Հայաստանի լրատու աղբիւրները Հինգշաբթի, 25 Մարտին, «աւետիս» մը եւս տուին Արցախէն: Պի. Պի. Սի.-էն լրագրող մը Արցախ այցելած է եւ ստուգած՝ որ Մեխակաւանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին «անհետ կորսուած» է: Սա այն եկեղեցին է, որ Արցախի ծանօթ գօտիներուն գրաւումէն ետք, ուշադրութիւն գրաւած էր, երբ ազերի զինուոր մը անոր զանգակատան գագաթը բարձրացած էր ու քանդած՝ խաչը: (Անգլիացի լրագրողին բացայայտումներուն պատմութիւնը պէտք չունինք կրկնելու, թէ՝ ազերիները ինչպէ՛ս կը փորձեն ծածկել անծածկելի աւերումը):
Շաբաթներ առաջ, Շուշիի «Կանաչ եկեղեցի»-ին աւերման լուսանկարները տարածուած էին: Զուգահեռաբար, գերեզմաններու, եկեղեցիներու, յուշակոթողներու քանդումն ու պղծումը սովորական դարձած են, դատապարտանքի աւելի՛ ուժեղ արձագանգներ կը գտնեն միջազգային շրջանակներու մէջ, քան Հայաստանի պետական պատասխանատուներուն կողմէ: Արդար ըլլալու համար ընդունինք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, արցախցիք երբեմն դժգոհութիւն կը յայտնեն նման վարմունքի համար, սակայն սա կը կատարուի այնպիսի ոճով, որ կարծէք թէ խնդրոյ առարկան… հեռաւոր երկրի մը մէկ յուշակողոթը ըլլար:
Զարմանալի՞ է, որ ազերիները հիմնայատակ կը կործանեն Արցախի մեր կոթողներն ու մշակութային ժառանգութիւնները. չէ՞ որ անոնք նոյն ստորագրութիւնը դրած էին Նախիջեւանի սահմանին գտնուող խաչքարերու «անտառ»-ին տակ: Չէ՞ որ Ատրպէյճանի «մեծ եղբայրը»՝ Թուրքիա եւս հայութեան հետքերը կը բնաջնջէ մեզմէ գրաւած իր հողերու վրայ, չ’երկմտիր նաեւ հայկական հինաւուրց գերեզմանատուն մը անէացնել եւ առեւտրական շէնքեր կառուցել անոր տեղը: Իսկ մենք, հողն ու հայրենիքի մէկ անբաժանելի տարածքին ԱՄԲՈՂՋՈՒԹԻՒՆԸ անտեսելով՝ մենք մեզ կը մխիթարենք, որ ռուս խաղաղապահներու հսկողութեան տակ ուխտի կ’երթանք Դադիվանք, Ամարաս, վաղը թերեւս դէպի Շուշի ուխտագնացութիւն ալ կազմակերպուի եւ դասուի այսօրուան իշխանութիւններուն… նուաճումներուն շարքին:
Նոյնինքն վարչապետը, որ օր մը բարձրաղաղակ յայտարարած էր, որ «Արցախը Հայաստան է ու վերջ», 44-օրեայ պատերազմէն երկիրն ու ազգը պարտուած դուրս բերելէ ետք, յանցանքը, չքմեղանքի եւ ներողամտութեան արտայայտութիւններ ունեցաւ, այնունետեւ աչքերը փակ կը պահէ Հայաստանէն պատառիկներու խլման իրականութեան դիմաց, ներողութիւն խնդրելու փոխարէն, կը փորձէ հայութիւնը համոզել, որ Շուշին դժբախտ էր ու տժգոյն, կասկածի տակ կ’առնէ անոր հայկականութիւնը, վաղն ալ կրնայ նոյնը ընել… Սիւնիքի կամ սահմանային մէկ այլ գօտիին նկատմամբ: Հոս, արդէն զարմանքի վերջին նշոյլն ալ կը չքանայ:
Կարդացեք նաև
***
…Ամէնէն մեծ զարմանալին այն է, որ այս իշխանաւորին ու խմբակիցներուն անվիճելիօրէն վնասաբեր ընթացքին ի տես, կրնան գտնուիլ հայեր, որոնք կ’ուզեն Հայաստանի ու մեր ժողովուրդին ապագային մէջ անոր դեր մը վերապահել:
Պահ մը մոռնանք բոլոր այն անհատներն ու խմբաւորումները, որոնք վնասարար այս խմբակին անյապաղ հեռացումը կը պահանջեն, այլ հարցերը դիտենք իբրեւ հասարակ մահկանացու հայեր, որոնք քիչ թէ շատ պատմութիւն եւ աշխարհագրութիւն գիտեն, ունին ազգային գիտակցութիւն եւ արժանապատւութիւն: Զարմանալ որո՞ւն համար. անո՞նց՝ որոնք կը պահանջեն այս իշխանութեան հեռացումը, թէ անոնց՝ որոնք, հողային, մարդկային եւ տնտեսական, նիւթական ահաւոր կորուստներէ ետք, կը փորձեն կոյր ձեւանալ եւ հաւատարիմ են պատմական պարտութիւնը փաստագրողներուն, որովհետեւ ի՞նչ, «ժողովուրդը ընտրած է եւ մենք ժողովուրդին կամքը կը կատարենք»: Այս «հաւատարիմները» արդեօք պահ մը հարց կու տա՞ն իրենք իրենց, թէ արդեօք ժողովուրդը վարչապետին եւ փոքրաթիւ գործակիցներուն (ներառեալ Արցախի իր լծակիցներուն) լիազօրութիւն տուա՞ծ էր Արցախէն նա՛եւ չգրաւուած հողեր յանձնելու Ատրպէյճանին: Չե՞ն զարմանար իրենց կոյր հաւատարմութեան վրայ:
«Զարմանք» բառը յայտնապէս նոր սահմանումի կը կարօտի: Եթէ Պարոյր Սեւակը պահ մը գլուխը բարձրացնէր գերեզմանէն, հաւանաբար աւաղէր. «Ե՛կ, վարդապե՛տ, ու մի՛ խենթենայ»…
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում