ վիճաբանութեան դուռ բանալով:

Շատ փորձեր կատարուած են այս կամ այն ղեկավարին կողմէ: Չենք մոռցած փրոթոքոլերուն գործընթացը, ճամբու քարտէսը, «ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ը…, որոնք միշտ ալ անաւարտ մնացին:

Սակայն այսօր եղածը իւրայատուկ է եւ աննախընթաց, որովհետեւ ձեռնարկողը դուրսէն չէ, ո՛չ ալ թշնամին է, այլ դժբախտաբար՝ ներսէն:

Հաւանաբար, բարի կամեցողութեան արտառոց տրամաբանութիւն մը ունի ներկայ իշխանաւորը, որ Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի համաձայնագիրով, արդէն իր ստորագրութիւնը դրած է նա՛եւ «համաթուրանական կամուրջ»-ին յատակագիծին տակ, խոստանալով Մեղրիի ճամբով Թուրքիան Ատրպէյճանին միացնելու միջանցք-նուէրը:

Կայ աւելի՛ն. Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւն խաղալու յայտարարութիւններն ու հաստատումները կատարուած են, ըստ երեւոյթին՝ առանց տեղեակ պահելու արտաքին գործոց նախարարը կամ նոյնիսկ ամենադոյզն կարծիքի փոխանակում ունենալու անոր հետ: «Ես կ’որոշեմ, ե՛ս կը գործադրեմ»ի՝ օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնակոխելու աղաղակող վարքագիծին նորագոյն արտայայտութիւնը, արդարեւ:
Նմանօրինակ դիրքորոշումներ, որոնք խոր մտահոգութիւններու պատճառ կը դառնան, ուղղակիօրէն կը հարուածեն մեր ազգային-պետական շահերը: Եթէ քիչ մը աւելի խորանանք, պարզ աչքերով կը տեսնենք իրականութիւն մը, ուր յստակօրէն կըստորադասուին ու կ’ոտնակոխուին թէ՛ պետական եւ թէ՛ ազգային շահերու հասկացութիւնները:

Ամէնէն վտանգաւո՞րը. «կարմիր գիծ» շրջանցելու եւ պատմութիւն ոտնակոխելու հարց ծագած է: Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը անվտանգութեան երաշխիքի խնդիր է:

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930