Ինչպէս Հայաստանն ու Արցախը, Սփիւռքը եւս այսօր կը կրէ Հայաստանի իշխանութեան վարած քաղաքականութեան պատճառով արձանագրուած այն ծանր կորուստներու եւ անձնատուութեան յայտարարագրի հետեւանքները:
Ինքնարդարացման ուղիներ որոնող Հ.Հ. իշխանական վերնախաւի այն պնդումը, թէ իշխանութեան աթոռին կառչած ուժի հրաժարական տալու հարցը չունի հանրային պահանջ՝ ակնյայտ սուտ է, որովհետեւ հայ քաղաքական ու ազգային բեմին վրայ գործող գլխաւոր բոլոր ուժերը, ներառեալ սփիւռքեան, հրապարակային ու բարձրաձայն յայտնած են հեռանալու մասին իրենց կարծիքը, ատով իսկ ապացուցելով, որ ոչ միայն հանրային, այլ համազգային պահանջ կայ Հ.Հ. իշխանութիւններու հրաժարական տալուն:
Անցնող շուրջ երեք տարիներու ընթացքին Հ.Հ. իշխանութիւններու վարած աւերիչ քաղաքականութեան մասին շատ խօսուած է եւ հետեւանքները աւելի քան խօսուն են: Կանգ առնենք միայն Սփիւռքին վերաբերող հարցերուն վրայ եւ անկէ բխած սփիւռքեան օրակարգային ճշգրտումներու անհրաժեշտութեան վրայ:
ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ
Կարդացեք նաև
Հայաստանի վերանկախացման օրէն ի վեր Սփիւռքի բոլոր կազմակերպութիւնները, գրեթէ միաձայն, որոշում կայացուցած են, թէ անկախ Հայաստանի իշխանութիւններու հանդէպ իրենց վերաբերմունքէն, իրենք միշտ պատրաստ են նպաստելու հայ պետականութեան ամրապնդման, եւ իբրեւ այդպիսին՝ ազգային նշանակութիւն ունեցող խնդիրներու գծով աջակցած են իշխանութեան ներկայացուցիչներուն: Սակայն, վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ, ի յայտ եկաւ այն փաստը, որ «կարեւոր չէ, թէ ով է Հ.Հ. իշխանութիւնը, յանուն պետականութեան՝ ազգային նշանակութիւն ունեցող հարցերու գծով պիտի գործակցինք իշխանութեան հետ» սփիւռքեան այս բանաձեւը ինքզինք սպառած է, երբ նոյնինքն Հ.Հ. իշխանութիւնը դարձած է Հ.Հ. պետականութեան հիմքերը խարխլող ազդակ: Ուստի, նման իշխանութեան հետ նուազագոյն համագործակցութիւնը ոչ միայն չի նպաստեր պետականութեան ամրապնդման, այլ ուղղակի մասնակցութիւն է պետականութեան հիմքերու սասանման:
Սփիւռքեան ոչ մէկ կառոյց ի վիճակի չէ տրամաբանականօրէն հիմնաւորելու, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիմաց հայրենի սահմանները անպաշտպան թողած, թշնամաբար վերաբերող այս պետութիւններու հետ սիրավէպ քարոզող, ամբողջ սերունդի մը բնաջնջման պատճառ հանդիսացած իշխանութեան մը հետ որեւէ գործակցութիւն կրնայ ինչ որ չափով նպաստել հայրենի պետականութեան ամրապնդման: Ընդհակառակը, նման իշխանութեան հետ չգործակցիլն ու աւերիչ քաղաքականութեան հակադրուիլն է այն ուղիղ ներդրումը, որ Սփիւռքը կրնայ ունենալ հայրենիքի փրկութեան գործին:
ՀԱՇՈՒԵՏՈՒՈՒԹԻՒՆ
Առաջին կէտով պայմանաւորուած մօտեցումով մը, տարիներ շարունակ, Սփիւռքը հլու հնազանդ հետեւած է Հ.Հ. իրերայաջորդ իշխանութիւններու կամայականութեան եւ սիրայօժար իր ներդրումը կատարած է յանուն Հայաստանին ու Արցախին: Հակառակ տարբեր տեսակի չարաշահումներու մասին հիմնաւոր կամ անհիմն փաստարկներու, Սփիւռքը հանդուրժած է Հ.Հ. իշխանութիւններու հաշուետուութիւն չտալու վարքագիծը:
Կասկած չկայ, որ հայրենազրկուածութեան դառնութիւնը ճաշակած սփիւռքահայու մղումը ազնիւ հայրենասիրութիւնն է, որուն համար անսակարկ ներդրած է իր նիւթական, քաղաքական, ֆիզիքական ու մասնագիտական կարողականութիւնը: Անսակարկ նուիրաբերումի վերջին օրինակն էր պատերազմի ընթացքին Սփիւռքին կողմէ ցուցաբերուած անվերապահ աջակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ լայնածաւալ ցոյցերով, քաղաքական աշխատանքով ու նուիրատուութեամբ:
Հայաստանի երեսնամեայ պատմութեան մէջ, ոչ մէկ իշխանութիւն չէր վայելած սփիւռքեան նման միահամուռ աջակցութիւն: Սակայն, յաջորդող օրերը եկան աւելի շեշտուած կերպով ապացուցելու Սփիւռքի ներդրումին կապակցութեամբ հայրենի իշխանութեան հաշուետուութեան ի սպառ բացակայութիւնը, երբ տարիներու քաղաքական հսկայածաւալ աշխատանքի մը ողջ արդիւնքը զէրոյի հաւասարեցաւ, ճիգով ու աշխատանքով շէնացած տարածքներ անհասկնալի տրամաբանութեամբ թշնամիին յանձնուեցան եւ յատուկ նպատակի մը համար հաւաքուած բազմամիլիոն գումարներ գրիչի մէկ հարուածով պետական պիւտճէ փոխանցուեցան, առանց ոչ մէկ բացատրութեան ու հաշուետուութեան:
Այս եւ գալիք բոլոր իշխանութիւններուն համար հասկնալի պէտք է դարձնել, որ նոյնիսկ եթէ իրենց ձեւաւորման մէջ ըսելիք չունի Սփիւռքը, բայց անոր աջակցութիւնը պայմանաւորուած է յստակ, թափանցիկ ու հիմնաւոր հաշուետուութեամբ:
Խաժակ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում