Եթէ ֆոսֆորային զէնքեր գործածուեցան, զանոնք գործածելու հրաման տուողներ եղան: Ուրեմն յաչս ինքզինք յարգող միջազգային հանրութեան, իրաւունքի եւ ընդունուած օրէնքներու, մարդկութեան եւ բնութեան դէմ ոճիր գործած յանցաւորներ կան:
Ոչ Ապահովութեան Խորհուրդի, ոչ ալ Մ․Ա․Կ․-ի անդամները, ոչ ալ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի դրացի երկիրները չեն կրնար անտեղեակ չըլլալ: Տեղեակ են նաեւ անոնք որոնք մեզի բարեկամ կը համարուին: Չեմ խօսիր դաշնակիցի կամ դաշնակիցներու մասին, որովհետեւ մեր ժողովուրդի քաղաքական ներկայ կացութեան եւ յարաբերութիւններու քարտէսին վրայ գթացողէ եւ մխիթարողէ տարբեր որակով դաշնակից չունինք:
Հարցում. բառին իսկական իմաստով տեղ մը դաշնակից ունի՞նք:
Այս բոլոր ըսելէ ետք, որպէս հայ, որպէս մարդ, կ’ուզեմ գիտնալ, թէ այս ֆոսֆորային զէնքի գործածութեան հարցը հեռատեսիլային պատկերներու սփռումէն ետք, տեղ մը քաղաքական արժէքով բողոքի առարկայ եղա՞ւ, պիտի ըլլա՞յ: Միջազգային դատական ատեանի մը մօտ միջազգային իրաւունքի հիմնաւորումներով ամբաստանութիւն պիտի ըլլա՞յ: Եւրոպական Խորհուրդի ժողովին Հայաստանի պատուիրակները խօսեցան բանտարկեալներու մասին: Ինչո՞ւ չի խօսուիր քիմիական զէնքով գործուած միջայգայնօրէն դատապարտելի նախայարձակման մասին:
Կարդացեք նաև
Քառասունչորսօրեայ պատերազմի ընթացքին գործածուած ֆոսֆորսոային զէնքի ոճրային միտումը պիտի արձանագրուի որպէս սոսկ դիպուա՞ծ, թէ՞ Հայաստան, նաեւ Սփիւռքը, պիտի միջազգայնացնեն զայն, պահանջեն անոր դատապարտութիւնը:
Այնքա՜ն հայ եւ հայածնունդ փաստաբաններ կան աշխարհի մէջ:
Թերեւս այս ընելու համար մենք պէտք է գիտնանք մեր գլուխը վեր հանել ներքաղաքական անելանելի դարձած տագնապներէն, մնայուն դարձած ներքին ախտաւոր պայքարներէն:
Ունենալ ազգային-քաղաքական որակաւոր կեցուածք:
Հարկ է իրենց պատասխանատուութեան առջեւ կանգնեցնել բոլոր անոնք որոնք այլ պարագաներու աղմկարարութեամբ հանդէս կու գան մարդկութեան դէմ գործուած եւ պատերազմական ոճիրներու հարցերով:
Յ. Պալեան
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթի այս համարում