Ընտրական հանրածանօթ խաղ մըն է ասիկա, որ ներկայիս կը խաղացուի — հերթական աղաւաղումներո՛վ — իշխանութեան դիրքերուն կառչած այս քաղաքագէտներուն կողմէ: Առաջին քայլ՝ հրապարակային շռնդալից ելո՛յթ՝ ընտրազանգուածի մէկ շերտին առջեւ պետական մեծ թմբկահարութեամբ: Երկրորդ քայլ՝ տեսագրութեան եւ քարոզաճառի հանգամանաւոր հրապարակո՛ւմ վարչապետի կայքէջին իսկ վրայ եւ այնպիսի «ձեւակերպուած» խօսոյթով, որ — վե՛րջ – Արագածոտնը անցաւ Փաշինեանի կողմը: Արագածոտնը գրաւուած է: Արագածոտնը անքակտելի մասն է այսուհետեւ Փաշինեանի «ժողովուրդ»ին:
Ժողովուրդ ջան, կ՛ըսէ ան բազմիցս, դուք էք որոշողը… Դուք էք, որ կ՛որոշէք եւ վարչապետն է, որ կը գործադրէ: Առաջ ալ դուք էիք որոշողը: Ըսել կ՛ուզեմ՝ պատերազմէ՛ն առաջ: Եւ քանի որ դուք էիք որոշողը, դուք էք նաեւ պատասխանատուն իշխանութեան կողմէ գործուած ամէն ձախաւերութեան: Ամէն սխալի: Ամէն պարտութեան եւ հայրենիքին սիրտէն պոկուած ամէն հողային զիջումի, զոր իշխանութիւնը փաթաթած է ձեր եւ երկրի վիզին… Վարչապետական «խոնարհամտութիւն»ը – որ կ՛արտայայտուի բազում լպրծուն կրկնութիւններով — իր յստակ եւ եղերական ենթատեքստը ունի Փաշինեանական փիլիսոփայութեան մէջ: Եւ ամէն երեւութական «առատաձեռնութիւն» իր կողմէ (բնականաբար) ունի իր սուղ գինը, վճարելի՝ ընտրողներուն կողմէ… Եւ երբեք չկասկածի՛լ, որ ամէն նման ապառիկ խոստում ունի իր կանխիկ փոխարժէքը, որ վարչապետական հռետորաբանութեամբ պարտադրուելու է Հայաստան երկրի անզօր քաղաքացիին…
Փաստը այն է, որ այս իմաստակութիւններու ետին մեծ տգիտութիւն մը կամ մեծ անպատասխանատւութիւն մըն է, որ կը փորձէ ծածկել վարչապետութեան այս թեկնածուն:
Այս ընտրական խառնապուրը պէտք է մերժուի վերջնականապէս: Ոչ Արագածոտնը եւ ոչ ուրիշ մարզ Հայաստանի մէջ պէտք է թոյլատրեն, որ Փաշինեան զիրենք գործածէ՝ որպէս իր շախմատային խաղատախտակը: Նոր Կտակարանի այս նորելուկ մեկնաբանը, որ նաւթի ու պղինձի մասին քառակուսի անմտութիւններ կ՛առաջարկէ Արագածոտնի հանրութեան, տեղ չի կրնար ունենալ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն ներս: ԱՆ ՊԷՏՔ Է ՄԵԿՆԻ ՄԻԱՆԳԱՄԸՆԴՄԻՇՏ: Ասիկա կուսակցական խնդիր չէ: Ասիկա ազգային լինելիութեան հրամայական է այս կէտին վրայ: Ան պէտք է դադրի մեր երկրի քաղաքականութեան կենսական դաշտը զբաղեցնելէ: Անոր գոյութիւնը իշխանութեան դիրքերուն վրայ ամէն օր աւելի անհակակշռելի կը դարձնէ հայ անկախ պետականութեան տարերային գահավէժը: Արթննա՛նք:
Կարդացեք նաև
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այսօրվա համարում: