Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Կ՛ակնկալէինք, որ Բիւրոն աշխարհատարած մեր կառոյցները գործի լծէ մեր հայրենիքին նեցուկ կանգնելու նպատակին. Յայտարարութիւն՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի

Մարտ 11,2021 12:55

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ափսոսանքով ծանօթացաւ ՀՅԴ Բիւրոյի կողմէ մեր կազմակերպական կեանքի մանրամասնութիւններու աննախընթաց հրապարակումին, եւ անոր վերաբերող մոլորեցնող անճշդութիւններու արձանագրութեան: Ի տես մեր ազգին դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրներուն, մենք կ՛ակնկալէինք, որ Բիւրոն աշխարհատարած մեր կառոյցները գործի լծէ մեր հայրենիքին նեցուկ կանգնելու նպատակին, սակայն անիկա ընտրած է ներքին ճեղքեր բանալու ուղին, հարուած մը հասցնելով մեր կուսակցութեան կայունութեան։

Մեր կազմակերպական ներքին տարակարծութիւնները վերահսկողութենէ դուրս բերելու յաջորդական քայլերը, որքան ալ անհասկնալի եւ անընդունելի, օղակներ ըլլան վերջին տարիներու այն արշաւին, որ նպատակ ունի ճնշել Արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցականներու ազատ արտայայտութիւնը, ու կը միտի պատժել Շրջանը իր այն կեցուածքներուն համար, որոնք ներքին կարգով եւ ժողովներու ընթացքին, միշտ ալ գերադասած են պահպանել Դաշնակցութիւնը՝ իբրեւ ինքնուրոյն, արտաքին ազդեցութիւններէ անկախ եւ ազգային-գաղափարական դիմագիծով ուժ:

Մեր կազմակերպական շրջանին հասցուող վերջին եւ հերթական հարուածը եկաւ, երբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէութիւնը կը պատրաստուէր գումարելու իր 55րդ Շրջանային ժողովը, որ ի շարս այլ քննարկումներու նաեւ պիտի ընտրէր զինք ղեկավարող Կեդրոնական կոմիտէ:

Մեզի համար անհասկնալի, եւ կանոնագրային հասկացողութիւններու մէջ չտեղաւորուող քայլով մը, ՀՅԴ Բիւրոն կասեցուց ժողովը եւ նշանակեց Կեդրոնական կոմիտէ, այսպիսով խախտելով շարքայիններուն՝ ընտրելու իրաւունքը ու ոտնակոխելով ժողովրդավարութեան հիմնական արժէքը, որուն կրողը եղած է ու պէտք է ըլլայ Դաշնակցութիւնը: Այս իսկ պատճառով եւ ի հեճուկս Բիւրոյի՝ արգելակելու փորձերուն, եւ այլ ելք չգտնելով, Շրջանի կազմակերպական միաւորներու պատգամաւորները կազմակերպական կարգ ու կանոնը յարգելով, գումարուեցին Շրջանային ժողով, եւ ընտրեցին կեդրոնական կոմիտէ: Այս քայլը կը վայելէ ոչ միայն ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի, այլ նաեւ նման քայլերու թիրախ դարձած այլ շրջաններու դաշնակցականներու լայն զանգուածին աջակցութիւնը։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը եղած է դաշնակցական ընտանիքի ամէնէն կենսունակ շրջաններէն մէկը, ազգային արժէքներու իր անզիջող կեցուածքով, համայնքային եւ համազգային իր ծառայութիւններով, որոնց վկան է համայն հայութիւնը, նաեւ մասնաւորապէս մեր համայնքի լայն խաւը: Նոյնինքն տասնամեակներով այդ ծառայութեան լծուած ղեկավարներուն կ՛ակնարկէ Բիւրոն իր յերիւրածոյ յայտարարութեանց մէջ, երբ զանոնք «խմբակ» կ՛որակէ, աժան նուաստացումներով վիրաւորելով նաեւ մեր շրջանի շարքայիններն ու համակիրները, որոնց վստահութիւնն ու յարգանքը վայելած են սեւացման ենթարկուող նշեալ ընկերները:

ՀՅԴ Բիւրոն ընտրած է անընդունելի եւ մեր կողմէ մերժուած կարգապահական տնօրինումներու ճամբով իր կամքը պարտադրել շարքայիններուն վրայ։ Յստակ է, որ ներկայ ղեկավարութիւնը կը նախընտրէ սպառնալիքի եւ բռնադատելու ընտրանքը, անտեսելով երկխօսութիւնն ու բանավէճը։

Հակառակ այս բոլորին, օրինական կարգով ընտրուած Կեդրոնական կոմիտէն մինչեւ վերջին օրերս համագործակցութեան իր լայնախոհութիւնը ցուցաբերեց այս անյարմար վիճակէն դուրս գալու համար, սակայն ափսոսանքով անակնկալի եկաւ՝ տեսնելով սրումի տանող վերոնշեալ ցաւալի յայտարարութիւնը:

Պարտաւոր կը զգանք հաստատելու, թէ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական նոմիտէն՝ իբրեւ օրինական շարունակութիւնը մեր կազմակերպական կարգին, բնական եւ միակ երաշխաւորն է իր ինչքերուն, ինչպէս նաեւ զօրակցողը բոլոր այն ոչ-շահաբեր կառոյցներուն, որոնք կը գործեն միմիայն տեղական օրէնքներուն համապատասխան եւ որոնք համայնքին ու հայրենիքին կը տրամադրեն անվերապահ ծառայութիւն։

Ուստի, անհեթեթ, քանդիչ եւ խիստ դատապարտելի կը գտնենք Բիւրոյի այն յերիւրանքները, ըստ որոնց իբր թէ կալուածներ ու հաշիւներ «զաւթուած» են, որովհետեւ բոլոր ոչ-շահութաբեր հասարակական կազմակերպութիւնները, որոնք կը գործեն այս համայնքէն ներս, ամէն բանէ առաջ կը վերահսկուին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային եւ Քալիֆորնիոյ օրէնքներուն ներքոյ: Անոնց հաշիւները կը տնօրինուին անկախ հաշուապահական հաստատութիւններու կողմէ, որոնք հերթական քննութիւններ կատարելով, անոնց արդիւնքները կը հաղորդեն Ներքին եկամուտի սպասարկութեան (IRS), երկրին օրէնքներուն համաձայն ։ Այս բոլորը գրեթէ անկարելի կը դարձնեն, որ որեւէ անհատ կամ խմբակ «զաւթէ» որեւէ գումար կամ հիմնարկ։ Վստահ ենք եւ կ՛ակնկալենք, որ կուսակցութեան բոլոր շրջաններուն մէջ թափանցիկութեան այս սկզբունքները կը յարգուին։

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի պատմութեան այս հանգրուանին, անհրաժեշտ կը գտնենք անգամ մը եւս արժեւորելու եւ հաստատելու Դաշնակցութեան կազմակերպական ու բարոյական նկարագիրը։ Աւելի քան 130 տարուան կեանքի իր պատմական հոլովոյթին մէջ, Դաշնակցութիւնը բնական հետեւողութեամբ իւրացուցած է ապակեդրոնացման գործելաձեւը ու համարկած է այդ գործելաձեւը կազմակերպական իր դիմագիծին հետ, այդ դիմագիծը բնորոշող գաղափարական հիմնական արժէքներուն հետ, ինչպէս՝ ժողովրդավարութիւն, ընկերվարութիւն, յեղափոխութիւն ու հայրենասիրութիւն, որոնք իւրայատուկ նկարագիր եւ արժէք տուած են Դաշնակցութեան։ Հետեւաբար, կազմակերպական մեր նկարագիրի անխուսափելի տուեալներէն է ապակեդրոնացման սկզբունքը, որ մեր գործունէութեան հիմնական գրաւականը եղած է։ ՀՅԴ Կանոնագիրի առաջին էջերէն իսկ կը հաստատուի անոր կազմակերպական ապակեդրոնացումի եւ գաղափարական-բարոյական կեդրոնացումի զուգընթաց կարեւորութիւնը: Անոնք եղած են ցարդ եւ կը մնան մեր կուսակցական կառոյցի եւ գործելակերպի հիմնական սկզբունքները:

Կեդրոնական կոմիտէս կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր ընկերներուն, աշխարհացրիւ դաշնակցականներուն, եւ մեր ազգանուէր հայրենակիցներուն, միասնաբար բարձր պահելու Դաշնակցութեան բարոյական արժէքները, կազմակերպական նկարագիրը, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան եզակի դերակատարութիւնը, զոր ունեցած է եւ պիտի շարունակէ ունենալ յանուն ազգի եւ հայրենիքի:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (3)

Պատասխանել

  1. հայկ համբարձումեան says:

    դաշնակ(ցական)ներ, մեր արդէն հոգսերով ծանրաբեռնուած գլուխները հանգիստ ձգեցէք։ ոչ մէկը հետաքրքուած չէ ձեր ներքին ըսի ըսաւներով, այդքան մեծամիտ մի ըլլաք։

  2. հայկ համբարձումեան says:

    դաշնակներ, մեր արդէն հոգսերով ծանրաբեռնուած գլուխները հանգիստ ձգեցէք։ ոչ մէկը հետաքրքուած չէ ձեր ներքին ըսի ըսաւներով, քիչ մը համեստութիւն ունեցէք։

  3. Մաքրուհի Մաթոսեան says:

    Աս ամէնուն մէջ դուք պակաս էիք…

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031