Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Շինծու ջարդի մը հեքիաթը․ «Հայրենիք»

Մարտ 20,2021 10:38

Արցախի մէջ արձանագրած յաղթանակը ոչ մէկ խոչընդոտ ստեղծեց Պաքուի դիմաց, որպէսզի այս տարի եւս, սովորականին նման, փորձէ դարձեալ աղաւաղել պատմական անփոփոխելի իրականութիւնը եւ քարոզչական լծակները գործի լծելով՝ աշխարհին ներկայանայ անհիմն յանկերգի վերածուած իր երեւակայական եւ շինծու յերիւրանքներով՝ «Խոճալուի ջարդ»ի պատմութիւններով (Փետրուար 25-26, 1992-ին):

Պարզ իրականութիւնը այն է, որ այդ օրերուն, երբ հայրենի ուժեր Արցախը ազատագրելու ճակատամարտը կը մղէին, Խոճալուն դիտմամբ չէին պաշարած ամբողջութեամբ, որպէսզի անմեղ բնակչութիւնը կարենայ փախչիլ դէպի հիւսիս-արեւելք: Անոնք հաւատարիմ մնացած էին հայ ֆետայիներու դարաւոր աւանդութեան՝ կին ու մանուկին ձեռք չտալու ազնիւ վարմունքին: Հոն է որ պատահեցաւ անակնկալը, երբ վտանգաւոր դիրքերէ խոյս տուող մսխեթ բնակիչները սպանդի ենթարկուեցան ատրպէյճանական նահանջող զօրքին կողմէ։

Վատ արարքին դրդիչ եւ գրգռիչ պատճառները այն էր, որ Ատրպէյճանի օրուան նախագահ Այազ Մութալիպովի ընդդիմադիրները կ’ուզէին զինք տապալել, եւ ահա, նմանօրինակ ու անմարդկային սադրանք մը իբրեւ պատրուակ գործածեցին: Այլ խօսքով, իր ոխերիմ թշնամիին՝ Մութալիպովի դէմ պայքարելու եւ անոր իշխանութիւնը տապալելու նպատակով, Իլհամ Ալիեւի հայրը՝ Հայտարը, ծրագրած եւ գործադրած էր այդ սպանդը։ Զարմանալի՞ է, որ օսմանցի եւ իթթիհատական թուրքերուն ժառանգորդները իբրեւ հոգեհարազատ եղբայր ընդունող ազիրիները նման ծրագիր մշակէին եւ գործադրէին…

Օրին, նոյնինքն Մութալիպով, որ սկսած էր կորսնցնել երկրին ղեկը, կը խոստովանէր, թէ այդ անմեղ մսխեթները քաւութեան նոխազ եղած էին…
Հայր Ալիեւ երկու թռչուն մէկ քարով կը զարնէր. քաղաքական կէտեր կը շահէր Մութալիպովի դէմ, միաժամանակ կը փորձէր ողջ աշխարհին ցոյց տալ, թէ հայ մարտիկներն էին ոճրային արարքը կատարողը:

Պաքուի այսօրուան վարիչը, աւելի քան երկու տասնեակ տարիէ ի վեր, յատուկ յանձնախումբ մը գործի լծած է՝ «ծախելու» համար այս շինծու ապրանքը՝ «Խոճալուի ջարդ»-ը։ Ալիեւներուն ձեռքբերումներէն եղաւ այն, որ Թուրքիա, Փաքիստան, Սուտան, Ճիպութի եւ նոյնիսկ Պոսնիա, «կրօնական ջարդ»-ի գործօնը գործածելով՝ իրենց արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ յարաբերական մարմիններու ճամբով, պաշտօնապէս ընդունեցին այս (չ)եղելութիւնը եւ քննադատեցին Հայաստանը։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը գումարներ մսխեց այլ համակիրներ եւս ներգրաւելու համար. անոնց կարգին էին Հունգարիա, Չեխիա եւ ծովերէն ու ովկիանոսէն անդին գտնուող Մեքսիքան, Հոնտուրասը, Կուաթեմալան, Քոլոմպիան եւ Փարակուայը։ Հայկական դիւանագիտութիւնը չհակազդեց հարկաւոր ուժգնութեամբ:

Յատուկ աշխատանք կը տարուի նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին. 2010-էն ի վեր, զանազան նահանգներու մէջ յիշատակուած է «Խոճալուի ջարդ»ը: Յիշատակողներուն շարքին են Թեքսասը, Ճորճիան, Նիւ Մեքսիքօն, Միսիսիփին, Արքանսասը, Օքլահոման, Ինտիանան, Նեպրասքան, Այտահօն, Եութան, Հաուաին եւ, մինչեւ իսկ համեմատաբար աւելի հայահոծ՝ Նիւ Ճըրզին, Մասաչուսէցը եւ անոր մօտակայ Քանեքթիքըթն ու Մէյնը։
Այս տարի, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան քարոզչական մեքենան, գործելաձեւը փոխելով, փոխանակ նահանգներու

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031