Գանատայի խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Ֆայսալ էլ Խուրի խորհրդարանի Մարտ 10-ի նիստի րնթացքին ելոյթ ունենալով ոգեկոկեց Սումկայիթի հայոց ջարդը, հաստատելով, որ այդ յանցագործութիւնը կազմակերպուած էր ատրպէյճանական ազգայնամոլներու կողմէ։
Ան կոչ ուղղեց Գանատայի կառավարութեան զօրավիգ կանգնելու Հայաստանին եւ աջակցելու հայ ժողովուրդին։
Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը։