Հայաստանի ներքին քաղաքական քաոսային վիճակը մոռցնել տուած է շատ մը առաջնահերթ հարցեր, որոնցմէ մէկն է հայ գերիներու թղթածրարը:
Այսօր, աւելի քան երկու հարիւր հայ զինուորներու եւ քաղաքացիներու ճակատագիրը անորոշ է: Անոնք տակաւին պատանդ կը պահուին, իսկ թէ ի՞նչ պայմաններու տակ՝ ո՛չ մէկ ստոյգ լուր, կամ չափազանց քիչ հաւաստի տեղեկութիւն կարելի եղած է քաղել, թէ՛ անոնց նկատմամբ վերաբերմունքին եւ թէ՛ առողջական վիճակին մասին:
Ամէնէն հեգնականն ու ողբերգականն ալ այն է, որ Ատրպէյճան կը յոխորտայ, թէ ինք բոլոր հայ գերիները յանձնած է, իսկ իր ձեռքին մնացողները խռովարար ահաբեկիչներ են, ապօրինի կերպով սահմանը անցածներ, որոնք պատերազմական գերի չեն սեպուիր: Երեւանի իշխանութիւնը այս բոլորին դիմաց կը պահէ «սրբազան» լռութիւն եւ պարտուածի ստրկամտութիւն:
Տեղին է շեշտել, որ Մարդկային Իրաւանց Դէտ կազմակերպութիւնը Դեկտեմբեր 2020-ին հաստատած էր, թէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը ֆիզիքական խոշտանգումներու եւ նուաստացման ենթարկած են հայ ռազմագերիները: Ոտնակոխուած են գերի հասկացութիւնն ու միջազգային օրէնքներու տրամադրութիւնները: Գործադրուած են չարչարանք, սպանութիւն, գլխատում՝ առանց որեւէ դատավարութիւն կատարելու: Այս բոլորը ցուցադրող եւ վաւերագրող տեսերիզներ հրապարակուած էին, յաւելեալ ահազանգ հնչեցնելու համար:
Կարդացեք նաև
Այս ահաւոր արհաւիրքէն դուրս գալու համար, Հայ Դատի յանձնախումբը անաչառօրէն գործեց եւ հայկական համախմբումի ղեկավարներուն հետ հրատարակեց ի նպաստ հայ գերիներու ազատ արձակման բանաձեւ մը, եւ կոչ յղեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին, որ շուտափոյթ կապ հաստատէ Պաքուի հետ, որպէսզի ամէն գնով յարգէ գերիները ազատ արձակելու՝ Ժընեւի համաձայնութեամբ սահմանուած պարտաւորութիւնները:
…Գերիներու հարցին լուծման համար, իրենցմէ սպասուած աշխատանքը մէկդի թողած՝ «Իմ Քայլ»-ականներ Երեւանի մէջ կը շարունակեն այլ վտանգաւոր եւ վնասաբեր քայլեր առնել, իրենց ղեկավարին՝ վարչապետ Փաշինեանի հլու կամակատարը մնալով եւ երկիրը աւելի եւս իջեցնելով անդունդին խորերը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում