Աւելի քան շաբաթ մը առաջ, ետ ու առաջ քանի մը ոստոստումէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանկարծ յարմար նկատեց, որ Հայաստանի մէջ կարիքը կայ ընտրութիւններու․․․
Հարց կը ծագի. կանխահա՞ս, կանխայա՞յտ, թէ՞ … կանխամտածուա՞ծ:
«Աստուած գիտէ»՝ պիտի ըլլայ մինչեւ իսկ ամենէն անհաւատ հայորդիին պատասխանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ իրավիճակը այնքա՛ն մը լաբիւրինդոսային է, որ բացակայ է գլուխը՝ իր ամբողջութեամբ, եւ անշուշտ՝ անոր մէջ ենթադրաբար գոյութիւն ունեցող տրամաբանութիւնը, միտքը, խելքը․․․ Մէկ խօսքով՝ մարմինը կառավարող մասերը։ Այս պայմաններուն մէջ, մազի եւ սանտրի մասին խօսիլը կը նմանի ֆրանսացի առակագիր Լա Ֆոնթէնի մէկ առակին հետեւողութեամբ դրուագի մը, ուր թռչնազգիի մը պարտականութիւն կը տրուի ծովուն խորերը բնակիլ եւ հոն ալ իշխել։
Սովորական թափթփածութեամբ եւ «պլըֆ»-ով մը, վարչապետը արդէն իսկ ընտրարշաւ բացած է եւ շրջաններ այցելելով, կը փորձէ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թափօններով՝ ամբոխավարական ընթացքը շարունակել։շ
Վարչապետը մոռցած է (եւ կը կարծէ թէ մարդիկ ալ մոռցած են) չարաչար պարտութիւնը, որ հայութեան վիճակուեցաւ Արցախէն եւ մայր հայրենիքէն մինչեւ մօտակայ ու հեռաւոր գաղութներ։ Մաս առ մաս ի յայտ կու գան կորսուածներ, «մասնավճարով» կը հրատարակուին զոհերուն ցանկերը, իսկ շատեր դեռ կ՛երազեն, որ գէթ իրենց հարազատին անշունչ դիակը գտնուի։ Գերիները վերագտնելու յոյսերն ալ պատին կը զարնուին Ալիեւի կողմէ, որ կը յայտարարէ, թէ «բոլոր գերիները վերադարձուցած է Հայաստան, մնացողները գերի չեն, այլ խափանարարներ, ապօրինի կերպով ազերիական հողեր թափանցողներ…»: Պաշտօնական Երեւանը շատ չի սիրեր խօսիլ այս «փշոտ հարց»-ին մասին:
Արդեօք ժամանակը չէ՞, որ աշխարհի ամենէն երիտասարդ՝ անշունչ բնակչութիւն ունեցող Եռաբլուրին առիթ տրուի իր խօսքը ըսելու՝ քուէարկելով։
Կարդացեք նաև
Բայց ինչպէ՞ս խօսիլ ընտրութիւններու մասին, երբ կան նահատակներ ու չգտնուած աճիւններ, որոնք տակաւին չեն արժանացած անցնելու Եռաբլուրի «բնակիչներուն» շարքին…
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում