Նիկոլ Փաշինեան խոստացած էր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացնել 2021-ին։ Քայլ մը, որ ընդդիմութեան կողմէ ընդունելի չէր այն առումով, որ ընդդիմութիւնը ոչ մէկ կերպով համաձայն էր ներկայ իշխանութեան կազմակերպած ընտրութիւններուն մասնակցելու: Այսուամենայնիւ առաջարկուածը Փաշինեանին կողմէ նախաքայլ էր տեղի տալու առկայ ճնշումներուն:
Պարզուեցաւ, որ խոստումը հերթական սուտ մըն էր, ժամանակ շահելու: Արդարեւ Փետրուար 7-ին՝ Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը, ըստ իր յայտարարութեան, հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ: Հանդիպման հետեւանքով, խմբակցութիւնը մերժած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու երթալ, այն պատճառաբանութեամբ, որ վարչապետի սոյն առաջարկը դրական արձագանգ չէ ստացած խորհրդարանական ընդդիմութեան կողմէն։ Հետեւաբար «Իմ Քայլը» իր զօրակցութիւնը կը յայտնէր վարչապետին եւ կառավարութեան, որոնք հիմնուելով «Իմ Քայլ»ի զօրակցութեան վրայ՝ «ճարահատ» ստիպուած պիտի ըլլան մնալու իշխանութեան վրայ…:
Սոյն բեմադրութեամբ, ժողովուրդին ձեռք առնելու արուեստի վարպետ երկրին գլխաւոր ղեկավարը անգամ մը եւս փաստեց, որ ինք անվստահելի անձ է ինչ կը վերաբերի խոստում յարգելու: Ան անգամ մը եւս հաստատեց, որ ինք լաւ իւրացուցած է մէկ ձեռքով տալու իսկ միւսով ետ առնելու աճպարարական ձիրքը: Որո՞ւն համար գաղտնիք է, թէ «Իմ Քայլը» կոչուած խորհրդարանական խմբակցութիւնը, որ պատմական թիւրիմացութեան մը շնորհիւ հասաւ խորհրդարան, պարզապէս հլու կամակատարն է զինք այնտեղ հասցնող անձին: Հետեւաբար հեշտ է օր մը բան խոստանալ իսկ միւս օր խոստումէն հրաժարիլ այն պատճառաբանութեամբ, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը մերժած է առաջարկը…:
Կարծէք այսքան կեղծիք չէր բաւեր: Խորհրդարանական մեծամասնութեան յայտարարութենէն անմիջապէս ետք Փաշինեան հանդէս եկաւ 15 կէտերէ բաղկացած «ճանապարհային քարտէսով» մը՝ իր իշխանութեան յաջորդ ամիսներուն «իրագործելիք» ծրագիրներուն մասին, որ խորքին մէջ ոչ մէկ նոր բան կը պարունակէ: Իրականութեան մէջ ան ոչինչ է բացի ժողովուրդին քիթին խնդալէն:
Կարդացեք նաև
Թէ այս լարախաղացութիւնը մինչեւ ո՞ւր կրնայ շարունակուիլ յստակ չէ, մանաւանդ, որ Փաշինեան բախտաւոր է այն փաստով, որ ընդդիմութեան բաղադրութիւնը եւ աշխատանքի ձեւն ու ոճը աւելի կը նպաստեն Փաշինեանի իշխանութեան երկարաձգումին քան հրաժարականի մղումին…: Սակայն կայ մէկ յստակ բան, որ «Իմ Քայլ»ի յայտարարութիւնը կրնայ հետեւանքը ըլլալ այն տուեալներուն, թէ իրենց վարկը այնքան ինկած է, որ անկարելի է արտահերթ ընտրութիւններու կայացումով վերարտադրուիլ: Հետեւաբար պէտք է իշխանութիւնը ամէն գնով ձեռքի մէջ պահել, ի պահանջեալ հարկին՝ Վարչապետի կողմէ նոր խոստումներով կամ առաջարկութիւններով եւ Ազգային Ժողովի այպէս կոչուած մեծամասնութեան կողմէ իբր թէ զայն մերժելու բեմադրութիւններով…:
Սեւակ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ Օրաթերթի
Գլխաւոր Խմբագիր