Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Հայաստան դեռ լրիւ կերպով չէ ըմբռնած հայկական սփիւռքի ռազմավարական նշանակութիւնը եւ ուժը․ «Հայրենիք»

Փետրվար 27,2021 10:49

Հայաստան ելքը անորոշ խռովայոյզ օրեր կ’ապրի: Անզօրութեամբ կը հետեւիմ, կը հետեւինք, երէկի, այսօրուան եւ վաղուան մասին մտածելու իրաւունքով:

Ազգի համրանքի աւելի քան կէսը, որ պարտադրուած է ապրիլ հայրենիքէ դուրս, բնորոշուած է Սփիւռք եզրով: Այդքա՛ն: Կարծէք ազգի եւ հայրենիքի ճակատագրի տնօրինման մէջ Սփիւռքի դերը սահմանափակուած է բարեսիրութեամբ եւ զբօսաշրջութեամբ, չանհանգստացնող դեր՝ Հայաստանի ղեկավարութիւններուն համար, խիղճ հանդարտեցնող դեր՝ սփիւռքներու քաղքենիացած մեծամասնութեան համար:

Այսինքն, ազգի եւ հայրենիքի գոյապահպանական ռազմավարութիւնը, որոշումները եւ ծրագրումները, ընդունուած կարգով, վերապահուած են ազգի հայրենաբնակ հատուածին: Այսինքն չենք յաջողած, կամ չենք ուզած, կամ չեն ուզած, որ ըլլանք տասնըհինգ միլիոնի ազգ:

Հայաստան-սփիւռք խորհրդաժողովները եւ կապերը այս խնդիրը օրակարգ չդարձուցին, եթէ յիշեցումներ անգամ եղան, անոնք շրջանցուեցան, կամ ժպիտով դիմաւորուեցան:

Անցեալին սփիւռք յղացքով աշխարհ կ’ըմբռնէր հրէականը: 1965ին ֆրանսական Larousse բառարանը սփիւռք (diaspora) յղացքով կը բնորոշէր Պաղեստինէն դուրս ապրող հրեայ համայնքները: 1992-ին, նոյն բառարանը արդէն բառը յոգնակիի վերածած էր եւ կը խօսէր սփիւռքներու մասին, ազգութիւններու եւ համայնքներու հատուածներ, որոնք այս կամ այն պատճառով ցրուած կ’ապրին:

Վերջին հարիւրամեակի ճարտարագիտական պայմաններու փոփոխութիւնը եւ ընդհանրացումը, կարեւոր դեր ունեցած են սփիւռքներու կազմաւորման մէջ: Անցեալին ուրիշ երկիր մը հաստատուած գաղթողը իր հայրենիքին եւ հոն մնացած ազգակիցներուն հետ կապ պահելու դժուարութիւն ունէր, կապերը կը խզուէին: Կը մնային կրօնը, տօները, ժամանակ մըն ալ՝ լեզուն: Ձուլումը անխուսափելի կ’ըլլար, անոնք կը համարկուէին հիւրընկալ երկրին եւ ժողովուրդին:

Հաղորդակցական միջոցներու զարգացումը, արագացումը եւ մատչելիութիւնը նախ գաղթածներու միջեւ կապերու հաստատումը դիւրացուցին, եւ ապա՝ մայր երկրին հետ: Այսօր, սփիւռքի հայը տեւաբար տեղեակ է, կրնայ ըլլալ, Հայաստանի կեանքէն, ստանալ քաղաքական եւ մշակութային սնունդ, հետեւաբար նուազ ենթակայ կ’ըլլայ շրջապատի կլանող կեանքին: Սփիւռքները, եւ անոնք բազմաթիւ են, իրենց հայրենիքներուն համար դարձած են քաղաքական եւ տնտեսական օժանդակ ուժեր: Կը պահեն մայր երկրին հետ կապեր, նոր աշխարհներու մէջ կը պահեն իրենց աւանդական սովորութիւնները, աւանդութիւնները, մշակոյթը: Մեզի ծանօթ է հայկականը, բայց այս պայմաններուն մէջ առանձին չենք:

Սովորաբար կը խօսուի հրեական սփիւռքի քաղաքական եւ տնտեսական ուժի Իսրայէլի ի նպաստ ներդրման մասին: Բոլոր սփիւռքները այդ դերը կը կատարեն տարբեր համեմատութիւններով: Մայր երկրին համար, անոնք քաղաքական ազդակ են, անոնց ուժը կախում ունի իրենց համրանքէն, նոր հայրենիքին մէջ ունեցած յաջողութենէն, դիրքէն, անհատական գիտական, մշակութային եւ տնտեսական պատրաստութենէն: Զանազան պատճառներով նոր երկիր հասնողները այլեւս գաղթականներ չեն, քաղաքական ազդեցութիւն ունին՝ ըստ իրենց կազմակերպուածութեան:

Կարգ մը պարագաներու, իրենց մայր երկրին համար անոնք կրնան ունենալ ռազմավարական դեր:

Հայաստան դեռ լրիւ կերպով չէ ըմբռնած հայկական սփիւռքի ռազմավարական նշանակութիւնը եւ ուժը, զայն սահմանափակած է սոսկ նիւթական-դրամական-բարեսիրական ոլորտի մէջ: Մայր երկրին հետ կապ պահելու ձեւ, թէեւ անբաւարար՝ ազգի անդամ եւ անոր ճակատագրին մէջ գտնուելու գիտակցութեան համար: Արտագնայ աշխատանքի գացածներ առանձին պարագայ են, անոնք կ’օգնեն իրենց ընտանիքին, եւ այդ ձեւով ալ կը նպաստեն մայր երկրի տնտեսութեան:

 

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2021
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728