Հայ պետականութիւնը այսօր կը գտնուի կենաց-մահու մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման (վերի երկու առաջնագիծերուն առումով) եւ մենք չունինք սխալելու պերճանքը։ Այդ թանկ «հաճոյք»ը մեզի համար չէ։ Մենք վաղուց սպառած ենք այդ լուսանցքը (ենթադրելով պահ մը որ ունէինք այդպիսի ապահովութիւն)։ Մենք «զէնքի տակ» ենք առանց բացառութեան. ուզե՞նք թէ չուզենք։
Առաջնագիծը ըլլայ՛ ռազմական, թէ դիւանագիտական։
Հայ պետականութեան պարտադրուեցաւ համաշխարհային տարողութիւն ունեցող պատերազմ մը ռուսական, Արեւմտեան եւ իսրայէլեան գերարդիական զինատեսակներու անխնայ եւ ապօրինի գործածութեամբ։ Հայ պետականութիւնը ենթարկուեցաւ ֆիզիքական եւ տնտեսական հսկայածաւալ փլուզումներու եւ հայրենազրկման։ Արցախի ինքնորոշման դատը – որ հայ անկախ պետականութեան լինելիութեան դատն է — այժմ մտած է դիւանագիտական փակուղի։ ԵՒ ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԵՐՏԷՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԹՈՅԼԱՏՈՒ ԱՉՔԵՐՈՒՆ ԱՌՋԵՒ։
Եւ այս բոլորը՝ կործանարար համաճարակի պայմաներուն մէջ։ Հետեւաբար, կարիք կա՞յ յիշեցնելու, որ լրջօրէն վտանգուած է մեր երկրի ապագան։ Մեր նորահաս սերունդներո՛ւ ապագան։ Մենք պէտք է վերաշինենք մեր երկրի կամուրջները արտաքին աշխարհին հետ։ Ասկէ նաեւ կը հետեւի, որ այսօր մենք առաջնահերթ խնդիր ունինք վերականգնելու Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան շէնքը, որպէսզի կարելի ըլլայ վերստին ամրագրել մեր տեղը աշխարհակարգի բարդ աղիւսակին մէջ։
Կարդացեք նաև
Վերոյիշեալ կացութիւնը կը պարտաւորեցնէ մեզ սեղան բերելու Հայաստանի Հանրապետութեան պետական դիւանագիտութեան խնդիրը։ Կը կրկնե՛մ. Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական մեքենան անքակտելի մասն է Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական համակարգին, որ մշտականօրէն համալրուած պէտք է ըլլայ կարող, փորձառու եւ արհեստավարժ կազմերով։
Այս առումով, կ՛ուզեմ հանրութեան ուշադրութիւնը սեւեռել Հայաստանի Հանրապետութեան Ուաշինկթընի դեսպանութեան բանալի դերակատարութեան վրայ։ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը մեծ տարբերութիւն մը ունի դիւանագիտական աշխարհի մնացեալ մասին հետ իր համեմատութեամբ։ Աշխարհի դիւանագիտական եռուզեռի ջղակեդրոնն է անիկա ոչ միայն Միացեալ Նահանգներու հետ Հայաստանի երկկողմ յարաբերութիւններու առումով, այլեւ ամբողջ աշխարհի հետ բազմակողմ յարաբերութիւններու կնճիռը վերահսկելու իր հասողութիւններով։ Միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ իրենց յաջող գործունէութեամբ գերակշռող երկիրները այն իսկ երկիրներն են, որոնք իրենց ամէնէն որակեալ դիւանագէտները կը հաւատարմագրեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային մայրաքաղաքին մէջ ծառայելու առաքելութեամբ։ Նոյն տրամաբանութեամբ, Ուաշինկթընի մէջ գործող դեսպանները յաճախ կը վայելեն արտաքին գործոց նախարարի զուգակից հեղինակութիւն իրենց կառավարութիւններէն ներս։
Յարգելով հանդերձ իրենց արտաքին գործոց նախարարներու հանգամանքը, անոնք յամենայն դէպս չեն դադրիր իրենց կառավարութեանց պետերու alter ego-ն ըլլալէ։ Անոնք կը դիտուին որպէս տուեալ երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւնը դարբնող դէմքեր իրենց արտաքին գործոց նախարարներու եւ վարչապետներու հետ միասին եւ նոյն վերին թիմին պատկանելու լիարժէք իրաւունքներով։
Ի նկատի ունենալով վերոյեշեալը, պէտք է անվարան բարձրաձայնել, երբ յանկարծ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը կ՛որոշէ որպէս դեսպան Ուաշինկթըն գործուղել դիւանագիտական ասպարէզին հետ դոյզն առընչութիւնն իսկ չունեցող քաղաքական գործիչ մը. այս պարագային՝ յանձին տիկ. Մակունցի։ Այսպիսի նշանակումը քաղաքական է իր բնոյթով եւ լրջօրէն կը տկարացնէ Հայաստանի եւ Արցախի բարդ դիւանագիտութեան յաջողապէս տիրութիւն ընելու մեր կարողութիւնը։
Ցարդ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանները Ուաշինկթընի մէջ իրենց պաշտօնը ստանձնած են առաջին օրէն իսկ լիարժէք պատրաստականութեամբ։ Անոնք եկած են բարձրորակ փորձառութեամբ։ Անոնք մարզուած դիւանագէտի համբաւ վայելած են Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի մեծապէս պահանջկոտ խաղաբեմին վրայ։ Ուաշինկթըն քաղաքական նշանակումներու տեղը չէ։ Այստեղ չեն գար սորվելու։ Ասիկա արհեստավարժ գործի հարթակն է։ Գերնուրբ յարաբերութիւններու մեղուային ոլո՛րտը՝ ուր դեսպանները պիտի տիրապետեն հարցերու պատմական յիշողութեան, քաղաքական բարդ գործընթացներու գիտութեան, համաշխարհային այս մայրաքաղաքի թաքուն բնազդներուն եւ յաւիտենապէս ձեւաւորուող տեղեկոյթի բազմաշերտ պաշարներուն։
Կարօ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթի այս համարում