Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութեան 16-րդ տարելիցին առիթով, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, Կիրակի 14 Փետրուար 2021-ի առաւօտուն, յարգանքի տուրք մատուցեցին այցելելով նահատակ վարչապետին շիրիմը:
Գերազանցօրէն ահաբեկչական՝ քաղաքական սպաննութեան զոհ գացած վարչապետին բացակայութիւնը Լիբանանի ճգնաժամի այս պահուն աւելի քան զգալի է: Հաւասարակշիռ ուղեգիծի եւ պետական մարդու տեսիլքին բացակայութիւնն է, որ այսօր կ՛ապրի Լիբանան:
Յարգանք իր անթառամ յիշատակին:
ՌԱԿ Լիբանան