Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բանաւոր կամ չհրապարակուած համաձայնութիւն մը գոյութիւն կրնայ ունենալ Զանգեզուրեան միջանցքին վերաբերեալ․ «Հայրենիք»

Մարտ 13,2021 09:51

Եթէ երեւանեան իրականութիւնը կը յատկանշուի վտանգաւոր զարգացումներու իրավիճակներով, թուրքեւատրպէյճանական ճակատին վրայ ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած է քաղաքական նպատակակէտերու վրայ։

Զանգեզուրեան միջանցք, Թուրքիայէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա՝ համաթրքական մէկ ու միացեալ ճակատի ստեղծման նպատակով դիւանագիտական աշխուժութիւն, միջին արեւելեան քաղաքականութեան մէջ կեդրոնական դերակատարութեան ապահովում, հարաւային կովկասեան եւ շրջանային մակարդակներով քաղաքական – տնտեսական – առեւտրական յանձնառութիւններու ստանձնում, միջազգային ռազմաքաղաքական իրադրութիւններուն մէջ ալ՝ Թուրքիոյ դերին ու դիրքին վերաիմաստաւորում։

Նախ քանի մը նշումներ՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հարաւային կովկասեան եւ յատկապէս լեռնային ղարաբաղեան քաղաքականութեան մասին, ուր հիմնական առանցքը «Զանգեզուրեան Միջանցք»ի մը ստեղծման վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի շարունակական պնդումներն են, թէ Հայաստանի Մեղրիով անցնող միջանցքը Նախիջեւանը պիտի կապէ Ատրպէյճանի։ Այլ խօսքով՝Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ցամաքային կապը պիտի ըլլայ։ Թէ Ալիեւի այս պնդումը որքանով ճշմարտութեան կը համապատասխանէ, յստակ տուեալներ չկան։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կտրականապէս կը հերքէ, որ միջանցքի մասին խօսք կամ ակնարկութիւն կայ ինը նոյեմբերի եւ տասնմէկ յունուարի յայտարարութիւններուն մէջ։ Ակնարկութիւնը ցամաքային կապի ուղիներու մասին է, որ ոչ մէկ կերպով կարելի է «միջանցք» համարել, որովհետեւ միջանցք եւ մայրուղի տարբեր հասկացողութիւններ են՝ իրենց օրէնքներով եւ տնտեսաքաղաքական բովանդակութեամբ։

Ալիեւ սակայն առիթ չի փախցներ՝ յայտարարելու, որ «Զանգեզուրեան միջանցք» պիտի ստեղծուի։ Ատրպէյճանի, Թուրքիոյ, Ուզպեքիստանի, Թուրքմենիստանի եւ Խըրխըզիստանի նախագահներուն մասնակցութեամբ կայացած՝ Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան վեհաժողովին ընթացքին եւս Ալիեւ յայտարարեց, որ հայկական Զանգեզուրը «ատրպէյճանական պատմական տարածք» է, ուր պիտի ստեղծուի «Զանգեզուրեան միջանցք»ը՝ Թուրքիան, Նախիջեւանը եւ Ատրպէյճանը իրարու կապելով։

Այս հարցով ուշագրաւ է Մոսկուայի քար լռութիւնը, ինչ որ ենթադրել կու տայ, որ բանաւոր կամ չհրապարակուած համաձայնութիւն մը գոյութիւն կրնայ ունենալ այս միջանցքին վերաբերեալ, որովհետեւ այս իմաստով նախընթաց գոյութիւն ունի։ Սիւնիքի սահմանագծման մասին ոչ մէկ խօսք կար եռակողմ յայտարարութեան մէջ, բայց աւելի ուշ փորձագէտներ ապացուցեցին, որ գոյութիւն ունի Սիւնիքի սահմանագծման մասին վեց կէտերէ բաղկացած փաստաթուղթ մը։

 

Ա.Ա.

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031