Ամէն անգամ որ կը մտաբերեմ վարչապետին յաճախ կրկնած «Հայաստանի հպարտ քաղաքացիներ» կոչը, վրաս դող մը կու գայ, մասնաւորաբար այս օրերուն, ուր հպարտանալիք բան չէ մնացեր գրեթէ: Հայաստանի քաղաքացին ինչո՞վ պիտի հպարտանայ, արցախեան պատերազմի ամօթի խարանո՞վ, բազմահազար զոհուած , վիրաւոր ու հաշմանդամ զինուորներո՞վ, անոց սգաւոր մայրերո՞վ, հայրերո՞վ, հարսերո՞վ, քոյրերո՞վ, ինչո՞վ: Թշնամիին յանձնուած տարածքներո՞վ, կորսուած Շուշիո՞վ:
Եթէ պիտի հպարտանար ընդհանուր մաքրագործումով՝ չարաշահողներուն եւ իրենց պաշտօնը շահագործողներուն օրէնքի ուժով դատապարտելուն, ժամանակի ընթացքին տեսաւ, որ եղածը այդքան ալ լուրջ բան չէ, քիչ մըն ալ սեփական հաշուեյարդարի նման է, քանի շօշափելի արդիւնք չտեսաւ: Գողցուած միլիառներէն ի՞նչ կարելի եղաւ վերադարձնել պետական գանձարան:
Երկրին միջազգային պարտքերը երկու տարուան մէջ աւելցած են երկու միլիառ տոլարով, ասո՞ր համար պիտի հպարտանայ ժողովուրդը:
Մէկ խօսքով՝ չորրորդ իշխանութիւնը լաւ բաներով սկսաւ, սակայն վատ ընթացք ունեցաւ:
Կարդացեք նաև
Հպարտանալիք բան չմնաց: Հպարտ բառը գլխատուեցաւ, ինկաւ անոր առաջին տառը՝ «Հ»-ն ու մնաց «պարտ»ը: «Պարտ»ը պարտ-ութիւն է, նախօրօք իմացեալ իշխանութեան կողմէ, բայց ոչ-իմացեալ զինուորներուն կողմէ: Պարտ-ք մըն է, եւ Պարտ-ա-մուրհակ, որ իշխանութիւնը վերադարձնելու է պարտ-ա-տիրոջ` ժողովուրդին: Պարտ-ազանցութիւն է ու պարտ-ա-պանաց խաբէութիւն, որուն զոհը դարձաւ ժողովուրդը, երբ ամէն օր լսեց փքացուած յաղթանակի անճիշտ տեղեկանք՝ գրոհող թշնամին շպրտելու, անոր զինուժը քանդելու եւ ոչնչացնելու մասին:
Այս բոլորին պատասխանատուները ան-պարտ մնալու չեն. Օտար ազդեցութիւններն ու միջամտող կողմերը պարտ-ա-դիր ամբաստանուելու եւ պատժուելու են:
Յակոբ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» շաբաթաթերթի այս համարում: