Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Տինքի սպանութեան խեղկատակ դատավարութիւնը՝ խեղկատակ վճիռով մըն ալ աւարտած է․ «Նոր Յառաջ»

Մարտ 28,2021 12:00

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր-խմբագրապետ Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով՝ Պոլսոյ Ծանր յանցանքներու դատարանի 14-րդ ատեանին մէջ Մարտ 26-ին տեղի ունեցած նիստին՝ ամբաստանեալներու վերջին խօսքերէն ետք դատական կազմը արձակած է վերջնական վճիռը։

Ըստ այդմ, դատական կազմը ձերբակալուած ամբաստանեալներ՝ Ապահովութեան նախկին տնօրէններ Ռամազան Աքեիւրեքը եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը՝ «ծրագրեալ եւ դիտաւորեալ սպանութեան» յանցանքով դատապարտած է ցկեանս բանտարկութեան: Բացի այս պատիժէն՝ Եըլմազեր «պաշտօնական փաստաթուղթի ոչնչացման» յանցանքով 4 տարի եւ 6 ամիս յաւելեալ բանտարկութեան, իսկ Աքեիւրեք՝ «պաշտօնական փաստաթուղթի ոչնչացման» յանցանքով 5 տարի եւ 7 ամիս ու 15 օր, եւ «պաշտօնական փաստաթուղթի կեղծում»-ի յանցանքով ալ՝ 7 տարի եւ 6 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած է։

Դատակազմը ձերբակալուած ամբաստանեալ նախկին սպայ Մուհարրեմ Տեմիրքալէն՝ «Սահմանադրութեան խախտում»-ի եւ «դիտաւորեալ կերպով սպանութեան օգնութեան» յանցանքներով կրկնակի ցկեանս բանտարկութեան դատապարտած է:

Ձերբակալուած ամբաստանեալներ՝ Օքան Շիմշէքի եւ Վեյսէլ Շահինի եւ դատական ​​վերահսկողութեան տակ գտնուող ու չձերբակալուած դատուող ամբաստանեալ՝ Տրապիզոնի զինուորական ոստիկանութեան նախկին պետ Ալի Էօզի դէմ՝ դատակազմը 25-ական տարի բանտարկութեան պատիժ սահմանած է «դիտաւորեալ սպանութեան» յանցանքով, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւրին դէմ՝ 3 տարի եւ 4 ամիս յաւելեալ բանտարկութիւն՝ «պաշտօնական փաստաթուղթի կեղծում»-ի յանցանքով։

Անպարտ արձակումներ եւ ժամանցելիութիւն

Չձերբակալուած դատուող ամբաստանեալներ՝ Հետախուզութեան Պոլսոյ գրասենեակի նախկին տնօրէն Ահմէթ Իլհան Կիւլէր եւ սպանութեան շրջանին՝ Հետախուզութեան Տրապիզոնի գրասենեակի տնօրէն Էնկին Տինչ, իրենց դէմ յարուցուած «սպանութեան առաջնորդող անփոյթ վերաբերում»-ի մեղադրանքէն՝ անպարտ արձակուած են, իսկ իրենց դէմ յարուցուած միւս՝ «հանրային պաշտօնի մէջ անփութութեան» մեղադրանքն ալ ժամանցելիութեան ենթարկուած ըլլալով՝ չեղեալ յայտարարուած է։ Նոյնպէս՝ չձերբակալուած դատուող ամբաստանեալներ՝ Հետախուզութեան նախկին պետ Սապրի Ուզունի եւ սպանութեան շրջանին՝ Պոլսոյ Ապահովութեան տնօրէն Ճելալէթթին Ճերրահի դէմ յարուցուած գործը փակուած համարուած է ժամանցելիութեան բերմամբ։

Դատակազմը որոշած է անջատել փախստական ամբաստանեալներ՝ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի եւ 12 ուրիշներու գործը, անոնց պաշտպանողականներու բացակայութեան պատճառով։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Նոր Յառաջ» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031