Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ Հինգշաբթի, 25 Փետրուարին արձանագրուեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը, որ աննախընթաց է ո՛չ միայն 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրէն ասդին, այլ նաեւ նոյնինքն վերանկախացած մեր հայրենիքի պատմութեան մէջ: Բանակի սպայակոյտը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը միացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժումին, միաժամանակ իշխանութիւնը զգուշացնելով դիմելէ վտանգաւոր քայլերու: Բանակին քայլը առ նուազն երեք ամիս ուշացած է, բայց «աւելի լաւ է ուշ, քան երբեք»:
Բարձրաստիճան զինուորականներու՝ սպայակոյտի պետին ու անդամներու ստորագրութեամբ լոյս տեսած պահանջը նոր տարածք կու տայ ժողովրդային այն շարժումին, որ պայթեցաւ 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրին դէմ, 10 Նոյեմբերին: Վարչապետը բանակայիններու յայտարարութեան մէջ տեսաւ յեղաշրջումի փորձ, զգուշացուց բանակը, որ չմտնէ քաղաքական դաշտ, հնչեցուց իմաստազրկուած այն յանկերգը, թէ «զինք իշխանութեան հասցնողը ժողովուրդն է, միայն ժողովուրդը իրաւունք ունի զինք հեռացնելու», ապա նաեւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի սեղանին դրաւ բանակի հրամանատարին պաշտօնազրկման հրամանագիրը, որուն ճակատագիրը պէտք է վճռուի մինչեւ 3 օր: Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս կը կանգնի ճշմարտութեան պատին առջեւ…
Նորագոյն զարգացումը աստիճան մը աւելի՛ բացայայտ դարձուց իրականութենէն կտրուած ըլլալու իշխանութեան պետին ու գործակիցներուն կացութիւնը: (Լրատու կարգ մը աղբիւրներէ սփռուած տեսաերիզներ ցոյց տուին «իմքայլական»ներու՝ շփոթի ու ահազանգի մատնուած ըլլալը):
Փաստօրէն, անոնք չեն ուզեր ժողովրդային պահանջ տեսնել այն կոչերուն մէջ, որոնք ահա ամիսներէ ի վեր իրարու կը յաջորդեն ամէն օր, սկսելով երկու կաթողիկոսներէն, հանրապետութեան նախագահէն, անցնելով բազում կուսակցութիւններէ (ներառեալ խորհրդարանական երկու ընդդիմադիրներէն – ուրիշը չկայ), կազմակերպութիւններէ, մտաւորականներէ, դասախօսներէ, ուսանողներէ, իրաւաբաններէ, նախկին զինուորականներէ, պետական կառոյցներու մէջ ծառայողներէ եւ այլ արհեստավարժներէ, հասնելու համար ժողովրդային լայն զանգուածներու, ներառեալ բանակայիններու եւ գերի մնացողներու ծնողներ: Արդեօք այս բոլորը ժողովուրդ չե՞ն, դաժան իրականութիւնները տեսնողներ չե՞ն, որոնց ահաւասիկ կը միանայ նաեւ բանակի հրամանատարութիւնը, նմանապէս իբրեւ մէկ մասնիկը ԺՈՂՈՒՈՒՐԴին:
Կարդացեք նաև
Ճիշդ է, վարչապետին կողքին Հինգշաբթի օր հրապարակի վրայ էին բազմահազար համակիրներ, որոնց առջեւ Փաշինեան յայտարարեց, թէ թաւիշը վերջ պիտի գտնէ. սա դուռ բացաւ հակասական մեկնաբանութիւններու. ոմանք այդ յայտարարութեան մէջ տեսան… ժողովուրդի խմբաւորումներուն միջեւ բախումներու նոր ազդանշան մը, ուրիշներ նկատեցին, որ Փաշինեան, յեղաշրջումի փորձի ակնարկութեամբ՝ կը չափազանցէ դարձեալ, որովհետեւ եթէ բանակը յեղաշրջում պիտի կատարէր, նման յայտարարութեան կ’ընկերացնէր համապատասխան գործնական քայլեր: (Չենք ուզեր այստեղ ցանկագրել բոլոր մեկնաբանութիւնները):
Մէկ բան յստակ է, պէտք է յստակ ըլլայ հակադիր երկու հոսանքներուն. երկիրը ՊԷՏՔ Է ԶԵՐԾ ՊԱՀՈՒԻ ՆԵՐՔԻՆ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԷ (Մարտը կը մօտենայ…): Բանակին զգուշացման կոչը առաւելաբար ուղղուած է իշխանական կողմին, որուն մէկ բանբերը քանի մը օր առաջ սպառնալիք ուղղեց «պետական հաստատութիւնները կրակելով պաշտպանելու», մինչդեռ աւելի քան 3 ամիսէ ի վեր բացայայտ է, որ ընդդիմադիր ճակատը որոշած է ԽԱՂԱՂ ՄԻՋՈՑՆԵՐՈՎ հետապնդել վարչապետին ու իր ձախողած խմբակին հեռացումը, իշխանափոխութեան իրականացումը, հակառակ պետութեան կամքին ենթակայ ուժական կառոյցներու գործադրած բռնարարքներուն: (Մարդիկ հաւանաբար չեն մոռցած նոյնինքն Փաշինեանի այն սպառնալիքը, որ արձակուեցաւ պատերազմի դադրեցումէն քանի մը օր ետք, երբ սահմանները պաշտպանողները հրաւիրեց Երեւան գալու եւ դաս տալու իր ձախաւերութիւնները դատապարտող ցուցարարներուն):
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում